- Օրինակ՝ 150 լիթր ջուր պարունակող տիկ մը շատ հեշտ է զարիվար գլորել քան զարիվեր քաշել:
- Դէպի վեր քաշելը աւելի դժուար է քան վար գլորելը, զօրեղ բնութենական ուժի մը պատճառով, որ կը կոչուի ձգողութիւն:
- Կանգ առած ինքնաշարժ մը շատ աւելի հեշտ է զսպել, քան թէ արդէն դէպի վար քշուող ինքնաշարժ մը ձեռքի ֆրէնով կեցնելը:
- Ասիկա կը պատահի այլ բնութենական զօրեղ ուժի մը պատճառով, որ կը կոչուի «inertia» անշարժութիւն:
Թէեւ ազատ ես դէպի վեր քաշել տիկը եւ կամ փորձել կեցնել քալող ինքնաշարժը, սակայն քեզմէ աւելի մեծ ուժին դէմ գործելու համար պիտի ցախողիս:
Թէեւ կեանքի ընթացքին լաւ եւ առողջ է, որ ճեղքենք դժուարութիւն մը, կամ հարց մը, սակայն մեզի նման մարդոց օգնելու համար, լաւագոյնը եւ ազդուն, Աստուծոյ ձեւը ընելն է եւ հոսանքին հետ քալելն է:
- Հոգեւոր օրէնքներուն դէմ դնելով յաղթահարելը նման է պայքարիլ բնական օրէնքի ուժերուն:
Հոսանքին հետ քալելու համար, եւ աւելի լաւ կեանք ունենալու համար մարդոց հետ կապուիլը եւ յարաբերիլը լաւագոյնն է:
Մեզի տրուած աստուածատուր կեանքին բոլոր բաժիններուն մէջ կապակցութիւնը անհրաժեշտ է:
Իրարու հետ ճիշդ եւ օգտակար կապը ունենալով պէտք է բարձրագոյն շահը փնտռենք:
Իրարու տաղանդները գնահատելով եւ կապակցութիւնը յարգելով ապրինք:
- Ասոնք ներկայ աշխարհի բնութենէն անքակելի օրէնքներ են:
- Յաջողութիւն փափաքիլը, բայց նոյն ատեն առանց յարաբերութեան՝ «բաժնուած» ապրիլը նման է բնութեան եւ անոր ուժերուն հակառակ գործելը:
- Աստուած կ'ուզէ, որ բոլորս ալ իրարու հետ յարաբերինք եւ կապուինք զօրաւոր կերպով:
- Ան կ'ուզէ որ իրարու պէտքերը հայթայթենք:
- Պէտք է հասկնալ, թէ ծառայութիւն մը ընելու ընթացքին, վարձատրուիլը բնաւ չի պակսեցներ կատարուած գործին արժէքը, այսինքն՝ նոյնիսկ եթէ ատոր համար վարձատրուի:
- Մինչեւ այն ատեն, որ կ'ընես ընդհանուրին բարիին կամ օգուտին համար, ըլլայ հոգեւոր սկզբունքները պահելով, կամ սովորական կեանքի յարաբերութիւնը յարգելով:
Ամէն Բարի Եւ Օգտակար Գործ Ձեւով Մը Առաքինի Է
Անշուշտ հոգեւոր արժէքները չենք թերաժեւորեր կամ աշխարհիկին հետ չենք հաւասարեցներ: Սակայն կ'ուզենք ճանչցնել միտքը եւ սկզբունքը:
Օրինակ: Երեւակայէ աղքատ մը, որ գումարի մը կարիքը ունի:
- Եւ մենք ծանօթացնենք երկու հոգիներու
- Առաջինը բարի, հազիւ ապրելու դրամ ունեցող, որ ինքնազրկումով եւ զոհողութեամբ կրցաւ $100 տալ
- Աղքատները կը սիրէ եւ կ'ընդունի $100 պակաս ունենալ այս ամիս՝ օգնելու սիրոյն:
- Երկրորդը յաջող առեւտուրի մարդ մըն է, որ աղքատներուն կու տայ $1000
- Տարբերութիւնը այն է, որ ասիկա հարկերու կապուած ձեւ մը գտած է, որ $1000-ին տեղ կը ստանայ $1100:
- Անշուշտ ասոր պարագային, կրնայ պակաս ցաւ զգալ կարիքաւորին նկատմամբ:
- Մեր աղքատ կարիքաւորը, ո՞ր օգնութիւնը պիտի ընդունէր կամ պէտք է ընդունի:
- Ո՞ր մէկը աւելի բարի գործ ըրաւ, կապակցութեան հետ կապուած:
- Բաղդատութիւն մը ընենք: Bill եւ Melinda Gates, Microsoft-ի հիմնադիրը եւ անոնց օգնութեան կազմակերպութիւնը, Թէ Մայր Teresa:
- Յարգելով մայր Թերեզա, մեր կեդրոնացումը համայն աշխարհի եւ մարդկութեան տաղանդներուն եւ զանոնք գործածելուն վրայ կեդրոնացած է:
- Միջին արեւելքի մէջ, եթէ մէկը իր բարի գործին համար վարձատրուի, կամ գործը չի գնահատուիր, անոր ծառայութիւնը կ'անտեսուի եւ շատ անգամ քող ալ կը կոչուի:
- Bill Gates անշուշտ շատ կը շահի
- Աստուած, որ անոր տաղանդ տուած էր, իբրեւ ստեղծիչ տարբեր կը նայի պարագային եւ կ'ակնկալէ, որ ան բարի բան մը ընէ աշխարհին:
- Պէտք է հասկնալ, թէ հարստանալ մաքուր եւ արդար ճամբով, ազատ շուկայի մէջ, ուր ոչ ոք ստիպուած է քեզմէ գնել քու արտադրութիւնդ, ծառայութիւնդ եւ ձիրքդ՝ ինքնին, քու կողմէ բարի եւ պարկեշտ գործ մըն է:
- Աստուծոյ քաջալերող մէկ ձեւն է հարստութիւնը, անոր միջոցաւ ընելու մեզմէ պահանջուածը, որ է հոգալ եւ հասնիլ Անոր բոլոր ստեղծած զաւակներուն պէտքին:
- Իսկ անտեսելն ու արհամարհելը արդէն քու բարգաւաճումդ կը պակսեցնէ:
Հարցում
- Ինչո՞ւ կ'ուզէ Աստուած, որ ծայր աստիճան նուիրուինք կապակցութեան:
- Մարդը եւ կինը իրենց ամուսնական մէկութիւնը կը հաստատեն զաւակներ ունենալով:
- Մեր երկնաւոր Հայրը նոյնը կը մտածէ
- Բոլորս Անոր զաւակներն ենք եւ մեր միութիւնը կ'արտացոլացնէ Իրը:
- Վերջապէս, իրարու կապուելով եւ միանալով հայելիի մը նման Իր Երրորդութեան միութիւնը կ'արտացոլացնենք:
92 Սկզբնատարրեր
Աստուած ստեղծեց 92 Սկզբնատարրեր
Անոնցմէ են, Երկաթը, բնածուխը, պողպատը, մաքուր պողպատը (stainless still), որմէ բոլոր բժշկական գործիքները կ'ընեն:
- Այսօր, լաւ առարկայ մը ունենալու համար, պէտք ունինք, մի քանի տեսակ տարրեր իրարու միացնելու, կապելու
- Կարծես Աստուած կ'ըսէ, ձեզի 92 տարրեր տուի, բայց պէտք է սորվիք իրարու կապել, որպէսզի լաւ բաներ առնէք:
- Ջուրը բաղկացած է ջրածինով եւ թթուածինով
- Օդը, բաղկացած է, (oxygen) թթուածին եւ բորակածինին (nitrogen)
1886-ին գիտնականներ ձեռք բերին Aluminum-ը ելեկտրալուծականի ընթացքով, որ կարելի դարձուց միացնել այլ տարրեր, ինչպէս երկաթ, սիլիկոն, մետաղ (zinc), պղինձ եւ մագնէս, որ շատ կարեւոր խառնուրդ է:
- Ատեն մը արժէք չուներ,
- Այսօր, այդ խառնուրդին միջոցաւ, կը գործածուի Օդանաւներու մէջ,
- Շինարարութեան համար չհալող մետաղ կը շինուի:
Ասոնց միջոցաւ, Աստուած մեզի կը յայտնէ թէ, իրարու միացնելով պիտանի, օգտակար ու արժէքաւոր բաներ կը ստանաս:- Ներկայիս, արտադրութեան լաւագոյն միջոցն է:
- Կաթ եւ հաւկիթ ծախելու կողքին, այսօր կը ծախուի պաղպաղակ եւ տեսակաւոր սեր (հաւկիթով ծեծուած ուտելիք)
- Շինարարութեան համար չհալող մետաղ կը շինուի:
Այսօր պէտք չունիս նոր տարր հնարելու որ յաջող ըլլաս, հապա պէտք ունիս իրարու խառնելը իմանաս:
- Պեթոնը- «cement», բաւական զօրաւոր է, ծանր բեռ շալկելու: Ան շատ աւելի զօրաւոր կ'ըլլայ երբ կը խառնուի «աւազի» եւ «խիճի» հետ:
- Իսկ երբ անոնց մէջ դրուի երկաթ պողպատով, աւելի տոկուն եւ դիմացկուն կ'ըլլայ:
Հնգամատեանը Յատուկ Ձեւով Կազմուած է
- Չես կրնար որոշել եւ որեւէ համար մը պարունակէն առնելով գործածել, որովհետեւ ան կեանքի գիրք է եւ բոլոր մասերը իրարու կապուած ամբողջութիւն կը ներկայացնեն:
- Հնգամատեանի մագաղաթը բաժնուած է 248 սիւնակով:
- Իւրաքանչիւր սիւնակ կը սկսի Եբրայերէն 6-րդ տառով «ուաու», («و» արաբերէնով, «and» անգլերէնով եւ «եւ» հայերէնով):
- Որ կամուրջ ընող տառ մըն է
- Կը ծառայէ որպէս շաղկապ
- Կրնայ տարօրինակ թուիլ, բայց հնգամատեանի համարներուն 65 տոկոսը «ուաու» ով կը սկսի, կապը պարզելու նպատակով:
- Իւրաքանչիւր սիւնակ կը սկսի Եբրայերէն 6-րդ տառով «ուաու», («و» արաբերէնով, «and» անգլերէնով եւ «եւ» հայերէնով):
Հռութի գիրքը
90 տոկոս համարները կը սկսին «ուաու» տառով
- Հրեական ժողովարաններուն մէջ Հռութի գիրքը կարդալու ատեն կ'իմացուի, թէ ինչո՞ւ այդքան շատ կը գործածուի «ուաու»ը:
- Հռութի գիրքը կը կարդացուի Պէնտէկոստէի օրը, Զատիկէն 50 օրեր ետք, որ «Սիվան» ամսուան՝ 6-րդ օրը (Մայիս 24) կ'ըլլայ:
- Ատիկա կը հանդիպի Սինա լերան վրայ, երբ հնգամատեանը տրուեցաւ Մովսէսին:
- Հնգամատեանին տրուած օրը կարդացուող Հռութին գիրքը, պատճառ մըն է տեսնելու, թէ Աստուծոյ խօսքը միացած ամբողջութիւն մըն է:
- Գիրքը ցոյց կու տայ հոգեւոր կապակցութիւն
- Հռութ կը մերժէ բաժնուիլ իր կեսուրէն
- Բոոս կը մերժէ բաժնուիլ իր ազգակիցէն՝ Հռութէն
- Այդ պատճառով, Պէնտէկոստէի օրը նկատուած է կապակցութեան խորհրդանշող օր:
- Սուրբ Հոգին վերնատան մէջ եղող բոլոր աշակերտները լեցուց կրակով, որոնք իրենց պարգեւներով կապուեցան բոլոր մարդոց:
- Գիրքը ցոյց կու տայ հոգեւոր կապակցութիւն
Այդ պատճառով Աստուծոյ խօսքը մեզ կը կապէ իրարու եւ ուրիշներուն, տարբեր ձեւերով
- Ա.Կր 12.13-14,20
«13Վասնզի մենք ամէնքս մէ՛կ Հոգիով մէ՛կ մարմին ըլլալու մկրտուեցանք, թէ՛ Հրեաներ, թէ՛ հեթանոսներ, թէ՛ ծառաներ, թէ՛ ազատներ եւ ամէնքս ալ մէ՛կ Հոգիէ խմեցինք: 14Վասնզի մարմինը մէկ անդամ չէ, հապա շատ: […] 20Բայց հիմա անդամները շատ են, իսկ մարմինը՝ մէկ»: