Մեր կոչումը կրնայ դժուարութիւններու հանդիպիլ, սակայն չշփոթի՛նք: Աստուածաշունչին մէջ կը նկատենք, թէ որեւէ ազատագրութենէ մը առաջ Սատանային կողմէ եկած մեծ ընդդիմութիւնները ընդհանրապէս կը զօրանան: Օրինակ՝ մինչ Դանիէլ մարգարէ ազատութիւն կ'ակնկալէր եւ Տիրոջ առջեւ պահքով ու աղօթքով կեցած էր, քսանմէկերորդ օրը հրեշտակը անոր յայտնեց, թէ թշնամին այդ քսանմէկ օրերուն ընթացքին ընդդիմացած էր (Դն 10.10-14): Այլ դէպքի մը մէջ կը տեսնենք, թէ Աստուծոյ ժողովուրդը մեծ ընդդիմութեան առջեւ գտնուեցաւ՝ իր ազատագրութենէն առաջ (Եզր 4.1-8, 5.1-5, 6.1-12):
Թշնամին մարդուս տկարութիւնը կ'օգտագործէ, որպէսզի Աստուծոյ գործին կատարուելուն արգելք հանդիսանայ: Հետեւաբար, շատ կարեւոր է որ որոշում առնենք մեր անձերը Տիրոջ առջեւ խոնարհեցնելու, որպէսզի Տէրը մեզ շինէ մեր յաջորդ հանգրուանին համար:
Աստուծոյ կոչը ունի հիմնական մէկ նպատակակէտ՝ բոլոր ազգերը Քրիստոսի զոհով մեղքերէ սրբել (Ա.Յհ 2.2): Իսկ բոլոր անոնք, որոնք սիրով եւ սրտանց կ'ընդառաջեն Աստուծոյ ծրագիրին, Աստուծոյ բարի գործակցութիւնը կը վայելեն (Հռ 8.28): Երբ մեր կոչումին եւ կեանքին մէջ Աստուծոյ բարի գործակցութիւնը չենք տեսներ, պէտք է հաւատքո՛վ նայինք, որովհետեւ չկայ ատեն մը որ Տէրը կանչէ ու մենք ընդառաջենք եւ թշնամին կարենայ դէմ դնել Անոր խօսքին (Ես 49.1-3, 51.16):
Եղիսէ հողագործ մըն էր, եւ Եղիա Աստուծոյ կողմէ անոր ղրկուեցաւ, որպէսզի մարգարէութեան Հոգին անոր փոխանցէ (Դ.Թգ 19.16): Եղիսէ ամենայն պարզութեամբ ընդառաջեց Աստուծոյ կանչին, անմիջապէս գործի լծուեցաւ, իր լուրջ ըլլալը փաստեց եւ Եղիային ետեւէն վազեց:
Եղիսէի կարեւոր յատկութիւններ ունեցող մարդ մըն էր: Ան.
- Պատերազմելու հոգի ունէր (Գ.Թգ 19.17) մարմնաւորէն հոգեւոր ըլլալու (Ծն 32.24-32) եւ հոգեւոր պատերազմը մղելու համար:
- Փութաջան հողագործ (աշխատասէր) էր (19.19): Ան կ'աշխատէր արեւու տաքութեան տակ ամբողջ օրը, ինչ որ օրինակ է օրուան ճնշումներուն տակ Տիրոջ կամքը կատարելու նկարագիր ունենալուն եւ միշտ աղօթելուն:
- Աղտ կրելու պատրաստ էր (19.19): Տասներկու եզները իրենց ոտքերուն աղտը Եղիսէի վրայ կը թռցնէին, բայց ան չէր դժգոհեր, ինչ որ օրինակ է գործին դժուարութիւնները սիրով ընդունելուն:
- Հարուստ էր (19.19) բայց հարստութենէն չէր հրապուրուած (19.21): Եղիսէ իր հարստութենէն անմիջապէս հրաժարեցաւ եւ Եղիային ետեւէն վազեց: Ան բանի մը չէր կապուած, որովհետեւ հոգիով աշխատասէր էր եւ իրեն յանձնուածը կատարելու նուիրուած հաւատարիմ մարդ էր: Այդպիսի բնաւորութեան տէր մարդիկը, նոր եւ աստուածային բաներ ստանալու համար ընդունակ կ'ըլլան:
- Խոնարհ էր եւ Եղիային կը ծառայէր (Գ.Թգ 19.21: Դ.Թգ 3.11):
- Հաւատարմութիւն ցոյց տուաւ իրեն յանձնուած կոչումին հանդէպ եւ ամբողջ էութեամբ Աստուծոյ կամքին եւ գործին ենթարկուած մնաց:
Եղիսէ իր առաջին վերարկուն՝ օծութիւնը, գործածեց աւելին իմանալու եւ իր ուսուցիչին ունեցածին կրկնապատիկը ստանալու համար: Եղիսէ գիտէր, որ Տէրը Եղիային հետն էր, եւ թէ ինք անոր պիտի յաջորդէր, բայց անոր առաջնորդութեան մէջ մնաց մինչեւ որ անոր կոչումին մէջ գտնուող բոլոր մանրամասնութիւնները ստացաւ՝ անոնց հիման վրայ իր ընթացքը շարունակելու համար:
Եղիայի առաքելութիւնը Եղիսէի միջոցաւ պիտի շարունակուէր, իսկ Յիսուսի առաքելութիւնը՝ մեզմով: Եղիա օրինակն է Քրիստոսի իսկ Եղիսէ՝ եկեղեցիին: Եղիսէ իր կոչումին մէջ մնաց եւ կրցաւ օծութեան ազդեցութեան տակ իր ընելիքը իմանալ: Եղիսէի նման նուիրուելով, մեր կոչումին մէջ մնալով եւ Սուրբ Հոգիին օծութեամբ մենք ալ յստակութեամբ պիտի տեսնենք մեր ընելիքը: