Թշնամին քեզի դէմ ուժ չունի, բայց կ'օգտագործէ տկարութիւններդ: Հետեւաբար հաւատացեալը ունի կարեւոր պարտականութիւն մը. ան պէտք չէ բաւարարուի հաւատացեալի անունով:
Երբ թշնամին հաւատքիդ հակառակ նիւթեր կը դնէ մէջդ՝ սիրտդ խռովեցնելու նպատակով, ամէն գնով հաւատքիդ բռնուէ՛, Աստուծոյ Անձին հետ հաղորդա կցելու միջոցդ գտիր եւ մի՛ փորձեր պայքարիլ: Թշնամիին խորհուրդները Տիրոջ առջեւ բեր եւ զանոնք հաւատքի մաղէն անցուր (Բ. Կր 10.4-5), Դաւիթի օրինակով, որ ինքզինք մխիթարեց Աբիգիայի խոհեմութեամբ ու մեղքէն ազատեցաւ (Ա.Թգ 25.32-35):
Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը շատ կարեւոր է: Դաւիթ յաջող մարդ էր, բայց ան Տիրոջ հարցուց պատերազմի երթալէն առաջ (Բ.Թգ 5.17-25, Ա.Թգ 16.13, 18.13-15): Յիսուս շարունակ կ'առանձնանար՝ Հօրը հետ հաղորդակցելու համար (Մր 6.46):
Աստուած միշտ հրաշքով մը դժուարութենէն դուրս չի բերեր քեզ, այլ՝ ցոյց կու տայ ելքը եւ յաջողելու կարողութեամբ կ'օժտէ քեզ, որպէսզի վերստին Աստուծոյ Անձին հետ հաղորդակցելու կարող ըլլաս, քեզի տուած իշխանութեա՛մբ յաղթես թշնամիին եւ միշտ յաղթական ապրելու գիտակցութիւնը ունենաս:
Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը Սիդոնացիներուն Եթբաաղ թագաւորին աղջիկը՝ Յեզաբէլը կնութեան առած էր (Գ.Թգ 19.1-18): Այդ օրերուն, երկրին մէջ, Սատանային կողմէ մղուած պատերազմ մը կար՝ աստուածպաշտութիւնը դադրեցնելու եւ անոր փոխարէն սատանայապաշտութիւնը հաստատելու համար: Եղիա Աստուծոյ գործը կ'ընէր իսկ Յեզաբէլ՝ Սատանային գործը:
Մինչ Յեզաբէլ երկրին ժողովուրդը կը մոլորեցնէր՝ զանոնք Աստուծմէ հեռացնելու նպատակով, Աստուած Եղիա մարգարէին միջոցաւ ճշմարիտ աստուածպաշտութիւնը կը քարոզէր: Եղիա Սատանային գործերուն դէմ կը դնէր եւ Աստուած զինք օժտած էր գերբնական զօրութեամբ:
Տեսնելով Եղիայի աշխատանքը եւ Տիրոջ գերբնական զօրութեան հետ անոր գործակցութիւնը, Սատանան որոշեց Յեզաբէլի միջոցաւ անէծք թափել անոր վրայ՝ Աստուծոյ հետ անոր ունեցած հաղորդակցութիւնը պղտորելու նպատակով:
Թէեւ Եղիա մարգարէն զօրաւոր նկարագիրով մարդ մըն էր, բայց երբ Յեզաբէլ անոր խօսեցաւ իր աստուածներուն անունով եւ իր վրայ դիւային անէծք մը թափեց, Եղիա արտօնեց, որ թշնամիին սպառնալիքը իր միտքին ու սիրտին մէջ մտնէ: Յեզաբէլին խօսքը հովանաւորող վախի ոգին տիրեց Եղիայի սիրտին եւ զգացումներուն վրայ. ան վախցաւ (Գ. Թգ 19.3) ու փախաւ:
Եղիա կը տառապէր եւ չէր կրնար Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնել: Ան յաղթութիւնը եւ Տիրոջ երկիւղը զգաց միայն երբ Տիրոջ մեղմ ձայնը իր մէջէն խօսեցաւ: Այդ մեղմ ձայնով, թշնամին պարտուեցաւ իր մէջ եւ Եղիա իր առաքելութիւնը շարունակելու պատրաստ եղաւ (Գ. Թգ 19.15-21):
Երբ արտօնենք, որ սխալը մտնէ, մեր անձերը կը հրաժարեցնենք Աստուծոյ ծառայելէն: Թշնամիին ծրագիրը նո՛յնն է այսօր եւ ան կը փորձէ մեր առաքելութիւնը ճզմել՝ մեր տկարութիւնները գործածելով: Չբաւարարուինք մեր ունեցածով, այլ մեր տկար բաժիններուն մէջ զօրանանք: