Գրծ 21.1-16-ին մէջ կը կարդանք երեւոյթի մը մասին, որ մինչեւ այսօր յաճախ կը տեսնուի եկեղեցիներու մէջ եւ անոր պատճառով հաւատացեալներ եւ ոչ-հաւատացեալներ անորոշ կամ շփոթի վիճակի մը մէջ կ'ըլլան եւ շատ անգամ սխալ ձեւով կը վարուին:

Ճիշդ ատոր համար ալ, ես միշտ կը թելադրեմ, որ մեր նուիրումը կերտենք, որպէսզի մեր նուիրումը զգացական ձեւով չարտայայտուի, հապա ըլլայ Տիրոջ հետ հանդիպում վայելող եւ Անով առաջնորդուող:

Պօղոս առաքեալ Եփեսոսէն նաւ ելաւ դէպի Երուսաղէմ: Ան ճամբորդութեան ատեն հանդիպեցաւ քանի մը տեղ, որոնցմէ մէկը Տիւրոսն էր, ուր մնաց եօթը օր: Այդ տեղի հաւատացեալները «Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ Պօղոսին կ'ըսէին, որ Երուսաղէմ չերթայ»:

  • Անոնք Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած էին:
  • Ըլլալիքը ճիշդ ձեւով հասկցած էին:
  • Պօղոս ալ գիտէր, բայց ատիկա չերթալու պատգամ չնկատեց:

(Հմր 8) Յաջորդ օրը ճամբայ ելան եւ մէկ օր Պտոլեմայիս մնալէ ետք, հասան Կեսարիա, Փիլիպպոս աւետարանիչին տունը:

(9) Փիլիպպոս չորս աղջիկ ունէր, որոնք մարգարէութիւն կ'ընէին:

(10) Բաւական ժամանակ ետք, «Հրէաստանէն Ագաբոս անունով մարգարէ մը եկաւ»:

(11) «[…] Պօղոս գօտին առաւ եւ անով ինքն իր ոտքերն ու ձեռքերը կապելով, ըսաւ. “Սուրբ Հոգին այսպէս կ'ըսէ. ‘Երուսաղէմի մէջ հրեաները այսպէս պիտի կապեն […] այն անձը, որուն կը պատկանի այս գօտին’”»:

(12) Այդ որ լսեցին, բոլորն ալ անմիջապէս Պօղոսին ըսին, որ չերթայ Երուսաղէմ:

(13) Պօղոս պատասխանեց. «Ինչո՞ւ այդպէս կու լաք եւ իմ սիրտս ալ կը ճմլէք»: Եւ շարունակեց ըսելով. «Որովհետեւ Տէր Յիսուսի սիրոյն համար ոչ միայն կապուելու, այլ մեռնելու իսկ պատրաստ եմ Երուսաղէմի մէջ»:

(14) Բայց «Երբ չուզեցին համոզուիլ՝ լռեցինք. ըսինք. “Տիրոջ կամքը թող ըլլայ”»:

  • Պօղոսի համար կապուիլը արդէն Տիրոջ կամքն էր:
  • Երբ հաւատացեալները իրենց պնդածը չկրցան յաջողցնել, ըսին՝ «Տիրոջ կամքը թող ըլլայ»:
  • Պօղոսի եւ հաւատացեալներուն մտածելու ձեւին եւ մարգարէութիւնը մեկնաբանելու ձեւին մէջ տարբերութիւն կար, որ կիրառման դաշտին վրայ մեծ տարբերութիւն կրնար ընել:

Մարգարէութիւնները

Մարգարէութիւնը ինը գերբնական պարգեւներէն մէկն է, որ անպայման միւսներէն մէկը գործածելով միայն կրնայ արտայայտուիլ, խօսիլ կամ յայտնել:

  • Շատ անգամ յայտնութիւնը կ'ըլլայ գիտութեան խօսքով, որ կը խօսի անցեալի կամ ներկայի վիճակին մասին եւ ոչ ուղղակիօրէն լուծումին մասին, բացի երբ իմաստութեան խօսքը միջամտէ եւ յայտնէ ըլլալիքը:
  • Ուրեմն երբ մենք գիտութեան խօսքով մարգարէանանք, պէտք չէ անմիջապէս զգացականօրէն մէջբերենք իմաստութեան խօսքին լուծումները կամ խոստումները: - Երբ Աստուած գիտութեան խօսքով մարգարէանայ, հաւանաբար միայն անցեալը եւ ներկան կը յայտնէ՝ յատուկ նպատակներու համար: Երբ մենք հանդիպինք անձի մը եւ Սուրբ Հոգին զգացնէ, թէ ժխտական բան մը կայ, մենք մեզի իրաւունք չտանք լուծում տալու, հապա Սուրբ Հոգիին սպասենք, որ պարզէ ըլլալիքը եւ առաջնորդէ մեզ:

Մարգարէութեան ժխտական ըլլալը Կեսարիոյ հաւատացեալներուն համար կը նշանակէր, թէ Պօղոս պէտք չէր երթար Երուսաղէմ: Անշուշտ իրականութիւնը ուրիշ բան մը կը յայտնէր, որմէ տեղեակ էր Պօղոս եւ որուն պատրաստ էր:

  • Պօղոս մխիթարուած էր Տիրոջ Հոգիով եւ զօրացած:

Շատ անգամ մարգարէութիւնները կը մեկնաբանուին լուրի մը մեր վրայ ունեցած ազդեցութեան չափով եւ ոչ թէ անոր իրական նպատակին համաձայն:

Առաջինը՝ մեր զգացումներուն մեզ մղելէն կ'ըլլայ:

Երկրորդը՝ պատգամին պարունակութեան Հոգիին մեզ մղելէն:

Մարզէ՛ Նուիրումդ

Հաւատացեալին նուիրումը եւ անոր մարզուելով կրթուիլը (աղօթքի կեանքը եւ Աստուածաշունչ կարդալը կը մարզեն մեզ) կու տան անոր յստակութիւն եւ գիտութիւն՝ թէ եղած յայտնութեան բուն միտքը ի՛նչ է:

  • Անձնական օրինակ- Առիթով մը ինծի առաջարկուեցաւ Աստուծոյ գործը չընել փոխան խաղաղութեան եւ ապահովութեան: Բայց նուիրումս Աստուծոյ Խօսքով մարզած ըլլալուս պատճառով, կրցայ զանազանել Աստուծոյ կամքը կեանքիս մէջ եւ շարունակեցի ծառայել Իրեն:

Մարգարէութիւնները եւ գերբնական պարգեւները կը ծառայեն մեր ներկայի եւ յաւիտենական օրհնութեան:

Յանձնուէ՛ Տիրոջ եւ մարզուէ՛ Անոր խօսքը լսելու մէջ, եւ Ան պիտի առաջնորդէ քեզ:

Նախորդ Հրապարակում Սուրբ Հոգին Առի՞ք (Գործք Առաքելոց 19.1-8)
Յաջորդ Հրապարակում Դուն Ես Ինչ որ Ես Քրիստոսո՛վ (Գործք Առաքելոց 28.1-10)