«Տէրոջը խօսքը Ամաթիին որդիին Յովնանին եղաւ՝ ըսելով. 'Ելի՛ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՛ եւ քարոզէ՛'» (Յվն 1.1):
Այսօր, այս նոյն խօսքով Աստուած մեզի ալ կը խօսի: Պիտի ուսումնասիրենք Աստուծոյ այս խօսքին բառերը:
- «Տէր» կը նշանակէ Եհովա, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ Աստուած կը ներկանայ որպէս ժողովուրդին Փրկիչը:
- «Յովնան» կը նշանակէ աղաւնի: Աղաւնին խորհրդանիշ է Սուրբ Հոգիին, որ այսօր հաւատացեալները կը մղէ Աստուծոյ գործը ընելու:
- «Նինուէ» Նինօ չաստուածին քաղաքն էր, զոր շինեց Նեբրովդ, Բաբելոնի աշտարակը շինող նոյն անձը: Այս քաղաքին մէջ տիրած էր անօրէնութիւնն ու մեղքը եւ Սատանային մէկ կեդրոնը եղած էր:
Ուրեմն, այս խօսքէն կը հասկնանք, թէ Աստուած կը ղրկէ աղաւնին, որպէսզի Սատանային թագաւորութեան մէջ կենդանի Աստուծոյն զօրութիւնը քարոզէ:
«Ե՛լ» բառը եբրայերէն «Գում» բառն է, որ կը նշանակէ.
- Ծագիլ, յայտնուիլ
- Պատճառ ըլլալ կանգնելու
- Մխել, աղմուկ հանել, մէկը արթնցնել սուր ասեղ մտցնելով
- Կանչել, կանչել մէկը մահուընէ
- Բարձրացնել, Հոգեպէս բարձրացնել
- Դժբախտութեան ժամկէտը բերել
Երբ մեր կոչումի դիտանկիւնէն նայինք, երբ Աստուած «ե՛լ» կ'ըսէ, մեր մէջ զօրութիւնը կը դնէ մեր անձին եւ ուրիշներուն ոտքի կանգնելուն պատճառ ըլլալու: Կը դնէ նաեւ զօրութիւնը բան մը մահուընէ կեանքի կանչելու (Հռ 8.11: Եզ 47) եւ մեզ կը տանի դէպի նորը եւ կատարեալը: Երբ Աստուած «ե՛լ» կ'ըսէ, նաեւ վե՛րջ կը դնէ դժբախտութեան, անհաւատութեան ու հիւանդութեան:
Յովնան չէր կրցած Աստուծոյ նպատակը ըմբռնել եւ Թարսիս փախաւ: Բայց Աստուած կ'ուզէր որ Իր մարգարէին բերնին մէջ դրած խօսքը յայտնուէր, որովհետեւ Աստուած Ի՛նք պիտի չիջնէր Նինուէացիներուն քարոզելու: Այսօր մեզի յանձնուած գործը Աստուած պիտի չընէ: Աստուած 2000 տարի առաջ խաչին վրայ Իր գործը կատարեց, որպէսզի կարենանք վայելել Իր խօսքին զօրութիւնը մեր կեանքերէն ներս, նաեւ մարդիկը ապաշխարութեան բերենք:
Յովնանին ապաշխարելէն եւ կէտը զինք փսխելէն ետք, երբ Տիրոջ խօսքը նորէն անոր եղաւ, Յովնան հնազանդեցաւ: Ան քարոզեց Աստուծոյ կողմէ իր շրթներուն վրայ դրուածը եւ ամբողջ ժողովուրդը դարձի եկաւ: Թագաւորը հրամայեց որ բոլոր մարդիկը եւ անասունները ծոմ ընեն: Սատանային իշխանութիւնը կոտրուեցաւ Յովնանին շրթներուն վրայ դրուած խօսքին զօրութեամբ: Քրիստոսով, մեր շրթներուն վրայ դրուած է շատ աւելի զօրաւոր խօսք:
Ճանչնա՛նք մեր ինքնութիւնը Քրիստոսով, որովհետեւ Աստուած կ'ակնկալէ որ մեր ինքնութեան համաձայն շարժինք ու մեր ինքնութեան համաձայն մեր կեանքին ընթացքը որոշենք: Դժուարութենէն յաղթական ելլելը ճշմարիտ վկայութիւն պիտի ըլլայ (Ես 43):