Աստուած իր խօսքին կը հսկէ: Ան բնաւ իր խոստումէն ետ չէ դարձած եւ բնաւ պիտի չդառնայ: Պէտք է մենք բռնուինք իր խոստումին:

Աստուած լրտեսներ կը ղրկէ Քանանի երկիրը (Թւ 13.1-4)

Թուոց 13-ին մէջ Աստուած Մովսէսին կը թելադրէ որ լրտեսներ ղրկէ Քանանի երկիրը, այսինքն խոստացուած երկիրը:

Աստքուած մեզի ալ խոստացած է հոգեւոր Քանան, բայց բոլորս ալ կ'ունենանք պատեր: Խոստացուած երկիրը մեր մարմինն ու շունչն է. Թէեւ փրկուեցանք բայց պէտք է մեր մարմիններոււն ու զգացումներուն վրայ Աստուծոյ յաղթութիւնը վայելենք, այլապէս խոստացուած երկիրը լման գրաւած չենք ըլլար: Ատոր համար, մենք ամէ՛ն օր կ'աշխատինք փրկութիւնը մեր մարմինին ու շունչին անցնելու համար:

Աստուծոյ նպատակը

Աստուած Քանանի երկիրը Իսրայէլացիներուն խոստացած էր եւ զանոնք հրաշքներով Եգիպտոսէն հանած էր հոն տանելու համար:

«Եւ ղրկեց զանոնք Քանանի երկիրը լրտեսելու ու ըսաւ անոնց.'Այս հարաւային կողմէն դէպի վեր երթալով, լեռը ելէ՛ք եւ այն երկրին ինչպէս ըլլալը ու հոն բնակող ժողովուրդին զօրաւոր կամ տկար, քիչուոր կամ շատուոր ըլլալը տեսէ՛ք» (18-19):

Աստուած գիտէր ի՞նչպէս էր այդ երկիրը, բայց ըսաւ որ երթան որ լրտեսեն, որովհետեւ իրենք պէտք ունէին ճանչնալու թէ Աստուած, իր խոստումին հետ կապուած, ի՞նչ կ'ուզէր ընել:

Պիտի տեսնէին թէ թշնամին ո՞վ է, ի՞նչպէս կ'ապրի եւ թէ Աստուած ի՞նչ պիտի ընէ: Այս գործին համար Աստուած ամենէն իմաստուններ ղրկեց (13.3):

Լրտեսներուն Յուսահատութիւնը

Ընտրուած մարդիկը գացին Քանանի երկիրը ու տեսան Ենակի որդիները, որոնք հսկաներ էին (22-23): Սատանան այդ հսկաները կը գործածէր իր ուզածին պէս եւ մարդոց վրայ վախ կը բանեցնէր:

Երբ քառասուն օր ետք լրտեսները վերադարձան, հետեւեալը պատմեցին. «Գացինք այն երկիրը, ուր ղրկեցիր. Իրաւցընէ կաթ ու մեղր կը բղխի հոն: Ահա անոր պտուղը: Բայց այն երկրին մէջ բնակող ժողովուրդը զօրաւոր է եւ քաղաքները պարսպապատ ու խիստ մեծ են. Նաեւ հոն Ենակի որդիները տեսանք» (28-29):

Ասիկա յուսահատութեան «բայց» էր եւ ո՛չ վաստահութեան: Անոնք երկիրէն տպաւորուած էին, բայց Ենակի որդիներէն վախցած էին:

Քաղէբի Պատասխանը

Քաղէբ զանոնք լրեցուց ու ըսաւ.«Աղէ՜կ՛ ելլե՛նք ու ժառանցենք զայն. Քանզի մենք անշուշտ կրնանք անոր տիրել» (31):

Մինչ բոլորը «ո՛չ» կ'ըսէին, Քաղէբ «այո՛» ըսաւ: Այսպիսի մարդիկ են որ Աստուծոյ գործը կը լրացնեն:

Միւսները տակաւին ըսին որ թշնամին իրենցմէ զօրաւոր էր՝ «այնպէս որ մենք մեր աչքին մարախի պէս երեւցանք եւ այնպէս ալ անոնց աչքին երեւցանք» (34): Իրենք իրենց մարախ կոչեցին. մոռցան իրենց ինքնութիւնը եւ Աստուծոյ հրաշքները ու մարախի ինքնութիւն հագան:

Աստուծոյ խոստումը փառաւոր էր սկիզբէն, բայց իրենք մոռցան ատիկա: Խոստումը բնաւ պայմաններէն կախեալ չէ, այլ Աստուծոյ խօսքին բռնուելէն:

Երբ մեր առջեւ պարիսպ ելլէ, Աստուծոյ խօ՛սքը հռչակենք այդ պարիսպին վրայ, որովհետեւ Աստուծոյ խօսքը յաղթութիւն է:

Նախորդ Հրապարակում Դաւիթի Ճամբորդութիւնը Դէպի Գահ (Ա. Թագաւորաց 19.1-24)
Յաջորդ Հրապարակում Վախճանաբանութիւն - Յիսուսի Հազարամեայ Թագաւորութիւնը (Յայտնութիւն Յովհաննու 20)