I. ՆԿԱՐԱԳԻՐԴ ԿՈՏՐՈՒԵԼԷՆ (ՋԱՐԴՈՒԵԼԷՆ) ԵՏՔ Ի՞ՆՉՊԷՍ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՍ:
Ա) Ասիկա ղեկավարի մը ամենադժուար փորձառութիւններէն մէկն է, քանի դժբախտաբար ղեկավարները մարզուած են միայն յաջողելու:
Բ) Ղեկավարները երբեք չեն մարզուած ազդու կերպով ձախողելու:
Եւ ճիշդ այս է հարցը:
- Պէտք է սորվիլ նաեւ ի՞նչպէս ձախողիլ եւ ի՞նչպէս վարուիլ ձախողութեան հետ:
- Ձախողող ղեկավարներուն միայն երկու առ հարիւրը կը վերադառնայ եւ կը վերապրի:
Գ) Թորոնթոյի քաղաքապետին օրինակը
- Ոստիկանութիւնը զինք ֆիլմի արձանագրած է մինչ ան թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ էր:
- Ոստիկանութիւնը զինք ֆիլմի արձանագրած է մինչ ան պոռնիկներու հետ էր:
- Քանատական լրատուամիջոց մը 30 վայրկեան հաղորդեց մասեր այն հարցաքննութենէն, որ Քանատայի Խորհուրդի անդամները վարեցին, որուն ընթացքին զինք 4 ժամ խորովեցին: Հարցաքննութեան ընթացքին, ան մերժեց անոնց ենթարկուիլ:
- Քաղաքապետին վերջին բառերն էին. «Ի՛նչ որ ալ ընէք, ես պիտի չհրաժարիմ իմ պաշտօնէս»:
- 41 հոգի իրեն դէմ քուեարկեց իսկ երկու հոգի յօգուտ իրեն քուեարկեցին:
- Խորհուրդին անդամները իրեն հարցուցին.
- «Այս վերջին երեսուն օրերուն ընթացքին բնաւ թմրեցուցիչ գնեցի՞ր»:
- Ան պահ մը լռեց եւ յետոյ ըսաւ. «Այո՛»:
- «Տակաւին մինչեւ հիմա թմրեցուցիչներու եւ զէնքերու հրապոյրին դէմ չե՞ս կրնար դնել»:
- Ան պատասխանեց. «Այո՛»:
Դ) Որպէս ղեկավար՝ դուն կրնաս որկաւորումդ կորսնցնել, անպէտք դառնալ – (disqualified):
- Այս քաղաքապետը որակազրկուեցաւ եւ տակաւին կը մերժէր պատուաւոր կամ ճիշդ բանը ընել:
- Վերջաւորութեան անոր հարցուցին. «Ամէն բան ըսի՞ր մեզի»:
- Ան պահ մը կեցաւ եւ յետոյ ըսաւ. «Թերեւս տակաւին ուրիշ պահուած բաներ ալ ունենամ»:
- Ասիկա մեզի ցոյց կու տայ մեր այսօրուան ղեկավարներուն արժանիքները (չափանիշները): Թորոնթոն աշխարհի ամենագեղեցիկ եւ ամենազօրաւոր քաղաքներէն մէկն է եւ անոր ղեկավարը թմրամոլ մըն է: Ան նկարագիրէ զուրկ է:
II. ՕՐԷՆՔ, ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ՆԿԱՐԱԳԻՐ
Ա) Ի՞նչ կ'ընես երբ ամէն բան կորսնցնես:
Բ) Մենք բոլորս գիտենք ի՛նչպէս դէպի վար իյնալ, բայց պէտք է գիտնանք ի՛նչպէս դէպի վեր իյնանք: Այսինքն՝ վերականգնինք:
Գ) Ամէն մարդ ձախողութիւն կրած է, պիտի կրէ կամ ներկայիս արդէն իսկ ձախողելու հանգրուանին մէջ է:
- Պետական գործիչներ, հովիւներ, ընդհանուր ղեկավարներ (գործադիր մարմինի վարիչներ), եպիսկոպոսներ, տանտիկիններ, ծառայողներ եւ նոյնիսկ ծնողներ ձախողութիւններ կրած են:
- Ի՞նչպէս կը վերականգնիս ձախողութենէն ետք:
Դ) Անցեալ պահէն ամփոփ վերաքաղ մը
Ղեկավարութեան հիմը նկարագիրն է:
- Ղեկավարութեան ամենակարեւոր բաղկացուցիչ մասը նկարագիրն է, եւ ոչ՝ ուժը կամ ձիրքը (հմտութիւնը) կամ իշխանութիւնը, ոչ ալ կարողութիւնը կամ ազդեցութիւնը:
- Ղեկավարութեան ամենամեծ պաշտպանը նկարագիրն է: Քու շրջապատդ (քեզ շրջապատող անձիքը) չէ քու պաշտպանութիւնդ: Քանի որ քեզ շրջապատող անձերը կրնան իրենք ալ նկարագիր չունենալ կամ թերեւս քու սխալ նկարագիրդ (անպատասխանատու նկարագիրդ) պաշտպանողը իրենք են: Անոնք քու փտածութեանդ մէկ մասն են:
Ձիրքերը եւ պարգեւները այնքան վստահելի (ապահով) են, ինչքան քու նկարագիրդ է: Նկարագիրդ՝ հմտութիւններուդ, պարգեւներուդ եւ ձիրքերուդ անօթն է: Երբ անօթը կը կոտրես, ձիրքերդ եւ պարգեւներդ կը կորսնցնես (Բ.Կր 4.1-12).
« 1 Հետեւաբար չենք յոգնիր այս պաշտօնէն, որ Աստուած մեզի տուաւ իր ողորմութեամբ: 2 Հրաժարած ենք վարագոյրի ետին նիւթուած ամօթալի գործերէն, այսինքն՝ խորամանկութիւն ի գործ չենք դներ եւ Աստուծոյ խօսքը չենք նենգափոխեր. այլ բացէ ի բաց ճշմարտութիւնը կը յայտարարենք, եւ ա՛յսպէս կը ներկայանանք մարդոց առջեւ, ինչպէս պիտի ընէինք Աստուծոյ առջեւ: 3 Իսկ հակառակ ասոր, եթէ մեր քարոզութիւնը մութ կը թուի ոմանց, մութ կը թուի միայն անոնց՝ որոնք կորուստի ճամբուն մէջ են: 4 Այս աշխարհի "աստուած"ը նկատուած Սատանան կուրցուցած է այդ անհաւատներուն միտքը, որպէսզի չըլլայ որ Աւետարանին բերած լոյսը ծագի անոնց մէջ, այսինքն՝ տեսնեն փառքը Քրիստոսի, որ անտեսանելի Աստուծոյ պատկերն է: 5 Սակայն մենք մեր անձերը չէ որ կը քարոզենք, այլ Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը կը քարոզենք եւ Յիսուսի սիրոյն մենք մեզ ձեր ծառաները դարձուցած ենք: 6 Որովհետեւ Աստուած ինք, որ ըսաւ՝ «Խաւարին մէջ լոյս թող ծագի», ինք մեր սիրտերուն մէջ ծագեցաւ, որպէսզի լուսաւորուինք եւ Աստուծոյ փառքը ճանչնանք Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ: 7 Արդ, այս գանձը մեր մէջ կը կրենք՝ կաւէ անօթներու պէս, որպէսզի յստակօրէն երեւի՝ թէ այս անսահման զօրութիւնը Աստուծմէ է որ կու գայ, եւ ո՛չ թէ մեզմէ: 8 Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք. 9 հալածանքներ անպակաս են, բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած՝ բայց խորտակուած չենք: 10 Շարունակ Յիսուսի մահը մեր մարմիններուն մէջ կը կրենք, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ մեր մարմիններուն մէջ յայտնուի: 11 Որքան ատեն որ կ’ապրինք՝ միշտ մահուան կը մատնուինք Յիսուսի սիրոյն, որպէսզի նաեւ Յիսուսի կեանքը յայտնուի մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ: 12 Այսպիսով, մահը կը ներգործէ մեր մէջ, որպէսզի կեանքը ներգործէ ձեր մէջ»:
Ե) Օրէնքին Զօրութիւնը
Մենք հասկցանք, թէ
- Նկարագիրին հիմը արժէքներն են: Օրինակ՝
- Անկեղծ սէր
- Ենթակայութիւն
- Հեզ
- Թափանցիկ
- Ընկերային
- Կրակոտ
- Պարկեշտութիւն
- Ողորմած Եւ Ճշմարիտ
- Բազմանալ՝ աշակերտներ հանելով
- Առատաձեռն
- Ստուգող եւ Հաշուետու
- Գործակցութիւն
- Ընտանիքի հոգի
- Ուխտ
- Անոնցմէ յառաջ կու գայ բարոյականութիւնը (վարքի կանոնները, բարոյագիտութիւնը):
- Բայց հարցումը հետեւեալն է, «Ի՞նչն է որ կ'արտադրէ եւ յառաջ կը բերէ արժէքները»:
- Բարոյագիտութեան հիմը ՕՐԷՆՔն է:
- Մշակոյթի մը աղբիւրը ՕՐԷՆՔն է:
- Բարոյականութեան աղբիւրը ՕՐԷՆՔն է:
- Բոլոր ՕՐԷՆՔներէն յառաջ կու գան բարոյական հետեւանքներ:
- Գրուած եւ արտասանուած ՕՐԷՆՔը խիղճը կը կերակրէ:
- Խիղճը չարտասանուած (չըսուած) ՕՐԷՆՔ է: Անիկա քու վրադ պոռացող (գոռացող) ՕՐԷՆՔն է:
- ՕՐԷՆՔը արժէքներուն աղբիւրն է:
- ՕՐԷՆՔը կը բացատրէ արժէքները եւ ՕՐԷՆՔը կը հաստատէ արժէքները:
- Երբ ՕՐԷՆՔ մը կը ստեղծես, կը նշանակէ, թէ ԱՐԺԷՔ մը ճանչցած ես (նշմարած, արժէքի մը անդրադարձած ես):
- Այս պատճառով, առաջին բանը որուն պէտք ունիս՝ երկիր մը կառուցելու համար, վարչապետ մը կամ նախագահ մը չէ, այլ՝ Սահմանադրութիւնը:
- Մենք պէտք ունինք սահմանադրութեան: Սահմանադրութիւնը իր մէջ կ'ընդգրկէ երկիրին սկզբունքները (իտեալները), այն չափանիշները, որոնց համաձայն ժողովուրդը պիտի ապրի: (Ի՞նչ, ի՞նչպէս եւ ինչո՞ւ ընեն):
- Սահմանադրութիւնը այն օրէնքներու շարքն է, որոնց հիման վրայ ժողովուրդը կը համաձայնի ապրիլ:
- Ասիկա կը նշանակէ, թէ սահմանադրութիւնը մշակոյթին աղբիւրն է: ՕՐԷՆՔը ա՛յդքան զօրութիւն ունի:
Զ) Նկարագիրին Դրսեւորումը (Երեւան Ելլելը)
- Նկարագիրը կը դրսեւորուի, կ'երեւի, երբ արժէքներդ, սկզբունքներդ, բարոյականութիւնդ եւ չափանիշներդ կը փորձուին:
- Նկարագիրը կը դրսեւորուի (կ'երեւի) ՃՆՇՈՒՄի տակ: Ինչ որ ըսես քու նկարագիրիդ մասին, միայն փորձը (կամ քննութիւնը) կրնայ փաստել նկարագիրիդ էութիւնը:
- Կրնաս քննութիւնը շատ բան կոչել, ինչպէս օրինակ՝ փորձութիւն կամ առիթ, բայց քու նկարագիրդ կը քննուի միայն փորձութեան տակ:
- Նկարագիրը կը դրսեւորուի, կ'երեւի փորձութեան տակ, որովհետեւ փաստ չկայ, որ դուն իրապէս կը հաւատաս բանի մը, մինչեւ որ փորձութեան յաղթես, փորձութիւնը կոտրես եւ քննութենէ մը անցնիս:
- Քու համոզումներդ քննութեամբ է որ կը փաստուին եւ ոչ թէ քու յայտարարութիւններովդ (պնդումներովդ): Ինչ որ կը յայտարարես, պէտք է քննուի:
- Անոր համար է, որ չի բաւեր պարզապէս մէկու մը ինքնակենսագրութիւնը (աշխատանքային կենսագրութիւնը) կարդաս: Պէտք է անոր կեա՛նքը կարդաս:
- ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ կը դրսեւորուի, կ'երեւի երբ անձնազոհողութիւնը (անձնուիրութիւնը) աւելի կարեւոր կ'ըլլայ, քան ժողովրդականութիւն վայելելու փափաքը եւ անոր սիրոյն կատարուած զիջումները:
- Կան երեք բաներ, որոնք կը քննեն քու ինչպիսի մարդ ըլլալդ:
- Տէր Յիսուս յաջողութեամբ անցաւ այն երեք քննութիւններէն, որոնք կը քննեն անձի մը նկարագիրը:
- Առաջինը ախորժակներն են: Ասիկա կ'ընդգրկէ կերակուրը, ըմպելիքները եւ սեռային յարաբերութիւնը:
- Երկրորդ բանը, որ նկարագիրդ ցոյց կու տայ, հռչակի քննութիւնն է:
- Եւ երրորդը՝ իշխանութեան քննութիւնն է:
- Տէր Յիսուս յաջողութեամբ անցաւ այն երեք քննութիւններէն, որոնք կը քննեն անձի մը նկարագիրը:
- Եթէ կ'ուզես գիտնալ տղամարդու մը կամ կնոջ մը իսկապէս ո՞վ ըլլալը, իրեն տուր իշխանութիւն եւ դրամ եւ տե՛ս ի՞նչպէս պիտի գործածէ զանոնք (տե՛ս ի՞նչ պիտի ընէ):
- Ուստի կարեւոր է գիտնաս, թէ պիտի քննուիս (փորձուիս):
- Կան երեք բաներ, որոնք կը քննեն քու ինչպիսի մարդ ըլլալդ:
Է) Արժէքներուն Զօրութիւնը
- Արժէքները օրէնքներէն աւելի լաւ են:
- Արժէքները օրէնքներէն աւելի կարեւոր են:
- Արժէքները նպատակներէն աւելի երկար կը մնան:
- Արժէքները նամակ կ'ուղարկեն:
- Պէտք է ճանչնալ արժէքները:
- Արժէքները պէտք է ընդունուին, որպէսզի արդիւնք բերեն:
- Պէտք է հաւատալ արժէքներուն:
- Արժէքները Կազմակերպութիւններ եւ Ազգեր կը Ձեւաւորեն:
- Արժէքները անձնական են, բայց երբեք գաղտնի (ծածուկ) չեն մնար:
- Արժէքները մշակոյթի կը վերածուին:
- Պէտք է բաժնեկցիլ արժէքները:
- Արժէքները իրենց նման արժէքներ կը գրաւեն:
- Ինչ որ ալ ըլլայ արժէքներուդ համակարգը, անիկա մաքնիսի մը պէս է, որ նոյնանման արժէքներ ունեցող մարդիկը կը հրապուրէ (դէպի իրեն կը քաշէ):
- Արժէքները նաեւ կը հրեն իրենց հակառակ եղող արժէքները:
- (Մայլզ Կ'ըսէ) Եթէ մէկը քեզի մօտենայ եւ առաջարկէ, որ օրէնք մը խախտես, կամ քեզի կաշառակերութիւն կամ խարդախութիւն մը առաջարկէ գործիդ կամ ծառայութեանդ մէջ, դուն արդէն իսկ ձախողած մարդ ես, որովհետեւ այդ մարդուն միտքին մէջ ան կը հաւատայ, թէ դուն պիտի ընդունիս ընել այդ գործը: Այլ խօսքով՝ քու արժէքներդ բարձր չեն հնչեր:
- Արժէքներուդ ձայնը ա՛յնքան բարձր պէտք է ըլլայ, որ մարդիկ իրարու պէտք է ըսեն, որ քեզի մօտենալը օգուտ չունի: Իրենք լաւ գիտեն, թէ դուն պիտի չընդառաջես իրենց առաջարկին:
- Ուստի եթէ չար մարդիկ քեզի մօտենան՝ չար գործի մը համար, դուն արդէն իսկ արատաւոր ես: Քու արժէքներուդ ձայնը բարձր պէտք է հնչէ:
- Արժէքները ընկերութեան մը ընդհանուր կանոնը կը դառնան:
- Արժէքները կրնան ստեղծել կամ կործանել:
Ը) Ղեկավարութեան Արժէքները
- Հաւատարմութեան Արժէքը
- Ինքնատիրապետումի (Self-Control) Արժէքը
- Կայունութեան (հաստատուն ըլլալու) Արժէքը
- Պարկեշտութեան Արժէքը այն մարդոց հանդէպ, որոնց կը ծառայես
- Պատասխանատու Հաղորդակցութեան Արժէքը
- Անձնական Պարկեշտութեան Արժէքը
- Հասունութեան Արժէքը
- Խոնարհութեան Արժէքը
Ասոնք են այն արժէքները, զորս ղեկավարները պէտք է ունենան, բայց չունին:
III. Ի՞ՆՉ Է ՂԵԿԱՎԱՐԻ ՄԸ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ԲԵՐԱԾ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ
Ա) Ղեկավարութեան մէջ ձախողիլը այնքան մեծ վնաս չէ ինչքան այդ ձախողութեան հետ ազդու կերպով վարուելու մէջ ձախողիլը:
- Ամէն մարդ անպայման բանի մը մէջ կը ձախողի:
- Ամէն մարդ ալ տեղ մը ինքն իրմով յուսախաբ եղած է:
- Ամէն մարդ ինքզինք եւ ուրիշները ամչցուցած է (դժուար եւ ամօթալի կացութեան մէջ ձգած է):
- Ամէն մարդ ըրած է բան մը, որուն պատճառով ընկճուած զգացած է, որովհետեւ իր ակնկալութիւնը իր չափանիշներուն համաձայն չէ եղած:
- Այս բոլորը հարց չեն: Հարցը ձախողութիւնը չէ, այլ ձախողութեան հետ մեր վարուելու ձեւն է:
- Ղեկավարներուն մեծամասնութիւնը չեն գիտեր ի՞նչպէս վարուիլ ձախողութեան հետ:
Բ) Ղեկավարութեան մէջ ձախողիլ կը նշանակէ վստահութեան հաշիւը փակել:
- Երբ կը ձախողիս, ժողովուրդը կը փակէ հաշիւը: Ի՞նչ հաշիւ: Վստահութեան հաշիւը:
- Չես կրնար գնել վստահութիւնը, չես կրնար աղօթել վստահութեան համար, ոչ ալ կրնաս պահանջել, որ մարդիկ վստահին քեզի:
- Վստահութիւնը բան մըն է, որ ինչքան մարդիկ քեզ ճանչնան այնքան ներդրում կ'ընեն քու պարկեշտութեանդ հաշիւին մէջ:
- Ամէն անգամ որ անոնք քու նկարագիրդ կը փաստեն, ներդրում մը կ'ընեն:
- Դուն կրնաս յիսուն տարիներ շարունակ վստահութեան ներդրումներ կուտակած ըլլալ, բայց երբ այդ վստահութիւնը կը խախտես, այդ յիսուն տարուան շինածդ կրնաս 50 երկվայրկեանի մէջ կորսնցնել: Եւ ասիկա է ձախողութեան ողբերգութիւնը:
Գ) Երրորդ կէտ՝ վստահութիւնը ղեկավարութեան դրամն է եւ անոր յաջողութեան պատճառը:
- Ոչ անհատականութիւնդ, ոչ իշխանութիւնդ, ոչ խօսելու վարպետութիւնդ, կամ մարդոց վրայ ազդեցութիւն բերելու կարողութիւնդ, ոչ դիրքդ, ոչ դրամդ կամ ակումբի մը պատկանիլդ է քու յաջողութեանդ պատճառը:
- Ղեկավարութեան յաջողութեան բանալին վստահութիւնն է: Մարդիկ քեզի կը հետեւին, որովհետեւ կը վստահին քեզի: Երբ այդ վստահութիւնը խախտես, հաշիւդ կը կորսնցնես: Ինչքանով կը պաշտպանես քու հաշիւդ, այդքան ապահով ես:
- Ի՞նչ ծածուկ բաներ կ'ընես, որոնք կրնան ոչնչացնել քու հաշիւդ:
- Սկիզբը, երբ Թորոնթոյի քաղաքապետին գաղտնիքները բացայայտեցին, ան ամէն բան ուրացաւ:
- Յետոյ ոստիկանութիւնը վիտէօն ցոյց տուաւ:
- Արդեօք քու մասիդ ալ վիտէօ մը կա՞յ:
- Ապրիր այնպիսի ձեւով մը, որ հոգդ չըլլայ եթէ մարդիկ լսեն քու ըսածդ:
- Եթէ ղեկավարութեան (շահը, յաջողութիւնը) դրամը վստահութիւնն է, ուրեմն կրնաս ղեկավարութեան մէջ յաջողութիւն գնել միայն ժողովուրդին կողմէ քեզի տրուած վստահութեամբ:
- Իբրեւ ղեկավար՝ կեանքիդ մէջ քու թիւ մէկ նպատակդ վստահութեան միջոցաւ լեցուող ՀԱՇԻՒԴ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՆ Է:
IV. ԱՂՕԹՔԻՆ ԵՒ ԿՈՏՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ա) Աշխարհը պէտք ունի ղեկավարներու, որոնք շարունակ Աստուծոյ առջեւ այս դիրքը կ'ունենան:
Այս նկարը կարելի է մեկնաբանել տարբեր ձեւերով:
- Ձախողելու վախը. «Օ՜ Աստուա՛ծ, կը խնդրեմ, մի՛ արտօներ, որ մարդիկը յուսախաբ ընեմ: Մի՛ արտօներ, որ զոյգս յուսախաբ ընեմ, մի՛ արտօներ, որ զաւակներուս վրայ նախատինք բերեմ:
- Աղաղակէ՛ Տիրոջ, ահով եւ դողով կեցիր Աստուծոյ առջեւ ամէն օր:
Բ) Շատեր, որոնք ղեկավարի պաշտօնին հետամուտ են, գաղափար անգամ չունին, թէ ի՞նչ է ղեկավարութիւնը:
- Աղաղակէ՛: Թող ամէն օր ծունկի գաս եւ Աստուծոյ աղաղակես: Ամէն առտու, ամէն իրիկուն ըսէ. «Կը խնդրեմ, Աստուած, մի՛ ձգեր, որ ամէն բան աւրեմ: Մի՛ ձգեր, որ ձախողիմ»:
- Նախքան որ որոշում մը առնես, միշտ դուն քեզի հարցուր. «Այս բանը ընելէս ետք, երբ ըրածս յիշեմ՝ ուրախ պիտի ըլլա՞մ»: Եթէ պատասխանը «ո՛չ» ըլլայ, այդ բանը մի՛ ըներ: Եկէ՛ք անգամ մը եւս խօսինք ղեկավարութեան հաշիւին մասին:
Գ) Ղեկավարին Վստահելիութան Հաշիւը
- Ղեկավարին հաշիւը կը պահուի ղեկավարին յարատեւ հաւատարմութեամբ եւ այդ վստահութիւնը պահպանելովը:
- Դուն միակ անձն ես, որ կրնաս այդ հաշիւը պահել եւ այդ հաշիւը շարունակ կը պահես թէ՛ գաղտնօրէն (առանձին եղած ատենդ) եւ թէ՛ բացայայտ (հրապարակաւ):
- Պէտք է զայն պահպանես մութին մէջ երբ ոչ ոք քեզ կը տեսնէ:
- Թորոնթոյի քաղաքապետը կը կարծէր, թէ ոչ ոք գիտէ իր մասին: Անոր հաշիւը վերջացած է: Կարեւոր չէ ի՛նչքան կը փորձէ, ան սխալ որոշում կու տայ: Ան պէտք է հրաժարի, որովհետեւ որակազրկուած է:
- Կրնաս վտարուիլ եւ միեւնոյն ատեն գործդ շարունակել: Եթէ ինծի չես հաւատար, Սաւուղին հարցուր:
- Աստուած կրնայ քեզ վտարել եւ մարդիկ կը կարծեն, թէ դուն տակաւին պաշտօնիդ վրայ ես:
- Սաւուղ տակաւին իր գործը կը շարունակէր թէեւ վտարուած էր եւ այն անձը, որ իր տեղը առնելու նշանակուած էր, արդէն իսկ նշանակուած էր: Յուսամ մէկը քու տեղդ նշանակուած չէ, քանի որ Աստուած քու մասիդ որոշ բաներ գիտէ:
- Պահպանէ՛ հաշիւդ:
- Դուն միակ անձն ես, որ կրնաս այդ հաշիւը պահել եւ այդ հաշիւը շարունակ կը պահես թէ՛ գաղտնօրէն (առանձին եղած ատենդ) եւ թէ՛ բացայայտ (հրապարակաւ):
- Ղեկավարը իր վստահելիութեան հաշիւը կը պահպանէ իր պարկեշտութեամբ եւ իր նկարագիրով:
- Քու հաշիւդ կը պահպանես հաստատ, կանխատեսելի, կայուն, տոկուն եւ վճռական (անկոտրելի) ըլլալով:
- Ես պիտի չխախտեմ իմ սկզբունքներս: Ես պիտի չծախեմ իմ համոզումներս: Պէտք է իմ հաշիւս պահպանեմ:
- Թորոնթոյի քաղաքապետը կորսնցուց իր հաշիւը: Ան տակաւին կը փորձէ վերադարձնել զայն, բայց այդ մէկը շա՜տ դժուար է: Ան կը փորձէ օգնել աղքատներուն, Հայիթիին, կը փորձէ բարի գործեր ընել: Բայց ան բնաւ վերականգնումի գործողութենէն չանցաւ: Ձեւացնելը, թէ իրեն պատահածը բնաւ չէ պատահած՝ պատահածը չի ջնջեր եւ հարցը չի լուծեր:
- Քու հաշիւդ կը պահպանես հաստատ, կանխատեսելի, կայուն, տոկուն եւ վճռական (անկոտրելի) ըլլալով:
V. ԴԷՊԻ ՎԵՐ ԻՅՆԱԼ. Ի՞ՆՉՊԷՍ ՁԱԽՈՂԻԼ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ:
Ա) Ի՞նչպէս ձախողիլ յաջողութեամբ: Ասիկա փարատօքս (անլուծելի հանելուկ, տարաբանութիւն) մըն է: Ձեւ մը կայ այս մէկը ընելու:
- Աստուած ղեկավար մը ընտրելու համար շարք մը ստուգանիշներ ունի: Բայց Աստուծոյ առաջին որականիշը (ստուգանիշը criterion) ղեկավարութեան համար միշտ ալ վախը եղած է:
- Աստուած կ'ըսէ. «Ընտրէ մէկը, որ Աստուծոյ վախը ունի իր մէջ: Կարեւոր չէ անոր անհատականութիւնը (անոր բնաւորութեան առանձնայատկութիւնները), անոր ուսումնական նուաճումները, անոր հմտութիւնները, անոր խօսելու կարողութիւնը (զօրութիւնը), անոր հաղորդակցելու զօրութիւնը ...»: Կ'ըսէ. «Այս բոլորը ոչինչ կ'արժէ»: Եթէ ան Աստուծոյ վախը չունի իր մէջ, իր նկարագիրը պիտի կործանէ ոչ միայն զինք, այլեւ ամբողջ կազմակերպութիւնը»:
- Պէտք է վախ ունենաս: Բնաւ դուն քեզի մի՛ վստահիր: Անոր համար է, որ շուրջդ հաշուետուութեան ցանցեր պէտք է ունենաս:
- Հաշուետուութիւն՝ Ճիշդ Մարդոց հետ
- Թշնամիներդ քու սխալներդ կը ծածկեն, կը պաշտպանեն: Բայց դուն զիրենք բարեկամ կը կոչես:
- Իսկական բարեկամը քու սխալներդ չի պաշտպաներ, այլ կը բացայայտէ: Քեզի կ'ըսէ. «Պէտք է այս բանը շտկես: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ դուն բոլորիս կ'ազդես»:
- Երբ կը ձախողիս, հաշիւդ կը փակուի:
Բ) Դէպի Վեր Իյնալ՝ Յաջողութեամբ Ձախողիլ (Falling up, Falling successfully)
- Ղեկավարները մարզուած են յաջողելու, բայց հազուագիւտօրէն կը տեսնենք ղեկավար մը, որ սորված է ի՛նչպէս արդիւնաւէտ կերպով ձախողիլ:
- Ղեկավարութեան մէջ ձախողիլը վստահութեան հաշիւին փակուիլը կը նշանակէ:
- Ղեկավարները իրենց վստահութեան հաշիւը կը պահեն իրենց Պարկեշտութեամբ եւ Նկարագիրով:
Ներքեւը պիտի տեսնէք ինկած մէկու մը նկարը:
Գ) Ղեկավարութեան Վերականգման համար Քայլեր
- Ի՞նչ ընեմ: Ի՞նչ է վերադառնալու գործընթացը: Ի՞նչ պէտք է ընես երբ նկարագիրիդ պատճառով ձախողիս (երբ նկարագիրդ տապալի): Պէտք է հետեւեալ քայլերը առնես: Այս քայլերը բնաւ չեն ձախողիր: Բայց պէտք է հետեւիս անոնց: Անոնք դժուար են: Այս է պատճառը, որ շատ մը ղեկավարներ, որոնք կը ձախողին, չեն ուզեր այս քայլերը կիրարկել: Բայց եթէ այս քայլերուն հետեւիս, վերադառնալէդ ետք աւելի զօրաւոր պիտի ըլլաս քան ինչ որ էիր նախքան իյնալդ: Ի՞նչ պէտք է ընես երբ իյնաս (երբ անկում ունենաս):
- Ընդունէ՛, որ դուն օգնութեան պէտք ունիս:
- Ասիկա դժուար բան է:
- Թորոնթոյի քաղաքապետին հարցուցին. «Կը հաւատա՞ս, թէ դուն թմրամոլ ես»: Ըսաւ. «Անշուշտ ո՛չ»: «Կը հաւատա՞ս, թէ ալգոլի հետ հարց ունիս»: «Բացարձակապէս ո՛չ»: «Կը հաւատա՞ս, թէ դուն օգնութեան պէտք ունիս»: «Վստահ ո՛չ»: Ըսի. «Այս մարդը վերջացած է»:
- Եթէ ձեռքդ երկարես մէկու մը եւ այդ անձը չ'ուզեր ձեռքդ առնել, դուն չես կրնար այդ անձին օգնել:
- Վերականգնումը վերականգնողով չսկսիր:
- Մարդոց մի՛ հարցներ, թէ ինչո՞ւ քեզի օգնելու չեկան: Չես կրնար օգնել մէկու մը, որ չ'ուզեր օգնութիւնդ կամ աւելի գէշ՝ կը կարծէ թէ ինք օգնութեան պէտք չունի:
- Անոնք այնպէս կը վարուին, որ կարծես բան մը պատահած չըլլար:
- Անոր համար պէտք է լքել զանոնք:
- Անոր համար է, որ Պօղոս առաքեալ կ'ըսէ. «Ձգէ՛ զիրենք: Ձերբազատուիր իրենցմէ»: «Ասկէ ետք որեւէ յարաբերութիւն մի՛ ունենաք այնպիսիներուն հետ» (Եփ 5.7-15): Ասիկա դժուար բան է: Պէտք չէ՞ սիրենք: Ես քեզ պէտք չէ սիրեմ այնքան մը որ արտօնեմ, որ այս կազմակերպութիւնը քեզմով վարակես (տարափոխես): Դուն տարափոխիկ ախտ ես:
- Ասիկա դժուար բան է:
- Խոստովանէ՛, որ դուն վստահութիւնը խախտած ես (վստահութիւնը բռնաբարած ես):
- Սխալին համար արդարացում չկայ: Երբ ձախողիս, մի՛ բացատրեր ինչո՞ւ ձախողեցար: Պարզապէս խոստովանէ՛, թէ ձախողեցար եւ սխալդ շտկելու պատասխանատուութիւնը ստանձնէ:
- Մի՛ բացատրեր, թէ ինչո՞ւ մեղանչեցիր:
- Հաւանաբար Դաւիթ ճիշդ այս պատճառով վերականգնուեցաւ: Դաւիթ ըսաւ. « 4 [Աստուա՛ծ] Քեզի՛, միա՛յն քեզի դէմ մեղանչեցի, եւ աչքերուդ առջեւ չարիք գործեցի. […] 5 Ահա՛ ես անօրէնութեա՛մբ ծնայ, ու մայրս մեղքո՛վ յղացաւ զիս […] Մաքրէ՛ զիս մեղքէն՝ զոպայի մշտիկով, ու մաքուր պիտի ըլլամ. Լուա՛ զիս, ու ձիւնէն աւելի ճերմակ պիտի ըլլամ» (Սղ 51.4-7): Դաւիթ ասիկա գիրքի մը մէջ գրեց, որպէսզի բոլորը կարդան եւ գիտնան: Արդեօք դուն քու նախատինքդ գիրքի մէջ կը գրե՞ս: Զարմանալի չէ, որ Աստուած զինք վերականգնեց եւ Դաւիթ պատուաւոր մահ ունեցաւ եւ աշխարհին տուաւ Սողոմոն անունով հիանալի զաւակ մը:
- Կեանքիդ մէջ ունեցիր անկեղծ (ուղիղ) եւ վստահելի իշխանութիւն մը, որուն հաշուետու պիտի ըլլաս:
- Ասիկա բաւական դժուար բան է: Այդ անձը գտնելը շատ դժուար է: «Անկեղծ» եւ «վստահելի»: Շատ դժուար է անկեղծ, ուղիղ եւ վստահելի անձ գտնելը: Ատիկա կը նշանակէ, թէ այդ անձը պէտք է ունենայ շատ զօրաւոր նկարագիր (անհատականութիւն) մը, որ փորձուած է:
- Երբ այդ անձը գտնես, պէտք է լիովին յանձնուիս այդ իշխանութեան՝ առանց պայմանի:
- Այդ իշխանութիւնը քու բարեկամդ պիտի չըլլայ: Եթէ ես ըլլամ այդ իշխանութիւնը, քեզի հետ ընկերային պիտի ըլլամ, բայց ընկերդ պիտի չըլլամ: Ես ընկերային եմ, բայց շատ խիստ ձեւով պիտի հսկեմ վրադ:
- Ենթարկումիդ (հնազանդելուդ, հպատակելուդ) համար պայմաններ մի՛ դներ: Շատ անգամ մարդիկ իմ օգնութիւնս կ'ուզեն, առաքելութեան մէջ ծառայելու համար եւ կը փորձեն իրենք իրենց պայմանները դնել: Դո՛ւն պիտի ենթարկուիս վստահելի անձին առանց պայմանի՝ ոչ ինքը քեզի:
VI. ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Անկումէն ետք կարելի է վերադառնալ, բայց պէտք է ցուցմունքներուն հետեւիք: Այս ցուցմունքները ձեզի պիտի օգնեն, որ ինկած մարդիկը վերականգնէք: Քանդուած յարաբերութիւնները եւ ամուսնութիւնները փրկէք եւ վերականգնէք:
- Ձախողութիւնը ղեկավարի մը կոչումին, պարտականութեան, պարգեւներուն կամ ձիրքերուն վերջը չէ: Երբ ձախողիս, ձիրքերդ չես կորսնցներ:
- Պէտք է ձախողութեան նայինք իբրեւ շրջանցում (շեղում) մը, ընդհատում մը, կամ իբրեւ վախճանը (կոչումը) ոչնչացնելու փորձ մը (չեղեալ համարելու փորձ մը): Ձախողութիւնը ընդհատում մըն է կեանքիդ մէջ:
- Կրնաս ճիշդ ճամբուն վերադառնալ: Վախճանդ (կոչումդ) անվաւեր չի դառնար (չեղեալ չ'ըլլար) ձախողութենէ մը ետք: Կոչումդ կ'ոչնչանայ երբ ազդու ձեւով չես լուծեր քու ձախողութեանդ հարցը:
- Ուստի եթէ ինկած ես կեանքիդ մէջ, նկարագիրդ քանդուած է, ժամանակն է, որ դէպի վեր իյնաս եւ ջանաս վերականգնուիլ:
- Կարեւոր է, որ ոչ միայն մեր նկարագիրը զարգացնենք, ոչ միայն մեր նկարագիրը պահպանենք, այլեւ մեր նկարագիրը վերականգնենք երբ զայն կորսնցնենք: Որովհետեւ անկումէն ետք կեանք կայ: