Ծառայել բառը Աստուածաշունչին համաձայն միայն գործ մը ընել չէ, հապա՝ եբրայերէն «աֆվատ» բառն է (Strong’s Enhanced Lexicon), որ կը նշանակէ պաշտել: Այդ պատճառով Տիրոջ ծառայողին կատարած բոլոր ծառայութիւնները սոսկ գործեր չեն համարուիր, հապա նուիրումէ մղուած պաշտամունք (հմմտ Հռ 12.1):
Ծառայութիւն մը, որ կապ ունի անձի մը պաշտելուն հետ եւ ոչ թէ միայն անոր ձիրքերը գործի դնելու հետ: Պաշտուողին եւ ծառայութիւնը ընդունողին արժէքը եւ սրբութիւնը նկատի կ'առնուին եւ այդ պատճառով ծառայողը զգուշութեամբ կը շարժի եւ ամէն ինչ որ պիտի ընէ հաշիւով կ'ընէ, որովհետեւ հաշուետու կը զգայ Անոր, որուն կը ծառայէ:
- Սրբութիւն, եբրայերէնով՝ «քատէշ», կը նշանակէ՝ նուիրուած, նուիրագործուած եւ բաժնուած:
Ծառայութեան սրբութիւնը կը տեսնուի երեք կողմերէ.
- Տէրը սուրբ կը նկատէ ծառայութիւնը եւ ծառայողը:
- Ծառայողը նկատի կ'առնէ Աստուծոյ սրբութիւնը եւ ծառայութեան սրբութիւնը:
- Մարդիկ նկատի կ'առնեն ծառայութեան սրբութիւնն ու անոր աստուածային ըլլալը եւ ատոր համաձայն ալ կը զգուշանան:
Ղւ 21-րդ գլուխին մէջ, Տէրը Մովսէսին կ'ըսէ, որ քահանաները եւ աւագ քահանայապետը (այս օրուան դրութեամբ՝ բոլոր ծառայողները), իրենց անձերը չպղծեն եւ մաքուր պահեն, որովհետեւ անոնք սրբուած են՝ Սուրբ Աստուծոյ ծառայելու համար:
(Հմր 1-4) «Տէրը ըսաւ Մովսէսին. “Խօսէ՛ Ահարոնի որդիներուն՝ քահանաներուն՝ ու ըսէ անոնց. ‘Քահանայ մը մէկուն մահուան համար թող անմաքուր չըլլայ իր ժողովուրդին մէջ. բայց միայն իր մօտ ազգականին համար, այսինքն՝ իր մօրն ու հօրը եւ իր որդիին ու իր աղջկան եւ իր եղբօրը համար եւ իր կոյս քրոջ համար, որ մօտն է ու էրկան տրուած չէ: Անիկա իր ժողովուրդին մէջ գլխաւոր մարդ ըլլալով, անմաքուր թող չըլլայ՝ ինքզինք պղծելով’”»:
Ըստ ինծի, այս հատուածը ընդհանրական ձեւով ալ կրնայ բացատրուիլ: Այսինքն՝ ինչպէս Տէր Յիսուս ըսաւ Ղկ 9.60-ին մէջ. «[...] Ձգէ՛, որ մեռելները թաղեն իրենց մեռելները, իսկ դուն գնա՛ եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզէ»: Կարդա՛ 59-62 համարները:
Հրեաներուն սովորութեան համաձայն, անմաքուր դարձնող բան մըն էր մահուան հետ կապուած տեղեր գտնուիլը եւ եթէ մէկը ներկայ ըլլար, պէտք էր անկէ ետք քանի մը օր մաքրուէր, ըստ օրէնքին, որպէսզի նորէն Տիրոջ ներկայութեան մէջ ծառայէր:
- Իսկ քահանան «ժողովուրդին մէջ գլխաւոր մարդ ըլլալով», չէր կրնար իր առաջնահերթութիւնները համարուող իր ամենօրեայ ծառայութիւններէն կամ պարտականութիւններէն ուշանալ կամ թերանալ, բացի եթէ հարցը իր ընտանիքին հետ կապուած պարագայ մը ըլլար:
Այսօրուան դրութեամբ, Քրիստոնէական նայուածքով բացատրելով, պէտք չէ արտօնենք, որ որեւէ բան պատճառ դառնայ, որ մենք մեր հոգեւոր կեանքի առաջնահերթութիւններէն ուշանանք կամ թերանանք եւ կամ ժամավաճառ ըլլանք:
Երբ կը կարդանք 10-րդ համարը, կը նկատենք, թէ քահանայապետը նոյնիսկ իր ընտանիքի անդամներո՛ւն պատճառով չէր կրնար իր առաջնահերթութիւնները համարուող պարտականութիւններէն ուշանալ կամ թերանալ: (Այդ խիստ պատուէրները բնաւ պէտք չէ խառնենք կեանքի մէջ անհրաժեշտ համարուող պարտականութիւններուն, ընկերային պարտականութիւններուն եւ քաղաքավարական վարժութիւններուն հետ. այդ բաներուն համար միշտ սահմանուած ծառայողներ պիտի ըլլան):
Պէտք է ճիշդ վերը բացատրուած պարունակին մէջ հասկնալ, թէ ծառայողներուն սուրբ ծառայութիւնները ունին պահանջներ, որոնք պէտք է յանձն առնուին կամ կան գիներ, զորս պէտք է վճարուին:
Նկատի Առնուելիք այլ Կէտեր
Հմր 6-ը կ'ըսէ, թէ քահանային պղծուելովը Աստուծոյ անունը պղծուած կ'ըլլայ. «Սուրբ թող ըլլան ու իրենց Աստուծոյն եւ իրենց Աստուծոյն անունը թող չպղծեն […]»:
Հմր 5-ը կ'ըսէ, թէ անոնք պէտք չէ իրենց գլխուն մազերը փետտեն կամ իրենց մօրուքին ծայրերը ածիլեն:
Հմր 7-ը կ'ըսէ, թէ պէտք է ամուսնութեան սրբութիւնը պահեն (հմմտ Բ.Կր 6.14):
Հմր 9-ը կ'ըսէ, թէ քահանային աղջկան պոռնկութիւնը կը պղծէ քահանան: Այսինքն՝ քահանան իր ընտանիքին մէջ իր ծառայութեան սրբութիւնը պահելով պէտք է մեծցնէ իր զաւակները (հմմտ Տիտ 1.6: Ա.Տմ 3.5):
Հմր 10-ը կ'ըսէ, թէ քահանան պէտք չէ ինքզինք որեւէ ձեւով պղծէ (հմմտ Բ.Տմ 2.4):
Հմր 13-14-ը կ'ըսէ, թէ օտար անձերու հետ պէտք չէ ամուսնանան: Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ Հմր 15-ը կ'ըսէ, թէ քահանան պէտք չէ իր սերմը պղծէ, այսինքն՝ արտօնէ, որ սերունդին արեան մէջ օտար արիւն մտնէ: Ղեւտացիները սկզբունքով միայն իրենց ցեղէն կ'ընտրէին իրենց զոյգերը:
Քրիստոսի Մարմինին՝ Եկեղեցիին մէջ
Այդ բոլորը մեզի մտածել կու տան, թէ Հին Կտակարանի այդ օրէնքները ի՞նչ կապ ունին այսօրուան Եկեղեցիին հետ: Բնաւ կապ չունին: Եկեղեցւոյ ծառաները ենթակայ չեն այդ օրէնքներուն, որովհետեւ Քրիստոսի շնորհքին տակ կ'ապրին (տե՛ս Հռ 6.14): Բայց այդ օրէնքներուն ետին գտնուող սկզբունքները տակաւին կարեւոր եւ գործադրելի են: Եթէ Աստուծոյ օրհնութիւնը կ'ակնկալես քու կեանքիդ եւ ծառայութեանդ վրայ, պէտք է քու ամուսնութիւնդ, ընտանիքդ եւ ծառայութեանդ դաշտը եւլն. մաքուր եւ նուիրուած պահես Աստուծոյ:
- Աստուածահաճոյ ամուսնութիւնը եւ զաւակները կը հիմնեն հոգեւոր աշտարակ մը, բերդ մը, որուն միջոցաւ Աստուծոյ մարդը կամ ծառան կրնայ մղել Աստուծոյ պատերազմները:
Հետեւաբար, սիրելիներ, Քրիստոնեաները պէտք է իրենց անձերուն համար զգուշ ըլլան եւ նաեւ աղօթեն իրենց հովիւներուն եւ ղեկավարներուն համար, որովհետեւ անոնք թշնամիին առաջին թիրախներն են: