Միայն Քրիստոսով է փրկութիւնը (Գրծ 4.12) եւ փրկութիւնը կ'ըլլայ միայն հաւատքով, շնորհքով եւ ո՛չ՝ գործերով (Եփ 2.8):
Պօղոսին Համար Նոր Հանգրուան Մը
Պօղոս, Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած, կը մտնէր հեթանոսներուն մօտ եւ Աստուծոյ Խօսքը կու տար անոնց:
Մենք ալ, երբ Յիսուսը ընդունեցինք եւ Սուրբ Հոգին ստացանք, պատասխանատուութիւն ստանձնեցինք մարդոց յայտնելու Քրիստոսի մասին:
Գրծ 14.18-ին մէջ, Պօղոսը մահուան աստիճան քարկոծած եւ քաղաքէն դուրս քաշած էին՝ կարծելով, թէ մեռած է:
Գրծ 15.1-2- ին մէջ, Պօղոսն ու Բառնաբասը Երուսաղէմ կը կանչուին՝ լուրջ հարցաքննութեան համար: Կային մարդիկ, որոնք քրիստոնէութիւնը փիլիսոփայութեան վերածած էին եւ որոշած էին, որ առանց թլփատութեան կարելի չէ փրկուիլ:
Այս մարդիկը կը կասկածէին Պօղոսի կատարած գործին վրայ: Այսօր եւս կան մարդիկ, որոնք կը կասկածին Սուրբ Հոգիին գործին վրայ եւ Սուրբ Հոգին շատ տեղերէ վռնտուած է:
Լուրջ փաստեր կային, որ Յիսուսն է փրկիչը, բայց այս մարդիկը չէին ուզեր ճանչնալ: Միշտ ալ եղած են մարդիկ, որոնք ճանչնալ չեն ուզեր, բայց իրականութեան մէջ բոլոր ազգերն ալ միշտ փրկութեան ծարաւը ունեցած են. Ամէն մարդ պէտք ունի փրկիչի մը եւ ազատագրողի մը:
Հին Կտակարանին մէջ կան 330 մարգարէութիւններ, որոնք կը խօսին Փրկիչին գալուն եւ Անոր կատարելիքներուն մասին: Զանազան մարդիկ ներկայացած են, որպէս փրկիչ, բայց միայն Յիսուսն է, որ խաչին վրայ Իր արիւնը թափեց՝ մարդոց փրկութեան համար: Մարդու մը կեանքին ընթացքին այդ մարգարէութիւններէն միայն ութը հատին կատարուելուն հաւանականութիւնը 1 առ հարիւր քառիլիոն է, բայց Յիսուս Իր կեանքին ընթացքին բոլորը կատարեց. անոնցմէ 21 հատը մէկ օրուան մէջ կատարեց:
Սուրբ Հոգիին Մասին Վիճաբանութիւնները Անպէտք Են (Գրծ 15.7)
Մինչ առաքեալներն ու երէցները հաւաքուած էին այդ մասին խորհելու, շատ վիճաբանութիւններ տեղի ունեցան: Այս մարդիկը կը վիճէին Սուրբ Հոգիին տուածներուն մասին: Իրականութեան մէջ այս վէճերը անպէտք են: Կարեւոր է, որ կեդրոնանանք Աստուծոյ գործին վրայ եւ ոչ թէ վիճաբանութիւններու:
Պետրոս ըսաւ. «''Սրտագէտն Աստուած վկայեց անոնց՝ Սուրբ Հոգին տալով, ինչպէս մեզի ալ, եւ խտրութիւն մը չըրաւ մեր ու անոնց մէջտեղ, հաւատքով անոնց սրտերը մաքրելով» (Գրծ 15.8-9):
Պետրոս հաստատեց, թէ եթէ Սուրբ Հոգին խտրութիւն չդրաւ, մենք ալ չենք կրնար դնել: Սուրբ Հոգիին կոչումն ու առաքելութիւնը բոլորին համար է:
Սուրբ Հոգիին տուած առաքելութեան վրայ բեռ կամ արգելք դնելը զԱստուած փորձել կը նշանակէ (Գրծ 15.10): Պէտք չէ Սուրբ Հոգիին աշխատանքին առջեւ արգելք դնենք. Ան Իր ստեղծած տան մէջ ազատութիւն պէտք է ունենայ:
(Հմր 12) Ժողովուրդը մտիկ կ'ընէր Պօղոսին ու Բառնաբասին տուած վկայութեան: Անոնց պատմեցին հեթանոսներուն մէջ Աստուծոյ կատարած գործերուն ու հրաշքներուն մասին:
Աստուծոյ գործերը բաւարարաչափ հաստատում ու վկայութիւն են: Կարեւոր է, որ մեր հաւատքը երբեք աւանդութեան չվերածուի:
Յակոբոս ըսաւ. «''Յայտնի են Աստուծոյ իր բոլոր գործերը աշխարհի սկիզբէն ի վեր: Ասոր համար ես յարմար կը դատեմ նեղութիւն չտալ անոնց, որոնք հեթանոսներէն Աստուծոյ կը դառնան» (Գրծ 15.18-19):
Աստուծոյ ըրածները յայտնի են եւ ինչ որ Իրմով կը ձեռնարկուի բոլոր միւս բանէն տարբեր է: Մենք չենք կրնար դիմացինին որեւէ բան պարտադրել, բայց մեր կեանքը նշաններով կը դպչի մարդոց: Հետեւաբար շատ կարեւոր է, որ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ քալենք ու գործենք (Հմմտ Եզր 6.6):
Աստուծոյ Խօսքով Քալելու Արդիւնքը
Այն ատեն եկեղեցին որոշեց Պօղոսին ու Բառնաբասին հետ Անտիոք ղրկել Յուդան ու Շիղան: Անոնց ձեռքով թուղթ մը ղրկեցին հեթանոս հաւատացեալներուն: Երբ անոնք Անտիոք հասան, ժողովուրդը հաւաքելով՝ նամակը կարդացին:
«Ու երբ կարդացին, ուրախացան տրուած մխիթարութեան համար: Իսկ Յուդա եւ Շիղա, որ իրենք ալ մարգարէ էին, շատ խօսքերով յորդորեցին եղբայրները ու հաստատեցին» (Գրծ 15.31-32):
Ճիշդ նամակը ուրախութիւն կը բերէ: Երբ Աստուծոյ խօսքին համաձայն քալեցին, ամէն բան Աստուծոյ Հոգիով եղաւ եւ աւետարանչութիւնը մեծ ուրախութիւն բերաւ ժողովուրդին մէջ:
Հաւատացեալներուն պաշտօնը Քրիստոսի մարմինին անդամ ըլլալն է: Կարեւոր է, որ ժողովուրդը միշտ քաջալերենք փրկութեան լուրով եւ մեր շրթները բանանք՝ մարգարէանալու համար: Մարգարէութիւններ ընելով յորդորենք եւ քաջալերենք զիրար ինչպէս նաեւ բոլոր հաւատացեալները: