Եփեսացիներուն ղրկուած նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ կը խօսի հնգապատիկ ծառայութեան ձեւին մասին, որպէս հոգեւոր աշխատանքը եկեղեցիին մէջ զօրաւոր պահելու միջոցը:
Եփ 4.7-12- Յիսուս մեզմէ իւրաքանչիւրին տուած է շնորհք մը: Պօղոս առաքեալ կը խօսի հինգ հիմնական գործերու մասին, որոնց միջոցաւ եկեղեցիին իւրաքանչիւր անդամը կը գործակցի տիեզերքը Քրիստոսի յաղթութեան շունչով լեցնելու գործին: