Գրծ 19.1-8-ին մէջ կը կարդանք դէպքի մը մասին, որ ցոյց կու տայ, թէ Սուրբ Հոգին բնաւ չի բաւարարուիր, որ դուն Իրեն համար տաճար կոչուիս միայն (տե՛ս Ա.Կր 6.19): Հապա Ան կ'ուզէ, որ Իրմով լեցուած, փոխուած, զօրացած, կեանքի պատգամը ապրող եւ զայն ուրիշին ալ փոխանցող ըլլաս (տե՛ս Բ.Կր 5.17-18):
Սուրբ Հոգին կ'ուզէ, որ դուն ըլլաս ինչ որ Ինք է.
- Լոյսէն՝ լոյս
- Սրբութենէն՝ սուրբ
- Արդարութենէն՝ արդար
- Ծառայութեան մակարդակէն՝ ծառայ
Այսօր Սուրբ Հոգին նոյն փափաքը ունի:
Ան կ'ակնկալէ, որ դուն ըլլաս Իր լեցունութեան ներկայացուցիչը եւ կարենաս ներկայացնել Յիսուսը ճիշդ այն չափով, որ Ան իրապէս է:
«Սուրբ Հոգին առի՞ք՝ երբ հաւատացիք» (Հմր 1-2)
- Փոխակերպուիլ
- Ազատ ըլլալ
- Յաղթող ըլլալ
- Բժշկուիլ
- Ազատագրուիլ
- Փառաբանել
- Մարգարէանալ
Այդ հարցումը Պօղոս առաքեալ հարցուց երբ կը շրջէր Եփեսոսի կողմերը: Ան Տիրոջ աշակերտած մարդիկ գտնելով՝ հարցուց. «Սուրբ Հոգին առի՞ք՝ երբ հաւատացիք»:
Հարցումէն կը նկատենք, թէ Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի մէջ Տիրոջ հետեւորդներ գտնելու իրականութեամբ միայն չբաւարարուեցաւ, հապա ուզեց գիտնալ եթէ Սուրբ Հոգին առեր էին երբ հաւատացած էին:
Պօղոսի միտքին մէջ հաւատալը Սուրբ Հոգին առնելու եւ հաւատքի կեանքը ապրելու սկիզբն էր (ուղղակիօրէն անոր հետ կապուած էր):
Պօղոս առաքեալի համար, կարծես հաւատացեալ ըլլալը կամ Յիսուսի պատկանիլը յստակ չըլլար նախքան Սուրբ Հոգին ունենալը (Հռ 8.9):
Ըստ Պօղոս առաքեալի, Սուրբ Հոգին ունենալ կը նշանակէ.
- Փոխակերպուիլ (Բ.Կր 3.17-18)
- Ազատութիւն (Բ.Կր 3.17-18)
- Սատանային դէմ յաղթութիւն (Ա.Յհ 4.4)
- Բժշկուիլ (Հռ 8.11)
- Ցանկութիւններէ եւ կիրքերէ ազատագրութիւն (Հռ 8.9)
- Փառաբանել (Գրծ 10.44)
- Մարգարէանալ (Գրծ 9.6)
- Հալածել թշնամին (Ես 59.19)
Սուրբ Հոգի Կա՞յ (Հմր 2)
«[...] Նոյնիսկ չենք լսած թէ Սուրբ Հոգի կայ»:
Ներկայ ժամանակներուն ալ կը հանդիպինք նման պայմաններու: Ուսուցումներ չեն տրուած, եւ մարդիկ չեն գիտեր Սուրբ Հոգիով կեանքը ապրելու կարեւորութիւնը:
Սուրբ Հոգին Ստանալու Նշանը (5-6)
«Պօղոս հարցուց. Հապա ինչո՞վ մկրտուեցաք: Պատասխանեցին. “Յովհաննէսի մկրտութեամբ”: Եւ Պօղոս ըսաւ. “Յովհաննէս ժողովուրդը մկրտեց մկրտութեամբ մը՝ որ մարդիկը ապաշխարութեան կը հրաւիրէր, բայց կ'ըսէր որ հաւատան անոր՝ որ իրմէ ետք պիտի գար, այսինքն՝ Յիսուս Քրիստոսին”: Եփեսացիները ասիկա լսելով, Տէր Յիսուսի անունով մկրտուեցան: Իսկ երբ Պօղոս ձեռքը դրաւ անոնց գլխուն, Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ, անծանօթ լեզուներ կը խօսէին ու կը մարգարէանային: Անոնք ընդամէնը շուրջ տասներկու հոգի էին» (Հմր 3-7):
Երբ մկրտուեցան, Պօղոս ձեռք դրաւ անոնց վրայ եւ Սուրբ Հոգին իջաւ.
- Լեզուներ խօսելու սկսան՝ որպէս այցելութեան բացայայտ նշաններէն մէկը:
- Սկսան մարգարէանալ, այսինքն՝ Տիրոջ կողմէ սկսան խօսիլ եւ մարգարէանալ:
- Սուրբ Հոգիին իջնելը առանց երեւելի նշաններու պատահած դէպք մը չէր բնաւ, հապա՝ լեզուներ խօսիլ (հմմտ Ա.Կր 14.1-4), մարգարէանալ ու եկեղեցիին աճման օգուտ բերել էր (Ա.Կր 14.24):
Հոգեւոր Արտադրութիւն
Մօտ երեք ամիս շարունակ Պօղոս ժողովարան կը մտնէր եւ կը սորվեցնէր: Երբ քանի մը հոգիներ սկսան յամառիլ եւ հակառակութիւն սկսաւ, Պօղոս քաշուեցաւ եւ Տիրան անունով մէկու մը դպրոցին մէջ շարունակեց սորվեցնել: Երկու տարի շարունակ սորվեցուց, մինչեւ որ Ասիա նահանգի բոլոր բնակիչները Յիսուսի մասին լսեցին:
- Տասներկու հոգիով սկսաւ... եւ ամբողջ Ասիա նահանգը լսեց Աւետարանը:
- Տասներկու հոգիով չբաւարարուեցաւ, հապա՝ Խօսքը բոլորին հասցուց:
- Պօղոս մերժողներուն հետ ժամանակ չկորսնցուց, հապա կեդրոնացած էր ընդունողներով երկիրը Տիրոջ համար գրաւելու վրայ:
Արտասովոր Հրաշքներ (11-12)
- Աստուծոյ խօսքը քարոզել
- Խօսքը սորվեցնել
- Արտասովոր հրաշքներ տեսնել
«Աստուած Պօղոսի ձեռքով արտասովոր հրաշքներ կը գործէր»:
Աստուծոյ խօսքը սորվեցնելը եւ տարածելը Պօղոսը զօրացուցին եւ դարձուցին արտասովոր հրաշքներու կեդրոն մը: Պօղոսի քրտինքոտ թաշկինակները եւ գործի հագուստները օծութիւն եւ բժշկութիւն փոխանցելու միջոցներ եղան. չար ոգիները դուրս կ'ելլէին մարդոցմէ:
Սուրբ Հոգին Նախանձոտ է (13-16)
- Կը պատուէ հաւատացեալները:
- Կը պատուէ ծառայութիւնները:
- Կը պատուէ Յիսուսի գործը:
Քանի մը անհաւատ երդմնեցուցիչ հրեաներ, յանդգնեցան առանց Յիսուսը ընդունելու Անոր անունը գործածելով դեւեր հալածել: Սուրբ Հոգին մերժեց այդ գաղափարը եւ հաւատացեալներուն հանդէպ Իր նախանձին կառչած մնաց:
Սուրբ Հոգին մերժեց, որ Յիսուսի գործին պատիւը աղաւաղուի թշնամիին ձեռքով կամ կողմէ:
Խօսքին Տարածուելով (17-20)
Սուրբ Հոգիին միջոցաւ՝ Յիսուսի պատկանողները եւ թշնամիին պատկանողները ճանչցուեցան:
Պիղծ ոգիները բոլորին դիմաց Յիսուսի եւ ծառաներուն իշխանութիւնը խոստովանեցան՝ բացայայտօրէն յայտարարելով:
Այդ բոլորը հաւատք եւ վստահութիւն ներշնչեցին եկեղեցիին (հմմտ Ա.Թս 1.5):
Եթէ կարդանք եփեսացիներուն ղրկուած Պօղոս առաքեալի նամակը եւ հասկնանք այդ նամակին ղրկուելուն պատճառը, պիտի նկատենք, թէ Եփեսոսը կախարդութեան կեդրոն մըն էր, եւ եփեսացիները կախարդութեան դէմ դնելու մտահոգութիւնը ունէին: Սակայն կը տեսնենք, թէ Խօսքին տարածուելէն ետք.
- Սկսան հաւատացեալներուն ձեռքով կատարուիլ հրաշքներ:
- Սկսան կախարդները ապաշխարել:
- Վառեցին իրենց քով գտնուող կախարդութեան գիրքերը, որոնց արժէքը յիսուն հազար արծաթ դահեկան էր, այսինքն՝ 10,000 ամ. տոլար:
- Տիրոջ խօսքը մեծապէս կ'աճէր:
Խօսքին տարածուելովը մենք ալ աշխարհի վրայ պիտի տեսնենք մեծամեծ հրաշքներ եւ ճեղքումներ (հմմտ Ա.Թս 1.5, 2.13):