Մարդուն բոլոր գործունէութիւնները կը գտնուին երկու խարիսխուած ծայրերու միջեւ
- Հոգեւոր գործերը
- Մարմինի գործերը
Այս երկուքը իրարու կը կապուին ստորեւ գտնուող լուսապատկերով Spectrum-ով:
Հոգեւոր Լուսապատկեր Մարմին
Հարցում: Այս պատկերին ո՞ր մասին մէջ պէտք է ըլլայ առեւտրական գործառնութիւնը:
Երբ անձ մը իր գրպանին մէջ ունեցած դրամը կը փոխանակէ «ինչքերով» որ կը փափաքի:
- Կատարածը մարմինի՞ գործ է, թէ հոգեւոր:
Հոգեւոր գործ մը որոշելու ձեւերէն մէկը այն է, որ կապիկը կը հասկնա՞յ ինչ կ'ընես:
- Երբ հոգնած տուն գաս եւ ոտքերդ երկնցնես, հաւանաբար իմանայ անասունդ թէ հոգնած ես:
- Երբ սեղան նստիս ուտելու, գիտնայ թէ ուտելու ժամ է
- Բայց երբ թերթը բռնես եւ 20 վայրկեան անոր նայիս, չի հասկնար թէ ինչ կ'ընես:
Երկրորդ ձեւ մը: Արդեօք հոգեւոր գործ մը կը կրկնուի՞ կամ կը կատարուի՞ կատարելապէս մեքենայի մը միջոցաւ:
- Երբ մարդու մը «շունչը, միտքը, կամքը, փափաքը» պէտք ըլլայ որ միջամտէ որեւէ տուեալ գործընթացի մը մէջ, այդ գործընթացը տոկոսով մը՝ կամ մասնակիօրէն հոգեւոր կ'ըլլայ:
- Միայն մարդուն շունչն է, որ կրնայ եղանակ յօրինել, որ ուրիշները կը ներշնչէ, կամ պատերազմի կը հրաւիրէ:
- Ոչ մէկ մեքենայ կրնայ ցոյց տալ, կամ յայտնել «հաւատարմութիւնը»:
- Ուրեմն գիտենք, թէ հաւատարմութիւնը հոգեւոր յատկութիւն մըն է:
Այսպիսի քննութենէ ետք, կը թելադրենք, թէ առեւտրական փոխանակումները աւելի հոգեւոր են քան մարմնաււոր:
Կապիկը սեփականատիրոջ եւ յաճախորդին միջեւ անցուդարձէն, կամ կատարուածէն բնաւ բան չի հասկնար
- Ոչ ալ մեքենայ մը կրնայ գիտնալ, եթէ յաճախորդը պիտի գնէ, թէ ոչ:
- Առեւտրական փոխանակումը կը կատարուի միայն երբ երկու բանականութիւն ունեցող մարդ արարածներ ընեն փոխանակումը:
- Ատիկա ուրեմն հոգեւոր գործընթաց մըն է:
Կարեւոր է մեր գործերը լաւ կերպով վերլուծել՝ քննել, որովհետեւ քիչ մը անհանգիստ կը զգանք այն բաներէն որոնք հոգեւոր արձականք չեն տար:
- Շատ պաղ կամ մեռած կը զգանք երբ սոսկ որպէս պարտականութիւն ընենք մեր մարմինին գործերը:
- Շատ անգամ մենք մեզ կը պարտադրենք, որպէսզի մեր արարքը միայն անբան անասուններու պէս մարմինի գործ չըլլայ եւ բնազդ չունենայ:
- Այդ պատճառով կը մտցնենք ծէսեր, պաշտամունք եւ այլ զարդեր մեր մարմինին գործերուն հետ, որպէսզի հոգեւոր համ տանք եւ մեզի հաճոյ ըլլան:
Բոլոր ստեղծուած արարծները կ'ուտեն, կը հանեն դուրս, սեռային յարաբերութիւն կ'ընեն, կը ծնին, կը մեռնին:
- Եթէ այս բաներուն վրայ հոգեւոր ծէս մը չաւելնայ, անասուններուն եւ մարդուն միջեւ տարբերութիւնը կը կորսուի:
Այդ պատճառով
- Մենք մեր փոքրերուն տարեդարձը կը տօնենք, մինչ անասունները իրենց փոքրերուն տարեդարձը չեն տօներ:
- Մենք կերակուրը կը նախընտրենք հրամցնել ամաններու մէջ, սեղանի լաթին վրայ դնելով, փոխանակ ուղղակի տուփէն ուտենք:
- Կերակուրէն առաջ եւ վերջ կ'աղօթենք:
Լաւ եւ յարմար զոյգի մը հանդիպելէ ետք, հոգեբանականօրէն առողջ մարդիկը անմիջապէս մարմնաւոր սեռային յարաբերութեան չեն անցնիր:
- Նախ կու գայ նշանտուքի ժամանակը
- Ապա կարեւոր ծանօթութիւններն ու զիրար ճանչնալները, ապա ամուսնութիւնը:
- Ոչ մէկ անասուն նշանտուք կ'ընէ, կամ պատրաստութեան ժամանակ կ'առնէ ամուսնանալէ առաջ:
Յուղարկաւորութիւնը ծիսական աւանդութիւն մըն է
- Երկար տարիներ ապրելէ ետք, մարմինը կը թաղեն եւ ոչ թէ թաղուն ծայրը ձգելով աղբահաւաքին կը սպասեն:
- Ատոր կը հետեւի սուգ, լաց...
Ինչքան մարմինի գործ ըլլայ, այդքան տարօրինակ եւ ամօթալի կը զգանք, այդ պատճառով ծէս կը մտցնենք հոգեւոր իմաստ տալու եւ կեանքին նպատակ տալու համար:
- Մեր զուգարանները ամենաշատ մաքուր եւ կոկիկ տեղերը կ'ըլլան:
- Մեր պէտքը կատարելէ ետք, խորունկ հանգիստի շունչ կ'առնենք, կը լուացուինք, ներսը անուշ հոտ կը փչենք: Թէեւ յատուկ տեղ է:
- Ոչ մէկ անասուն զուգարանը կը զարդարէ:
- Մենք մարդ արարած ենք եւ հպարտ ենք մեր գործերով:
Հաւանաբար շատեր լսած են, մանաւանդ իրենց տարեցներէն, երբ սխալ վարմունք մը ընեն, կամ ձայն մը հանեն, անոնք կ'ըսեն.
- Ի՞նչ կ'ընես
- Ի՞նչ եղաւ քեզի
- Անասո՞ւն ես
Քրիստոնեաները վերաբերմունքի վրայ շեշտ կը դնեն, ու կը յիշեցնեն զիրար, թէ մեր մշակոյթը հիմնուած է այն համոզումին վրայ, թէ մենք անասուն չենք, ոչ ալ մեղաւորներ, որոնք կրնան այդպիսի վարմունքներ ունենալ:
- Հապա մենք յատուկ արարծներ ենք Եփ 2.10-ին համաձայն. «Վասնզի մենք անոր ձեռագործն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուած՝ բարի գործերու համար: Աստուած նախապէս պատրաստեց մեզ, որպէսզի անոնց մէջ քալենք»:
Մեր ետին կը ձգենք հին բաները, ելլելու համար անասուններու պէս ապրելէն, տնտեսական ձախողութենէն եւ վերջապէս վայրագութեամբ ապրելու անդունդէն:
Տնտեսական գործունէութիւնը այլ ձեւ մըն է, որուն մէջ մենք կ'երեւինք թէ հեռու ենք անասուններու թագաւորութեւնէն եւ աւելի մօտ ենք Աստուծոյ:
Զգուշանանք Մեր Մեղանչական Բնոյթէն
Թէեւ մարդը Ծն 6.3-ին համաձայն ալ հոգի չէր, մեղքի պատճառով, հապա մարմնաւոր, այդ պատճառով մեծ հակում ունէր եւ ունի ապրելու մարմնաւոր եւ անասունի պէս կամ անասունի բաներ ընելու: «Եւ Տէրը ըսաւ. “Իմ հոգիս միշտ մարդու վրայ պիտի չմնայ. վասնզի անիկա մարմին է […]”:
Մինչ, ստեղծագործութեան օրը, մարդը կենդանի հոգի էր (Ծն 2.7):
- Ադամ հնազանդեցաւ կենդանիին՝ օձին, Սատանային ներկայացուցիչին, եւ այդ պատճառով երբ մեղքը մտաւ եւ սերունդները ծնան, մինչեւ այսօր նոյն մարմնաւոր պատերազմը կը գտնենք մարդոց եւ նոյնիսկ հաւատացեալներուն մէջ, անշուշտ միայն կ'ազատինք Քրիստոսով եւ Անոր հետ կեանքի յարաբերութեան մէջ ըլլալով Եփ 2.1,4-5-ի համաձայն. «Դուք յանցանքներու ու մեղքերու մէջ մեռած էիք, ինք ձեզ կենդանացուց»:
«Բայց Աստուած, որ մեծ է ողորմութիւնով, իր առատ սիրովը, որով մեզ սիրեց, երբ յանցանքներու մէջ մեռած էինք, մեզ Քրիստոսին հետ կենդանացուց, ( դուք շնորհքով փրկուած էք, )»:
- Բոլոր քրիստոնեաները իրենք զիրենք մարմնաւորէն բաժնելու՝ զատելու պէտքը կը զգան:
- Առանց կասկածի կը յայտնեն ու կը համաձայնին, թէ.
- Իրարու ստացուածքը ուժով առնելը անասունի արարք մըն է եւ Օձին տարած յաղթութիւնն է:
- Իսկ ստացուածքը սեփականատիրոջ կամենալովը եւ համաձայնելով գնելը, Աստուծոյ աչքին հաճելի է:
Աստուծոյ հաճելի ըլլալուն եւ նիւթականին միջեւ եղող յարաբերութիւնը կը բխի Աստուածաշունչէն:
Եբրայերէնով «Աստուծոյ հաճութիւն» բառը, «cheyn» «խէյն» բառն է
- Այս բառին իսկական իմաստը, Աստուծոյ ծրագիրն է, մարդոց տնտեսական միջանկեալ գործունէութեան:
- Ոչ միայն անգլերէն coin եւ gain բառերն են, հապա նաեւ Չինարէնով եւ այլ լեզուներով կը նշանակէ «coin» դրամ:
- «խէյն» «cheyn» Եբր. արմատ բառն է նաեւ ըսելու խանութ «shop» եւ վաճառատուն «market»:
- Որ նաեւ ըսել է շնորհք (արաբերէնով «7աննա» իսկ անգլերէնով «քրագէ»)
- Խանութը եւ վաճառատունը այն տեղն է ուր մարդիկ միասին կը գործակցին եւ կամաւոր փոխանակումներ, գնումներ կ'ընեն, որ երկու խումբերը ուրախ եւ լաւ կը դարձնէ:
Եբրայերէնով Առեւտուրի համար օգտագործուող բառ մըն է նաեւ «ohmein» «օմէն», որ կը նշանակէ «հաւատքի մարդ» եւ ունի նոյն արմատ բառը «Ամէն» ծիսագիրքին մէջ:
Ասիկա կը նկարագրէ առեւտրականին ներքին հաւատքի մղումը.
- Առեւտրականը իր գործը կը սկսի գնելով ապրանք
- Ան սակայն չի գիտեր եթէ պիտի յաջողի՞ զանոնք ծախելու մէջ
- Երբ ծախէ, փոխարէն կ'առնէ թուղթ կամ մետաղեայ դրամ
- Վստահ ըլլալով, թէ երբ որ բանի մը պէտք ունենայ, այդ մետաղեայ դրամներուն փոխարէն, մէկը իրեն կերակուր պիտի տայ:
- Իրականութեան մէջ, հաւատքն է, որ թուղթը ու մետաղէ կտորը կը փոխէ «դրամի»:
- Ա՛յս հաւատքն է, որ դրամին կու տայ արժէք
- Հաւատքն է, որ զինք կ'ազատէ կասկածէն եւ կը մղէ, որ գործ ընէ ու առարկաներու փոխարէն թուղթ մը կամ մետաղեայ դրամ մը առնելով բաւարարուի:
- Հաւատքն է, որ շահն ու յաջողութիւնը հնարաւոր կ'ընէ:
- Իրականութեան մէջ, հաւատքն է, որ թուղթը ու մետաղէ կտորը կը փոխէ «դրամի»:
Յաջող Առեւտրականը
Յաջող առեւտրականի մը համար եսակեդրոն կերպով ապրիլը վտանգաւոր եւ դժուար բան մըն է:
- Գործատէրին պարտականութիւնը եւ յատկանշականը ուրիշներուն պէտքին համար նախազբաղն ըլլալ է:
- Ուրիշներուն պէտքով զբաղիլը կնիքն է առեւտրականին:
- Այդ պատճառով կ'ըսենք. «The customer is always right», «Յաճախորդը միշտ իրաւունք ունի» խօսքը:
- Գործատէր վաճառականը պէտք է լաւ հոգ տանի իր գործաւորներուն
- Անոնք գործատիրոջ լաւագոյն գոյքը՝ հարստութիւնն են.
- Պէտք է հսկէ անոնց հանգիստին, նկատի առնէ, որ անոնք հոգեւոր արարածներ են եւ ունին երկնային ըղձանք, փափաք եւ շունչ:
- Ոչ միայն ջանայ հատուցանել, վարձատրել արդար կերպով, հապա օգնէ որ անոնք իրենց գերազանց իմաստը գտնեն գործին մէջ:
Կղ 4.1
«Տէ՛րեր, ձեր ծառաներուն հետ իրաւունքով ու արդարութեամբ վարուեցէք, գիտնալով թէ դուք ալ Տէր ունիք երկինքը»:
Հին ատեն արգիլուած էր, հրեայ գործատէր մը անիմաստ գործեր ընել տար իր գործաւորին:
Օրինակ՝ պէտք չէ վարձեր աշխատող մը, որ օր մը փորէ եւ երկրորդ օրը նորէն լեցնէ եւ այդպէս աննպատակ շարունակէր:
- Կարեւոր չէ ինչքան կը վարձատրես, եթէ աշխատողին չի տար բան մը կատարած ըլլալու զգացումը կամ արժանիքը, սխալ է:
Առեւտուրը Եւ Կրօնը
Հետեւաբար, առեւտուրը եւ կրօնը հոգեւոր կը նկատուին, որովհետեւ երկուքն ալ կը մերժեն ինքնահաւանութիւնն ու եսամոլութիւնը:
Նկատի ունենալով, որ առեւտուրին եւ Աստուծոյ միջեւ մօտ յարաբերութիւն մը կայ, այդ պատճառով ատիկա մեզի երեք կարեւոր բաներ կը սորվեցնէ:
- Անաստուածութիւնը եւ առեւտուրը բնական դաշնակիցներ չեն:
- Թէեւ մէկը կրնայ կարծել, աշխարհիկ մարդոց փիլիսոփայութեան կապուած, թէ սխալ վերաբերմունքի մը դէմ դնող իշխանութիւնը մերժելը, կամ չճանչնալը, բնականօրէն այս աշխարհի ուժն ու դրամն է:
- Հաւատալը, թէ կայ յարաբերութիւն մը Աստուծոյ եւ առեւտուրին միջեւ, կ'օգնէ որ աւելի միացնենք մեր գործը եւ մեր կեանքը իրարու, որպէսզի օրուան 8-10 գործի ժամերը չըլլան անհամ եւ մեր կեանքէն անջատ:
- Որպէսզի մեր ամբողջ էութիւնը եւ գործը լաւ արդիւնք բերէ եւ տուող ըլլայ:
- Առեւտուրի մէջ անբարոյութիւնը վտանգաւոր է եւ կը նմանի ամուսնացած զոյգի մը միջեւ գտնուող անբարոյութեան:
Հետեւաբար, Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը կը գրաւէ առաջին տեղը եւ մեր առեւտուրին յաջողութիւնը կու գայ երկրորդ տեղը (Մտ 10.37, 16.24-26):
Մտ 10.37
«Ան որ հայրը կամ մայրը ինծմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ եւ ան որ տղան կամ աղջիկը ինծմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ»:
Մտ 16.24-26
«24Այն ատեն Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. “Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ'ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ: 25Վասնզի ով որ կ'ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա, 26Քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ, կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ”»:
- Որպէսզի բոլոր բաները իմաստ ունենան:
- Առեւտուրի գործին եւ հոգեւոր իրականութեան միջեւ եղող պատշաճութիւնը ճանչնալով, հիմա առեւտուրը աւելի լաւ պիտի ըլլայ:
- Գործդ պիտի ըլլայ ստեղծագործ եւ աւելի ստեղծիչին կամեցած ձեւով: