Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ փոքրերը ժառանգութիւն են Տիրոջմէն՝ «Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են. որովայնի պտուղը անոր պարգեւն է» (Սղ 127.3):
Ընտանիքը եւ փոքրերը ծնողներուն պատասխանատուութեան յանձնուած են, եւ անոնց բնոյթին մէջն է փոքրերուն հոգալը:Ճիշդ ձեւով այս պատասխանատուութիւնը յանձն առնելը օգուտ է փոքրերուն եւ ծնողներուն, մինչ սխալ ձեւով յանձն առնելը բեռ եւ դժուարութիւն է բոլորին:
Կեանքին մէջ, փոքրերը եւ ընտանիքը պիտի գտնուին դժուար պայմաններու մէջ (առողջապահական, դիւային...):
Մտ 17.14 –ին մէջ կը կարդանք՝«Երբ ժողովուրդին քով եկան, մարդ մը մօտեցաւ անոր եւ ծունկի վրայ գալով՝ ըսաւ. “Տէ՛ր, իմ որդիիս ողորմէ, որ կը լուսնոտի եւ չարաչար կը տանջուի, քանզի յաճախ կրակի մէջ կ'իյնայ ու յաճախ ջուրի մէջ”»:
Մարդ մը իր որդիին համար ողորմած Յիսուսէն ողորմութիւն կը խնդրէր, սակայն իրեն շնորհուածը առնելու պատրաստ չէր եւ գիտութիւն չունէր: Պզտիկը ազատելու փափաք ունէր, բայց իր իրաւունքները չէր ճանչցած: Ատոր համար ալ Յիսուս նեղացաւ:
«Յիսուս ըսաւ. “Ով անհաւատ եւ խոտորեալ ա՛զգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի պիտի համբերեմ. զանիկա հոս ինծի բերէք”» (Մտ 17.16):
«Յիսուս սաստեց ու դեւը անկէ ելաւ եւ տղան բժշկուեցաւ նոյն ժամուն» (Մտ 17.17): Երբ աշակերտները Յիսուսին հարց տուին թէ ինչու չէին կրցած դեւը հանել (18), Յիսուս ըսաւ “Ձեր թերահաւատութեանը համար. քանզի ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենաք, այս լերան ըսէք, ‘Ասկէ անդին փոխադրուէ’, պիտի փոխադրուի ու բան մը անհնարին պիտի չըլլայ ձեզի”» (Մտ 17.19):
Յիսուս այդպէս պատասխան տուաւ աշակերտներուն հաւատացեալ եւ ծառայող ըլլալնուն համար. պատասխանը իրենց ունեցածը ճիշդ ձեւով գործածելու համար էր: Յիսուսի պատասխանէն կը հասկնանք, թէ հիմնականը մեր հաւատքին չափը չէ, այլ աճման վիճակը (Մտ 17.19):
Մտ 17.20-ին մէջ Յիսուս կը շարունակէըսելով«Սակայն այս տեսակը ուրիշ բանով չ’ելլեր, բայց միայն աղօթքով ու ծոմապահութեամբ »:
Երբ կ'ըսէ, թէ միայն աղօթքով կ'ելլէ, Յիսուս կ'ակնարկէ Աստուծոյ տրամադրուած սիրտի, կեդրոնացումի, կեանքի եւ նուիրումի, Անոր փառքը փնտռող սրտի:
Աղօթք՝ «բրօսիխի՛» (προσευχή [proseuche /pros·yoo·khay/]) կը գործածուի ըսելու համար աղօթք, աղօթել մեծ փափաքով եւ տեղ մը՝ տրամադրուած Աստուծոյ:
Դեւը կը փախչի երբ Աստուծոյ կը տրամադրուինք: Կարեւոր է որ ասիկա նկատի առնենք մեր ընտանիքէն ներս, որովհետեւ մեր ընտանիքը պզտիկ եկեղեցի է եւ օրհնութիւն է մեծ եկեղեցիին: