«Սաւուղ իր որդիին Յովնաթանին ու իր բոլոր ծառաներուն ըսաւ, որ Դաւիթը մեռցնեն» (Ա.Թգ 19.1):
Սաւուղ կը նախանձէր Դաւիթէն, որովհետեւ Տէրը իր հետը չէր, բայց Դաւիթին հետն էր: Տէրը Սաւուղին հետ չէր, որովհետեւ Աստուծոյ սիրտին պէս սիրտ չունէր:
«Նորէն պատերազմ եղաւ ու Դաւիթ ելաւ Փղշտացիներուն հետ պատերազմեցաւ ու անոնց մեծ կոտորած մը ըրաւ: Անոնք անոր առջեւէն փախան: Տէրոջմէն չար ոգի եկաւ եւ անիկա իր տունը կը նստէր ու նիզակը իր ձեռքն էր, Դաւիթ ալ իր ձեռքով նուագարանը կը զարնէր: Եւ Սաւուղ ուզեց, որ Դաւիթը նիզակով զարնէ ու պատին գամէ. բայց անիկա Սաւուղին երեսէն մէկդի քաշուեցաւ: Սաւուղը նիզակը պատին զարկաւ, բայց Դաւիթ փախաւ եւ այն գիշերը ազատեցաւ» (Ա.Թգ 19.8-10):
Սաւուղին վրայ չար ոգիին գալը սխալ նկարագիրի արդիւնք էր եւ արտօնուած էր Աստուծոյ կողմէ:
Ա.Թգ 19.2-5-ին մէջ Յովնաթան փորձեց Սաւուղը անմեղ արիւն թափելէ ետ պահել: Յովնաթան Տիրոջ ձայնն էր եւ Սաւուղ ժամանակուան մը համար համոզուեցաւ, բայց իր սխալ խորհուրդերուն պատճառաւ՝ չկրցաւ զսպել ինքզինքը, իր նախանձը եւ հպարտութիւնը եւ այդ պատճառով նիզակը առնելով՝ ուզեց Դաւիթը պատին գամել:
«Բայց Սաւուղ Դաւիթին տունը մարդիկ ղրկեց, որպէսզի զանիկա պաշարեն ու առաւօտուն մեռցնեն: Սակայն Դաւիթին կինը՝ Մեղքող՝ անոր իմացուց ու ըսաւ. “Եթէ այս գիշեր քու անձդ չապրեցնես , վաղը քեզ պիտի մեռցնեն”» (Ա.Թգ 19.11):
Սաւուղ ղրկեց զինուորներ Դաւիթը սպաննելու համար: Այդ զինուորները պէտք էր Դաւիթին հետ թշնամիին դէմ պատերազմէին եւ Սաւուղ այս ընելով՝ բանակին մէջ բաժանում ստեղծեց:
«Եւ Սաւուղ Մեղքողին ըսաւ. “Զիս ինչո՞ւ համար այսպէս խաբեցիր ու իմ թշնամիս թող տուի որ ազատուի”: Մեղքող Սաւուղին ըսաւ. “Անիկա ինծի ըսաւ. ‘Թող տուր զիս որպէսզի երթամ. ինչո՞ւ մեռցնեմ քեզ’” (Ա.Թգ 19.17):
Մարդկային Օգնութիւն
Դաւիթ կը գործէր իր օգնականին՝ Յովնաթանին հետ եւ ուրիշ սխալ խորհուրդներու գերի չէր ըլլար...
Տիրոջ Ներկայութեան Մէջ Ապաստան (Ա.Թգ 19.18-24)
Դաւիթ երբ փախաւ, Սամուէլ մարգարէին քով գնաց, Աստուծմով ապաստան փնտռեց: Դաւիթ հոն ապահով զգաց: Ան հաւատաց Աստուծոյ ներկայութեան եւ Անոր տալիք ապահովութեան, վստահեցաւ եւ իրապէս ալ պահպանուեցաւ:
Երբ Սաւուղին զինուորներուն առաջին խումբը Սամուէլի եւ մարգարէներուն մօտեցաւ, Սուրբ Հոգիին ազդեցութեան տակ զինուորները մարգարէանալու սկսան. Երկրորդ խումբին եւ երրորդ խումբին ալ նոյնը պաատահեցաւ եւ Դաւիթ անվնաս մնաց, որովհետեւ Դաւիթ հոն հաւատքով ապաստան գտած էր:
Երբ Սաւուղ անձամբ գնաց, Սուրբ Հոգին իր վրայ ալ եկաւ եւ ինք ամբողջ գիշեր, մերկ, գետինները մարգարէութիւն կ'ընէր... Հաւանաբար ինքն իր մասին կը մարգարէանար: Հաւանաբար Դաւիթին թագաւոր ըլլալուն մասին կը մարգարէանար:
Կոչում մը շատ հալածանքներ եւ դժուար պայմաններ կրնայ ունենալ, բայց կոչումի Տէրը Աստուծոյ ներկայութեան մէջ, Անոր խօսքին եւ Անոր մարդոց քով մի՛շտ ապահով պիտի մնայ: