Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ Սուրբ Հոգիով ծնածները պէտք է ապրին Սուրբ Հոգիով (Գղ 5.25):
Հաւատացեալին կենցաղը` Սուրբ Հոգիով զօրացած, կը տարբերի իր անցեալի կենցաղէն:
Սուրբ Հոգիին բերած նորոգութեամբ (Հռ 7.6) եւ զօրութեամբ, հաւատացեալը կը յաղթէ մարդկային տկարութիւններուն (Հռ 8.2-4)՝ Քրիստոսի կնիքը եւ վկայութիւնը ըլլալու համար աշխարհին (Բ.Կր 3.3):