«Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի: Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը: Ամէն» (Մտ 28.19-20):
Յիսուսի բացակայութիւնը միայն ֆիզիքական է. Ան մի՛շտ ներկայ է:
«Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գրծ 1.8)
«Անոնք ելան ու ամէն տեղ կը քարոզէին եւ Տէրը անոնց գործակից էր ու խօսքը կը հաստատէր այն նշաններով, որոնք անոնց հետ կ’երթային: Ամէն» (Մր 16.20):
Տէրը մեզ կը ղրկէ՝ որ հաւատքով ապրինք եւ ճիշդ խօսքերուն համաձայն գործենք: Երբ Տիրոջ ղրկած տեղը երթանք հաւատքով՝ պիտի նկատենք, թէ Ան ամէն ինչ պատրաստած է մեզի համար. խօսքին հանդէպ մեր հնազանդութիւնը կը սեղմէ փլթակը եւ տեսանելի կը դարձնէ հրաշքը:
Մտ 17.23-26
Պետրոս պատուէր ստացաւ ծով երթալու, կարթը նետելով ձուկ որսալու եւ անոր բերնէն դրամ հանելով՝ իր եւ Յիսուսի տուրքը վճառելու:
«Երբ անոնք Կափառնայում եկան, երկդրամեան տուրքը առնողները Պետրոսին եկան ու ըսին.Ձեր վարդապետը երկդրամեանը չի՞ հատուցաներ”: Անիկա ըսաւ. “Այո՛, կը հատուցանէ': Երբ տունը մտաւ, առաջ Յիսուս խօսեցաւ անոր ու ըսաւ. “Քեզի ի՞նչպէս կերեւնայ, Սի՛մոն, երկրի թագաւորները որմէ՞ կ’առնեն հարկը կամ տուրքը. Իրենց որդիներէ՞ն թէ օտարներէն”: Պետրոս ըսաւ. “Օտարներէն”: […]» (Մտ 17.23-25):
Այսօրուան օրինակով, օտարականները աշխարհի ծովուն մէջ բնակողներն են:
«Բայց չըլլայ թէ զանոնք գայթակղեցնենք, գնա՛ ծովը եւ կարթը ձգէ ու առաջին ձուկը որ կ’ելլէ՝ ա՛ռ եւ անոր բերանը բանալով սատեր մը պիտի գտնես: Անոնց տուր ինծի եւ քեզի համար» (Մտ 17.26):
Ծովը ներկայ աշխարհն է, իսկ կարթը՝ աւետարանելու միջոցն է: Ձուկը աշխարհի ծովուն մէջ բնակող տակաւին Յիսուսը չճանչցողն է, իսկ բերանին մէջի դրամը՝ Աստուծոյ տունը պահելու բոլոր միջոցները (նուիրում, նիւթական եւ ծառայութիւն):
Պետրոս հաւատքով գնաց ծով՝ ձուկը բռնելու համար եւ մինչ հաւատքով կը շարժէր ամէն ինչ պատրաստ էր իր առջեւը:
Մենք եւս, երբ Աստուծոյ խօսքին հնազանդելով կ'երթանք, կը տեսնենք, թէ ինչպէս Աստուած պատրաստած է գետինը որուն վրայ պիտի կատարուին խոստումները...