Ե՞րբ պիտի գայ Յիսուս:
Ոչ ոք գիտէ օրը կամ ժամը, սակայն գիտենք, թէ Հայրը ըսաւ Որդիին, որ նստի Իր աջ կողմը, մինչեւ բոլոր թշնամիները Անոր ոտքին պատուանդանին տակ դնէ: Այդ մասին Գրծ 3.21-ին մէջ ալ կը կարդանք. «Որ Երկինքի մէջ պիտի մնայ, մինչեւ գայ ժամանակը՝ երբ ամէն ինչ պիտի վերանորոգուի, այնպէս՝ ինչպէս Աստուած սկիզբէն ի վեր յայտնեց իր սուրբ մարգարէներուն բերնով» (Ն.Թ.):
Յիսուս պիտի գայ երբ ամէն ինչ վերանորոգուի եւ ամէն ծունկ ծռի Իր առջեւ:
Անշուշտ ամէն չարութիւն պիտի չվերջանայ մինչեւ Անոր գալը: Մտ 13.31-32-ի առակին մէջ Յիսուս կը բաղդատէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ամենափոքր հատիկին հետ, որ վերջաւորութեան ամենամեծը պիտի ըլլայ: Մենք գիտենք, թէ այդ ատեն թշնամի պիտի ըլլայ, որովհետեւ թշնամին իր որոմը ցանած պիտի ըլլայ (Մտ 13.36-43):
Երբ Յիսուս գայ, պիտի գայ զօրութեամբ ու դատաստանի համար, եւ պիտի զատէ հարթը՝ ցորէնէն, այծը՝ ոչխարներէն, գէշ հունտը՝ լաւէն: Տիրոջ երկրորդ գալուստին օրը, թէեւ ամէն մարդ Քրիստոնեայ դարձած պիտի չըլլայ, բայց ամէն մարդ առիթը ստացած պիտի ըլլայ Անոր մասին լսելու եւ իր պատասխանը տալու Աւետարանին:
Հարոլտ Ռ. Էպըրլի (Harold R. Eberle) եւ Մարթին Թրենչ (Martin Trench) կ'ըսեն, թէ Աստուծոյ թագաւորութեան տարածուելուն մասին ճիշդ ըմբռնումը չունէին, եւ այդ պատճառով ապագայ կատարումի (futurist) գաղափարը ընդունած՝ կը սպասէին:
Անոնք կ'ըսեն, որ իրենց միտքին մէջ Ես 60.1-2-ին իմաստը, այսինքն՝ Քրիստոսի գալէն առաջ Եկեղեցիին դերը եւ անոր փառքով բարձրանալը հասկնալը ժամանակ առաւ:
«Ելի՛ր, լուսաւորուէ՛. քանզի քու լոյսդ եկաւ ու Տէրոջը փառքը քու վրադ ծագեցաւ: Վասն զի ահա խաւարը՝ երկիրը ու մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ, բայց քու վրադ Տէրը պիտի ծագի եւ անոր փառքը քու վրադ պիտի երեւնայ» (Ես 60.1-2):
Անոնք կ'ըսեն, թէ Աստուծոյ տուած խոստումը իրենց յոյսը բարձրացուցած է եւ սկսած են սաւառնիլ:
Մենք սկսանք տեսնել յաղթական եկեղեցին խաւար աշխարհին մէջ: Գաղափարը աւելի եւս կը յստականայ երբ կը կարդանք Ես 60.3-ը:
«Ազգեր քու լոյսիդ պիտի գան եւ թագաւորներ՝ քու վրադ ծագած պայծառութեանը»:
Ատիկա կը նշանակէ, թէ երկիրը աւելի եւ աւելի խաւար պիտի չըլլայ, որովհետեւ երկիրը եկեղեցիին վրայ ծագած լոյսին պիտի գայ:
Կ'ըսեն նաեւ, թէ Աստուծոյ խոստումները միշտ ալ եղած են, բայց մինչեւ որ իրենք իրենց նայուածքը չեն փոխած, չեն տեսած եւ չեն իմացած այդ մէկը:
Աստուած Իր Որդիին Խոստացաւ (Սղ 2.8)՝«Խնդրէ՛ ինծմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ ու երկրի ծայրերը քեզի ստացուածք»:
Յիսուս կը ներկայանայ իբրեւ Թագաւոր: Ան փառքով կ'երեւի, Յովհաննէս կը լսէ տօնակատարութիւն ընելու առաջարկը.
«Եւ լսեցի ձայն մը մեծ բազմութեան ձայնի պէս ու շատ ջուրերու ձայնի պէս ու սաստիկ որոտումներու ձայնի պէս, որոնք կ'ըսէին. “Ալէլուիա՜, վասն զի [մեր] Ամենակալ Տէր Աստուածը թագաւորեց: Խնդա՛նք եւ ուրախանա՛նք ու փա՛ռք տանք անոր, քանզի Գառնուկին հարսանիքը հասաւ ու անոր կինը ինքզինք պատրաստեց”» (Յյտ 19.6-7):
Ասոնցմէ Ետք Փեսան Կու գայ (Յյտ 19.11-14)
«Տեսայ երկինքը բացուած եւ ճերմակ ձի մը: Անոր վրայ հեծնողը Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ կը կոչուի: Արդարութեամբ դատաստան կը տեսնէ ու կը պատերազմի: Անոր աչքերը կրակի բոցի պէս էին: Անոր գլխուն վրայ շատ թագեր կային ու գրուած անուն մը ունէր, որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ինք: Արիւնով ներկուած հանդերձ մը հագեր էր: Անոր անունը Բանն Աստուծոյ էր: Երկնքի մէջ եղող զօրքերը անոր ետեւէն կ'երթային ճերմակ ձիերով, ճերմակ մաքուր բեհեզներ հագած»:
«Անոր բերնէն սրած սուր մը կ'ելլէր, որպէսզի անով ազգերը զարնէ ու ինք երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէ զանոնք ու ամենակալ Աստուծոյ սաստիկ բարկութեանը գինիին հնձանը ինք պիտի կոխէ: Եւ իր պատմուճանին վրայ ու իր ազդրին վրայ գրուած գիր մը ունէր. “ԹԱԳԱՒՈՐ ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ ԵՒ ՏԷՐ ՏԵՐԱՆՑ”»: