Կարեւոր է որ Քրիստոնեան գիտնայ իր առաքելութիւնը եւ կարենայ ենթարկուիլ Աստուծոյ կամքին:
Յիսուս խաչը ելլելէն առաջ իր աշակերտներուն հետ գնաց Գեթսեմանի, իրենց կարեւոր բան մը սորվեցնելու համար:
Յիսուս ամէն պէտք յանձն առաւ իր առաքելութեան յաջողութեան համար: Ան բնաւ զիջում չըրաւ եւ իր պաշտօնը լման կատարեց: Ան լման կատարեց, որպէսզի մենք ալ մտնենք մեր Գեթսեմանին, այսինքն դժուարութեան հոգիին դիմաց կենանք՝ Աստուծոյ կամքը կատարուելուն համար:
Յաջողութեան Համար Հսկելու Սկզբունքը (Մտ 26.36-46)
Ձիթենեաց լեռը յատուկ տեղ մըն էր, ուր Յիսուս յաճախ կ'երթար առանձնանալու համար (Յհ 18.2):
Գեթսեմանի «Γεθσημανῆ, Γεθσημανί [Gethsemane /gheth•say•man•ay/]», կը նշանակէ՝ իւղահան, կորզիջ, այսինքն՝ Ձիթապտուղը ճզմող մեքենայ: Ձիթապտուղը ճզմուելէն ետք է որ դուրս կու գայ զէյթը, որ օծելու եւ օրհնութիւն փոխանցելու միջոց է:
Տեղին անունը յատուկ էր եւ մեր Տիրոջ տագնապին ու հոգեվարքին կը յարմարէր: Յիսուս մահուան չափ կը տառապէր եւ կատարուելիքներուն ազդեցութիւնը իր վրայ մահուան չափ կը ճնշէր:
Գեթսեմանի Երթալուն Նպատակը
Յիսուս Գեթսեմանի գնաց Հօր հետ առանձնանալու եւ մտերիմ ժամանակ անցընելով առաքելութեան գործին յաջողութեան համար հսկելու համար (հմմտ Յհ 5.19,30): Ան այսպիսով թոյլ տուաւ որ հակառակ ճնշումներուն, իր կեանքին վրայ տիրողը Հօր կամքը ըլլայ:
Յիսուս ցոյց տուաւ որ իր յաջողութեան պատճառը Հօր ձայնը լսելն էր: Գեթսեմանիի մէջ Յիսուս իր անձը կ'ենթարկէր Հօր կամքին:
Յաջողութեան Սկզբունքը (Մտ 26.36-46)
Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը եւ Զեբեդէոսի երկու որդիները եւ անոնց ըսաւ. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է: Հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթուն մնացէք» (38):
Յիսուս կ'ուզէր որ իր օրինակով աշակերտները աղօթեն: Ան ցոյց տուաւ որ մարմինը կրնայ տկար ըլլալ բայց մենք կրնանք մեր մարմինին յօժարութիւնը աւելցնել աղօթքով:
Յիսուս մինակ աղօթելու գնաց եւ Հօր ըսաւ «Ով Հայր իմ, եթէ կարելի է, թող որ այս գաւաթը ինձմէ անցնի. Բա՛յց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ'ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ'ուզես»:
Յիսուս անմեղ ըլլալով պէտք էր յանձն առնէր մահը. Ինք որ մեղք չէր գործած եւ իրեն համար անտանելի էր մեղքը իր վրայ առնելը: Բայց տակաւին Յիսուս փախուստ չտուաւ այլ յանձնուած մնաց եւ չըրաւ իր մարմինին վրայ տիրածը:
Ձիթապտուղի ծառը լաւ մը կը ծեծեն որպէսզի ձիթապտուղները թափին: Անկէ ետք ձիթապտուղը կը ճզմուի որ զէյթը դուրս ելլէ: Յիսուս խաչին վրայ մեռաւ (Գղ 2.20). Անոր սկզբունքն էր որ ճզմուելով գործը ամբողջացնէ:
Մեր կեանքին մէջ եւս, երբ մեր անձը աղօթքով Տիրոջ կը յանձնենք,Անոր ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ պիտի բարձրանայ: Ճզմուելով է որ մենք կրնանք Հօր Կամքին ենթարկուիլ: