Այս նիւթին առաջին մասին մէջ կը խօսինք Աստուծոյ սիրոյն մասին եւ սիրոյ յարաբերութեան համար Իր ունեցած մեծ փափաքին մասին:
Նախքան ստեղծագործութիւնը, Երրորդութիւնը ներդաշնակ միասնութեամբ յաւիտենականութեան մէջ կ'ապրէր (Ես 57.15) եւ որեւէ բանի պակասը չունէր: Աստուած Իր սիրով որոշեց ստեղծել ամէն բան: Ան Իր ստեղծածներէն միայն սէր կ'ակնկալէր, բայց ստեղծուածը ազատ էր ընտրելու՝ սիրե՞լ զԱստուած եւ Անոր հետ միացած ապրիլ թէ՝ ոչ:
Աստուած ստեղծագործութեան սկիզբը ըրաւ հրեղէն արարածները՝ հրեշտակները: Հրեշտակապետը՝ Արուսեակը (Ես 14.12), զոր Աստուած պատած էր մեծամեծ բարիքներով (Եզ 28.12-18), չգիտցաւ արժեւորել Աստուծոյ սէրն ու պարգեւը եւ Աստուծոյ նմանիլ ուզելով Անոր դէմ ըմբոստացաւ (Ես 14.12-15): Այսպիսով, ան հակառակորդ՝ «Սատանայ» կոչուեցաւ:
Աստուած նախ տիզեզերքը ստեղծեց եւ ապա իր պատկերին նմանութեամբ հողէն շինեց մարդը: Ան մարդը կենդանի հոգի ըրաւ, որպէսզի կարենայ հոգի Աստուծոյ հետ սիրոյ յարաբերութիւն ունենալ (Ծն 1.26-28, 2.7: Յհ 4.24):
Աստուած Իր եւ մարդուն միջեւ կատարեալ յարաբերութիւն կ'ուզէ: Աստուծոյ մարդուն հետ կնքած յաւիտենական ուխտը ունի երեք մասեր՝ Աստուածային առաջնորդութիւն (Ծն 17.7, 26.24, 28.13-14), Աստուածային յարաբերութիւն (Բ.Օր 29.12-13) եւ Աստուածային բարեկամութիւն (Ելք 29:45-46):
Հայրը գործը Որդիին վստահեցաւ իսկ Որդին գործը ամբողջացնելէ ետք՝ յանձնեց Սուրբ Հոգիին, որ Իր կարգին մեզի յանձնեց: Աստուած մարդը թագաւոր եւ իշխան ըրաւ՝ երկրին տիրելու եւ զանիկա լեցնելու համար (Սղ 115.16): Բայց մարդը, Արուսեակին նման, չկրցաւ շնորհակալ ըլլալ եւ գնահատել Աստուծոյ տուած բարիքները եւ ըմբոստացաւ Աստուծոյ դէմ:
Թէ՛ հրեշտակները եւ թէ՛ մարդիկը երկու խումբերու բաժնուեցան՝ Աստուծոյ կամքին հնազանդողները եւ անոր ընդդիմացողները:
Աստուծոյ մնայուն եւ անփոփոխ փափաքն է, որ մարդը փրկուի եւ սկիզբէն իր ունեցած շնորհքին վերարժանանայ:Իսկ Սատանան կ'ուզէ, որ մարդը անէծքին տակ անշնորհք եւ Աստուծմէ հեռու մնայ: Այս ուղղութեամբ երկու խումբերը միշտ պատերազմի մէջ են:
Հետեւաբար մարդը պայքար մը ունի եւ անոր դիմաց պէտք է լաւ զինուի (Եր 1.7-10, 18): Կարեւոր է գիտնանք ի՞նչ է շնորհքը եւ ի՞նչ է անէծքը եւ ճանչնանք այն ազդեցութիւնները, որ մէկ խմբակը միւս խմբակին վրայ կ'ունենայ, որովհետեւ թշնամին մի՛շտ կ'աշխատի մեզ Աստուծոյ ներկայութենէն զրկել:
Երբ հաւատացեալը եւ նոյնիսկ շնորքով ծառայող զաւակը թշնամիին հոսանքին ենթարկուի, ան կը սկսի վախնալ թշնամիէն (որ սկզբունքով իրմէ տկար է) եւ կը սկսի իր առաքելութեան վերաբերեալ կասկածներ ունենալ: Ան կրնայ նոյնիսկ Աստուծոյ կողմէ իրեն յանձնուած բարիքներէն եւ առաքելութենէն հրաժարիլ:
Եղիա մարգարէն թագաւորներու դէմ դնող մարգարէ մը ըլլալով հանդերձ, դեւ մը զինք վախցուց, բայց ինքզինք վերագտաւ միայն երբ Քորեբ լեռը հասաւ եւ Աստուծոյ Անձին հետ հաղորդակցեցաւ: Աստուծոյ ներկայութեան գանք հնազանդութեամբ եւ ակնկալենք, որ Ան միջամտէ: