Այս տարուան համագումարին մեր նիւթերը պիտի ըլլան Քրիստոնէական Նկարագիր Շինելու մասին: Մեր նիւթերը քաղուած են տարբեր աղբիւրներէ եւ յատկապէս Մայլզ Մոնրոյի ուսուցումներէն, ղեկավարի մը նկարագիրը կերտելու կամ շինելու համար կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ՝ ընտանեկան, առեւտուրի եւ հոգեւոր:
I. ԱՆԳԼԵՐԷՆ «character» ԲԱՌԻՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ
Ա) Ինչո՞ւ այբուբենը անգլերէնով «Քերեքթըր» (character-բնութագիր) կը կոչեն: Որովհետեւ ո՛ւր որ ալ ըլլան, ո՛ր ժամանակի մէջ ալ որ գտնուին, «Ա»-ը միշտ ալ «Ա» է, բնաւ չի փոխուիր: «Բ»-ը միշտ ալ «Բ» պիտի մնայ, «Գ»-ը միշտ ալ «Գ» պիտի մնայ:
Ինչո՞ւ թիւերը «քերեքթըր»-ներ կը կոչեն: Որովհետեւ 1 թիւը միշտ ալ 1 պիտի մնայ, 2-ն 2 պիտի մնայ, ցերեկ կամ գիշեր անիկա իր ինքնութիւնը (բնոյթը) չի փոխեր:
Նոյնպէս են նաեւ սկզբունքները: Կարելի չէ սկզբունքները անտեսել կամ անոնց հետ չհամաձայնիլ (անոնց չյարմարիլ): Ի՛նչ ալ ընես, սկզբունքները հոն են եւ պիտի մնան: Նոյնն է պարագան նկարագիրին: Անոր համար է, որ լաւ նկարագիրի տէր անձը ժողովրդականութիւն վայելող բաներուն վրայ չի հիմներ իր կեանքը, այլ՝ սկզբունքներու վրայ:
- Այս պատճառով է, որ քաղաքական մարդոց համար շատ դժուար է նկարագիրի տէր մարդ ըլլալը: Քաղաքականութիւնը հիմնուած է ժողովրդականութեան վրայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ պէտք է սկզբունքներ զոհել՝ ժողովրդականութիւն պահելու համար, բան մը, որ կ'ոչնչացնէ քու նկարագիրդ (անհատականութիւնդ):
- Կարգ մը կրօնականներ, քարոզիչներ եւ ծառայողներ քաղաքագէտներ (politicians) են: Պնակ մը ապուրի համար իրենց սկզբունքները կը ծախեն:
- Անհատականութիւն (նկարագիր) չունին:
- Կարգ մը կրօնականներ, քարոզիչներ եւ ծառայողներ քաղաքագէտներ (politicians) են: Պնակ մը ապուրի համար իրենց սկզբունքները կը ծախեն:
- Ուրեմն ՆԿԱՐԱԳԻՐը այն բանն է, որ չի փոխուիր եւ հաստատ է:
- Ձեզի հարցում մը հարցնեմ. «Դուն ի՞նչքան յաճախ կը փոխուիս: Ո՞վ ես դուն: Միշտ նո՞յն անձն ես: Հաստա՞տ ես: Քու վարմունքներդ կանխատեսելի՞ են»:
- Առաջնորդ մը պէտք է անհատականութեան տէր անձ ըլլայ: Ինչո՞ւ: Մարդիկ անոր պիտի չհետեւին եթէ անոր չվստահին (ճիշդ ձեւով):
- Ուստի անհատականութիւնը (նկարագիրը) հաւատար-մութիւն յառաջ կը բերէ:
II. ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (ՆԿԱՐԱԳԻՐ)
Ա) Անհատականութիւն (նկարագիր) ունենալ կը նշանակէ խումբ (շարք) մը արժէքներու երթարկուիլ (յանձնառու ըլլալ) առանց զիջում ցուցաբերելու:
- Ի՞նչ կը նշանակէ արժէք: Արժէքները այն բաներն են, զորս կ'արժեւորես:
- Օրինակ՝ եթէ քու ամուսնական ուխտդ կ'արժեւորես, բնաւ պիտի չկարենաս շնութիւն ընել:
- Ուստի եթէ մէկը շնութիւն կ'ընէ, կը նշանակէ, թէ ան իր ամուսնական ուխտը չ'արժեւորեր: Այսպիսի անձ մը չես կրնար յարգել եւ ան իր զոյգին եւ զաւակներուն յարգանքն ալ կը կորսնցնէ, նաեւ իր խնամիներուն եւ եկեղեցիին յարգանքը:
- Եթէ գործդ կ'արժեւորես բնաւ գողութեան դրամ պիտի չընդունիս:
- Եթէ Աստուծոյ հետ կատարած ուխտդ կ'արժեւորես, թագաւորութեան նպատակները պիտի չանտեսես բնաւ:
- Քու արժէքներդ պիտի պաշտպանեն քեզ:
- Օրինակ՝ եթէ քու ամուսնական ուխտդ կ'արժեւորես, բնաւ պիտի չկարենաս շնութիւն ընել:
Բ) Անհատականութիւնը շարք մը չափանիշներու հանդէպ (նկատմամբ) անխախտ նուիրում է:
- Ի՞նչ են այն կարգ մը չափանիշները, զորս դրած (հաստատած) ես քու կեանքիդ համար:
- Չափանիշներս են, որ յառաջ կը բերեն իմ նկարագիրս (անհատականութիւնս):
- «Բնաւ պիտի չխախտեմ (ոտնակոխ պիտի չընեմ) իմ չափանիշներս»: Պէտք է ամէն օր այս մէկը կրկնես:
- «Ես սուտ չեմ խօսիր»: Ասիկա չափանիշ մըն է:
- «Ես չեմ գողնար»: Ասիկա կը ներառէ ժամանակի գողութիւնը, գործէդ ժամանակ գողնալը: Մարդոց ըսելը, թէ հիւանդ ես երբ հիւանդ չես: Այս բաները ընելը անհատականութեան չգոյութիւն է եւ գողութիւն է: Անհատականութիւնը (նկարագիրը) շատ նուրբ, սուր եւ խորամանկ բան մըն է:
- Ոչ մէկ արդարացում կայ չափանիշներդ կոտրելու համար:
- Կարգ մը գործարարներ կ'ըսեն. «Անկեղծութիւնը իմ լաւագոյն քաղաքականութիւնս է»: Ասիկա կը նշանակէ, թէ ունին երկրորդ լաւագոյն մը, երրորդ լաւագոյն մը, չորրորդ լաւագոյն մը ... հետեւաբար չենք կրնար անոնց վստահիլ: Անոնք նկարագիր (անհատականութիւն) չունին:
Նկարագիրի տէր անձը կ'ըսէ. «Անկեղծութիւնը իմ միա՛կ քաղաքականութիւնս է»:
Գ) Անհատականութիւնը (Նկարագիրը) կրթութիւն մըն է, զոր դուն քու վրադ կը պարտադրես (կը ստանձնես, յանձն կ'առնես) բարոյական համոզումներու պատճառով:
- Նկարագիրի տէր անձը ոստիկանի պէտք չունի: Ան իր անձին ոստիկանն է:
- Անհատականութեան (նկարագիրի) տէր անձիքը իրենք զիրենք կը բանտարկեն իրենց համոզումներուն բանտին մէջ եւ բանալին կը թափեն:
- Նկարագիր ունի՞ս: Ծախո՞ւ ես:
- Գիտե՞ս, թէ քու ապագադ քու նկարագիրէդ կախեալ է, ոչ՝ քու «քարիզմա»-էդ (կրակոտ, քաշողական անհատականութենէդ):
- Ղեկավարներուն մեծամասնութիւնը, ըլլան անոնք քաղաքագէտներ, քարոզիչներ կամ ծնողներ, իրենց «քարիզմա»-էն կախեալ կ'ապրին:
- Քու պարգեւներդ բնաւ պիտի չպաշտպանեն քեզ:
- Իրականութեան մէջ քու պարգեւներդ պիտի քանդեն քեզ:
- Որովհետեւ միակ բանը, որ կրնայ պաշտպանել քու պարգեւդ եւ քու ձիրքերդ անհատականութիւնդ (Նկարագիրդ) է:
- Անհատականութիւնդ է, որ պիտի պաշտպանէ քու ապագադ:
Դ) Նկարագիրը մնայուն ճիգ է ՝ խօսքերդ եւ գործերդ միացնելով մէկ ամբողջութիւն կազմելու համար: Ըսէ՛ք. «Ամբողջութիւն»:
- «Ամբողջութիւն» (ամբողջութիւն կազմել) կը նշանակէ մէկ դառնալ: Ասիկա շատ կարեւոր է: Ուստի նկարագիր կ'ունենաս երբ խօսքերդ, գործերդ եւ արարքներդ մէկ կ'ըլլան: Այսինքն՝ «շիզոֆրենիք» (մտագար) չես:
- Անհատականութիւն (նկարագիր) չունեցող անձը կ'ըսէ բան մը, կ'ընէ ուրիշ բան եւ իր խոստացածը այս երկուքէն տարբեր բան մը կ'ըլլայ: Ուստի բնաւ չես գիտեր որո՛ւ հետ կը խօսիս երբ իրեն հետ կը խօսիս: Անհատականութիւն չունի:
Ե) Նկարագիրը (անհատականութիւնը) սկզբունքներու համար զոհողութիւն է:
- Ուստի նկարագիր ունենալ կը նշանակէ, թէ պատրաստ ես բարեկամութիւններդ զոհելու՝ սկզբունքներդ պահելու համար: Նկարագիր ունի՞ս:
- Որո՞ւ հետ յարաբերութեան մէջ ես, եւ պէտք չէ ըլլաս:
- Մտածէ այդ մասին: Ներկայիս ի՞նչ գաղտնի բաներ կ'ընես, որ պէտք չէ ընես:
- Պատրա՞ստ ես այդ բաները զոհելու՝ քու սկզբունքներդ պահպանելու համար:
Զ) Նկարագիր (անհատականութիւն) ունենալ, պարզապէս կը նշանակէ պարկեշտութիւն ունենալ:
- Բոլորս ըսենք. «Պարկեշտութիւն»:
- Եկէք նայինք վերոյիշեալ երկու բառերուն՝ «պարկեշտութիւն», որ անգլերէնով “integrity” եւ «ամբողջացնել» (ամբողջ դարձնել), անգլերէնով “integrate” բառն է:
- Անգլերէն “Integrity” (պարկեշտութիւն) բառը կը նշանակէ, թէ դուն քու անձիդ հետ մէկ ես, Wordbook Dictionary-ին համաձայն:
- Եբրայեցիներուն համար «սրբութիւն» կը նշանակէ՝ «պարկեշտութիւն», որ իր կարգին կը նշանակէ՝ «անձիդ հետ մէկ ըլլալ (մէկութիւն)»:
- Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ մասին թիւ մէկ դաւանանքն է՝ «Տէրը՝ մեր Աստուածը միա՛կ Տէրն է» («Մեր Տէր Աստուածը մի միայն՝ Տէր է», «[Տէրը՝ մեր Աստուածը մէկ է]» (Բ.Օր 6.4): Ի՞նչ կը նշանակէ այս մէկը: Կը նշանակէ, թէ Ան Սուրբ է:
- Ի՞նչ կը նշանակէ «սուրբ ըլլալ»: Սրբութիւն կը նշանակէ՝ ամբողջ ըլլալ, ամբողջութիւն կազմել: Կը նշանակէ, թէ մէկ անձ ես եւ ոչ թէ մէկէ աւելի անձեր:
- Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի օրերը տարբեր անձեր չես: Առտուան ժամը երկուքին եւ Կիրակի առտու բեմին վրայ երկու տարբեր անձեր չես: Մէկ ես: Բազմաթիւ անձնաւորութիւններ չես (մէկէ աւելի անձնաւորութիւններ չունիս մէջդ):
- Երբ Աստուածաշունչը կ'ըսէ. «Սուրբ եղէ՛ք», ըսել կ'ուզէ՝ «Մէկ եղէ՛ք, կեղծաւոր մի՛ ըլլաք»:
Է) Վստահութեան հիմը պարկեշտութիւնն է:
- Երբ մէկ ըլլաս, մարդիկ պիտի վստահին քեզի: Ատիկա կը նշանակէ, թէ խօսքդ միշտ վստահելի է: Անցեալին ըսած խօսքդ ներկային ալ կ'ըսես (խօսքդ չես փոխեր), ըսածդ կ'ընես եւ անոր համաձայն կը գործես: Ասիկա է սրբութիւնը:
- Ուստի սրբութիւնը երկար հագուստ մը կամ հովիւի տարազ հագուիլ չէ: Սրբութիւնը փառաւոր տիտղոսներ ունենալը չէ: Ի՛նչ տիտղոս ալ որ ունենաս, տակաւին մարդիկ պիտի չվստահին քեզի: Անոր համար Աստուածաշունչը կ'ըսէ. «Կը թախանձենք ձեզի, եղբայրնե՛ր, որ ճանչնաք ձեր մէջ աշխատողները […]»:
- Այդ պատճառով, ինչքան որ կարելի է, պատահական մէկը չենք բերեր եկեղեցիէն ներս քարոզելու, նոյնիսկ եթէ նշանաւոր անձ է: Գրաւիչ կամ տիրող նկարագիր ունեցող անձերէն մի՛ տարուիք:
- Անհատականութեան տէր մարդիկ փնտռեցէ՛ք:
Ը) Կեանքո՛վդ առաջնորդէ: Քու կեանքդ քու խօսքերուդ ծանրութիւնն է:
- Մենք կը կարծենք, թէ մեր բառերով կամ մեր ըսած խոր բաներով մարդիկը կը տպաւորենք, բայց այդպէս չէ:
Թ) Անձնական կեանք ըսուած բան գոյութիւն չունի:
- Ուստի մարդոց մի՛ ըսէք. «Իմ անձնական կեանքիս վերաբերող բաները քեզի չեն խառնուիր (անձնական կեանքիս մի՛ խառնուիր)»:
- Քու անձնական կեանքդ ինծի կը խառնուի, քանի որ անոր հիման վրայ է որ ես պիտի որոշեմ, թէ պիտի վստահի՞մ հանրութեան առջեւ քու ըսած խօսքերուդ, թէ՝ ոչ: Ասիկա է անհատականութիւնը:
- Ես այն եզրակացութեան եկած եմ, թէ անհատականութիւն ունեցող անձը պէտք չունի խօսելու. իր անհատականութիւնը արդէն պիտի երեւի:
- Ինչքա՞ն կայուն (հաստատ, հաւասարակշռուած) էք: Ասոր համար է, որ երիտասարդները ա՛յսքան շուարած են:
Է) Ձեր կեանքերով առաջնորդեցէք: Ձեր խօսքերը անիմաստ են (ոչինչ կ'արժեն): Անհատականութիւնն է, որ կը պաշտպանէ ձեր խօսքերը:
III. ՄԱՐԴՈՒՆ ՊԱՏԿԵՐԸ
Ա) Ծն 1.26-ը իմ նախասիրած համարս է Աստուածաշունչին մէջ, որովհետեւ այս համարը իր մէջ կ'ամփոփէ մեր ստեղծուելուն պատճառը: «Աստուած ըսաւ. ‘Մեր պատկերով, մեր նմանութեան պէս մարդ ընենք […]’» (Ծն 1.26):
- Այստեղ գործածուած «մարդ» բառը յոգնակի է: Ուստի Ան կը խօսի ամբողջ մարդկային ցեղին (տեսակին) մասին: «Եկէ՛ք մեր Հոգիով եւ մեր նմանութեան պէս մարդ կոչուած ցեղ մը շինենք: Եւ անշուշտ ան Մեզի պիտի նմանի»:
Բ) Շարունակելով կ'ըսէ. «[…] Որ տիրապետեն [թող տիրապետեն] […]»:
- Հոս շատ հետքրքրական բան մը կը նկատենք:
- Պատկերը տիրապետութենէն առաջ կու գայ:
- Հոս գործածուած «պատկեր» բառը անհատականութեան (նկարագիրի) մասին կը խօսի:
- Ուստի ամէն մարդ ստեղծուած է առաջնորդելու: Այդ պատճառով է, որ Աստուած քեզի տիրապետելու կարողութիւնը տուած է:
- Աստուած երբեք մարդու վրայ տիրելու պատուէր չտուաւ:
- Մարդուն տրուած է տիրապետել՝ իր շնորհքին (պարգեւին) մարզին մէջ:
- Դուն ստեղծուած ես շնորհքիդ մարզին մէջ տիրելու եւ շնորհքդ մարդիկը դէպի քեզ պիտի քաշէ:
- Շնորհքիդ միջոցաւ մարդիկը դէպի քեզ քաշելը քեզ առաջնորդ կը դարձնէ:
- Ղեկավարութիւնը միայն յատուկ մարդոց համար չէ: Ատիկա իւրաքանչիւր անձի աստուածատուր ինքնութիւնն է:
- Ամէն մարդ իշխանութիւն ունի, բայց ոչ մարդոց վրայ:
- Մենք ստեղծուած ենք՝ մեր շնորհքի մարզին մէջ ղեկավարներ դառնալու համար:
Գ) Շնորհքդ է, որ քեզ աշխարհին համար արժէքաւոր կը դարձնէ:
- Աստուածաշունչը կ'ըսէ. «Մարդուն պարգեւը անոր ճամբայ կը բանայ՝ ու զայն մեծերուն [թագաւորներուն] առջեւ կ'առաջնորդէ» (Առ 18.16):
- Ոչ քու կրթութիւնդ (ուսումդ), այլ՝ պարգեւդ
- Անոր համար է, որ Տոքթորական աստիճան [PhD] ստացողներուն մեծամասնութիւնը կեանքի մէջ կը ձախողին:
- Կրնաս տոքթորական աստիճան ունենալ, բայց շնորհքդ (պարգեւդ) չճանչնալ:
- Մեծ թիւով բարձրագոյն ուսում ստացողներ կ'աշխատին իրենց ուսումը թերաւարտ ձգած մարդոց քով ինչպէս՝ Պիլ Կէյթցը եւ Սթիվըն Ճոպզը:
- Ասոր համար է, որ շատեր տակաւին քիչ դրամ կը շահին, որովհետեւ իրենց շնորհքները ազդու կերպով գործի չեն լծեր:
- Շնորհքդ ի յայտ կու գայ երբ դուն անձամբ ազդու կերպով կ'օգտագործես եւ կը տարածես զայն:
- Դուն զօրաւոր ես, բայց այդ մէկը չես գիտեր քանի որ քու մշակոյթդ քեզի սորվեցուցած է գործ մը գտնել եւ իբրեւ գործաւոր աշխատիլ, փոխանակ պարգեւդ (շնորհքդ, բուն ձիրքդ) գտնես:
- Չափահաս մարդոց մեծ մասը չեն գիտեր, թէ ինչո՞ւ ծնած են, ի՞նչ է իրենց կեանքին նպատակը քանի որ իրենց մշակոյթը իրենց սորվեցուցած է պարզապէս ուսում ստանալ եւ գործ մը գտնել: Կարեւոր է կոտրել այս համոզումը:
- Երբ շնորհքդ գտնես, դուն շատ վտանգաւոր մարդ մը կ'ըլլաս, այլեւս մէկու մը մօտ աշխատելու յարմար անձ չես ըլլար:
IV. ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԷՈՒԹԻՒՆՆ Է:
Ա) Այդ պատճառով է, որ Տէրը՝ մեր Աստուածը մէկ է:
Բ) Աստուած Ինքնին անհատականութիւնը կը ներկայացնէ:
- Անոր համար է, որ Անոր կը վստահինք: Ան երբեք չի փոխուիր: Ան նոյնն է երէկ, այսօր եւ յաւիտեան:
Գ) Աստուած կը պարծենայ, թէ Ինք բնաւ չի փոխուիր:
- Ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ Աստուած կ'ըսէ. «Ես բնաւ չեմ փոխուիր: Ես բնաւ չեմ փոխուիր: Իմ մէջս բնա՛ւ փոփոխութիւն չկայ, ո՛չ ալ դառնալու շուք: Ես նոյնն եմ երէկ, այսօր եւ յաւիտեան: Տէրը մէկ է»:
- Աստուած մեզի կը յայտնէ Իր նկարագիրին (անհատականութեան) մասին:
- Անոր համար է, որ մենք կը վստահինք Անոր: Ան հաստատ է:
- Աստուած կ'ըսէ. «Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնա՛ւ պիտի չանցնին» (Մտ 24.35): Ասիկա անհատականութիւն ցոյց կու տայ:
- Աստուած պատրաստ է տիեզերքը զոհելու՝ Իր Խօսքը պահելու համար:
V. ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ, ՊԱՏԿԵՐԸ) ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ՔԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ):
Ա) Առաջին պարգեւը, որ Աստուած մարդուն տուաւ իշխանութիւնը չէր:
Բ) Առաջին պարգեւը, որ Աստուած մարդուն տուաւ, Իր պատկերն էր:
- Ասիկա կը նշանակէ, թէ Նկարագիրը՝ անհատականութիւնը աւելի կարեւոր է քան զօրութիւնը:
- Կարգ մը մարդիկ մօտենալով օծութիւն կ'ակնկալեն.
- Սակայն հարցումը այդ է, թէ օծութիւնը քու մէջդ կրելու համար պէտք եղած անհատականութիւնը ունի՞ս:
Գ) Իշխանութիւնը (զօրութիւնը), առանց անհատականութեան պիտի կործանէ քեզ:
- Աստուած ատիկա լա՜ւ գիտէր: Անոր համար ըսաւ. «Առաջին բանը, որ այս արարածին պէտք է տամ Աստուծոյ պատկերն է»:
Դ) Աստուծոյ առաջնահերթութիւնը անհատականութիւնն է:
- Աստուծոյ մտադրութիւնը այն է, թէ անհատականութիւնը աւելի անհրաժեշտ է քան իշխանութիւնը:
- Աստուած աւելի մտահոգ է քու անհատականութեամբդ քան երկրի վրայ տիրելովդ:
- Անհատականութիւնը Աստուծոյ նախապայմանն է՝ տիրելու եւ իշխելու համար:
- Անհատականութիւնը Աստուծոյ հիմն է ղեկավարութեան համար, քանի որ կ'ըսէ. «Տե՛ս, նախքան քեզի իշխանութիւն տամ, եկուր քեզի ամենակարեւոր բանը տամ»: Իմ պատկերս:
- Ի՞նչ է պատկերը: Յատկանիշներ:
- Աստուած մեր մէջ Իր պատկերը դրաւ, որպէսզի Իրեն պէս հաստատ ըլլանք եւ Ինք կարենայ մեզի իշխանութիւն վստահիլ:
VI. ԿԱՆ ԵՐԵՔ ԲԱՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՔՈՒ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԴ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ:
Ա) Երեք բաներ կը դրսեւորեն (երեւան կը հանեն) քու անհատականութիւնդ (նկարագիրդ):
- Այս երեք բաները կ'ըսեն եթէ անհատականութիւն ունի՞ս, թէ՝ ոչ:
- Առաջինը իշխանութիւնն է: Երբ մէկու մը իշխանութիւն կու տաս, անոր անհատականութիւնը ի յայտ կու գայ (երեւան կ'ելլէ):
- Երկրորդը՝ դրամը: Երբ մէկու մը շատ դրամ տաս, անոր իրական անձը երեւան կ'ելլէ:
- Երրորդը՝ սեռային յարաբերութեան ազատ թոյլտուութիւնը (առիթ):
Բ) Ուստի եթէ կ'ուզես գիտնալ, թէ կին մը կամ տղամարդ մը ինչպիսի՞ անձ մըն է, անոր տուր իշխանութիւն, դրամ եւ սեռային յարաբերութեան առիթ:
- Այդ պատճառով է, որ աշխարհի վրայ գտնուող այն բոլոր մարդիկը, որոնք ձախողած են, ձախողած են կա՛մ իշխանութեան, կամ դրամի եւ կամ սեռային յարաբերութեան պատճառով:
Գ) Արդեօք դուն մինչեւ վերջ պիտի յաղթանակե՞ս: Ասիկա լուրջ հարց է:
- Աստուածաշունչը կ'ըսէ. «[…] Ճամբան վազողներունը չէ […]» (Ժղ 9.11): Դուն մէկ օրէն միւսը կրնաս հռչակաւոր դառնալ, բայց Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ ճամբան վազողներունը չէ: Ճամբան առաջինը գագաթին հասնողին չէ:
- Տասը տարի ետք նոյն անձը պիտի ըլլա՞ս:
- Բոլոր փորձութիւններէն ետք արդեօք տակաւին կանգուն պիտի մնա՞ս:
VII. ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՆՆԵԼՈՒ ՄԻԱԿ ՁԵՒԸ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆ Է:
Ա) Փորձութիւն բառը ժխտական բառ մը չէ: «Փորձել» կը նշանակէ տկարութիւնները ստուգել:
Բ) Կեանքիդ մէջ բնաւ ժամանակ մը պիտի չըլլայ երբ փորձութիւն պիտի չունենաս: Ուստի պէտք է ընդունիս այս իրականութիւնը:
- Կեանքիդ մէջ յարատեւ փորձութիւն պիտի ըլլայ՝ անհատականութեանդ վրայ հսկելու համար (հմմտ Բ.Կր 12.9-10):
Գ) Անհատականութիւնդ այնքան զօրաւոր է, որքան զօրաւոր է այն փորձութիւնը, որուն մէջ ինկար:
Դ) Սատանան միշտ պիտի փորձէ քեզ բանով մը, որ արդէն իսկ ունիս:
- Եւան ինչո՞ւ պտուղը կերաւ:
- Սատանան ըսաւ. «Կ'ուզե՞ս Աստուծոյ նմանիլ»:
- Ասիկա էր փորձութիւնը:
- Ի՞նչ է Աստուած: Աստուած իշխանութիւն (զօրութիւն) է:
- Սատանան սուտ խօսեցաւ, քանի որ Եւան արդէն իսկ Աստուծոյ նմանութիւնը ունէր:
Ե) Մեծագոյն վտանգը անձդ լաւ չճանչնալն է (ինքնութենէդ անտեղեակ ըլլալն է):
- Չես կրնար զիս փորձութեան ենթարկել, որ ըլլամ բան մը, որ արդէն իսկ գիտեմ, որ եմ:
- Տեղ մը Եւան իր ինքնութենէն անտեղեակ եղաւ, ուստի Սատանան իր տկարութիւնը փորձեց:
- Կ'ուզե՞ս Աստուծոյ նմանիլ:
- Ան արդէն իսկ Աստուծոյ նմանութեամբ ստեղծուած էր: «Աստուած ըսաւ. ‘Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք […]’»:
- Անգիտութիւնը (տգիտութիւնը) պատճառ պիտի ըլլայ, որ դուն քու անձիդ վրայ հաւատք չունենաս:
Զ) Աստուած քեզ ստեղծեց եւ քեզի պատուիրեց, որ Աստուծոյ նկարագիրով երկրին տիրես:
- Դուն ճիշդ Հօրդ նման թագաւոր ես, բայց քու իշխանութեանդ տարածքը երկիրն է:
- Ուստի Աստուած ամէնէն առաջ քեզի պատկեր տուաւ քանի որ գիտէր, թէ առանց անհատականութեան իշխանութիւնը պիտի կործանէ քեզ:
- Մարդիկ կ'ըսեն. «Իշխանութիւնը կը փճացնէ (կ'ապականէ) եւ բացարձակ իշխանութիւնը կը փճացնէ (կ'ապականէ) բացարձակապէս:
- Այս խօսքը բացարձակապէս սխալ է: Իրականութեան մէջ, իշխանութիւնը (զօրութիւնը) չ'ապականեր (չի փճացներ), այլ պարզապէս փտտած (ապականած) բանը երեւան կը հանէ:
- Դուն արդէն իսկ արատաւոր (թերի) ես: Վերջապէս առիթը ունեցար այդ մէկը ցոյց տալու:
- Իշխանութիւնը մաքուր է:
- Մարդուն անկումը խեղաթիւրեց (այլանդակեց, այլակերպեց) Աստուծոյ պատկերը՝ Աստուծոյ նկարագիրը:
- Անոր իբրեւ հետեւանք, մարդուն ինքնարժեւորումը ինկաւ:
- Այլեւս մարդը չէր գիտեր, թէ ինք ի՞նչքան կ'արժէր:
- Այդ օրուընէ ի վեր, մարդը իր արտաքին պատկերը բարելաւելու համար խորհրդատուներ կը վարձէ:
- Մարդը ինչո՞ւ իր պատկերը բարելաւելու համար խորհրդատուներ կը վարձէ: Որովհետեւ պատկեր չունի: Կորսնցուցած է:
- Եթէ գիտնաս, թէ դուն ո՞վ ես եւ որոշես ըլլալ այն անձը, որ ես, պէտք պիտի չունենաս ուրիշ անձ մը ստեղծելու:
- Պատկերի խորհրդատուն այն անձն է, որուն կը վճարես, որ ստեղծէ անձ մը, որ գոյութիւն չունի:
- Ինչո՞ւ: Որովհետեւ անձը իր պատկերը կորսնցուցած է:
- Քաղաքական մարդիկ, հռչակաւոր դերասաններ, դերասանուհիներ, երգիչներ, երգչուհիներ ... պատկերի խորհրդատուներ կը վարձեն, որպէսզի սուտ խօսին, սորվին ինչպէս խօսին, որ դիմացինը շահին:
- Ուստի անոնք քեզի կը ծախեն պատկեր մը, որ գոյութիւն չունի եւ դուն զայն կը գնես:
- Եւ երբ իսկական անձը երեւան կու գայ, ամբողջ աշխարհը կը ցնցուի:
- Շատեր նոյնիսկ ներողութիւն կը խնդրեն պարզապէս որովհետեւ բռնուեցան (իրենց ըրածը երեւան ելաւ):
VIII. ԱՌԱՆՑ ՆԿԱՐԱԳԻՐԻ ԿԵՐՏՈՒՄԻ եւ ԱՌԱՆՑ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒ՝ ԱՊԱԳԱՅ ՉՈՒՆԻՍ:
Ա) Շատեր Աստուածաշունչի դպրոց կը յաճախեն, վկայական կ'առնեն, բայց իրենց նկարագիրը նոյնը կը մնայ, չի կերտուիր:
- Անոնք կը քարոզեն, բայց չունին սկզբունքներ:
- Պիտի չյաջողին:
- Անոնց ապագան յայտնի է:
- Անոնք երբեք իրենց նկարագիրին վրայ չեն աշխատած:
Բ) Առանց նկարագիրի կերտումի, մարդիկ անկայուն եւ անվստահելի կ'ըլլան:
Գ) Ինկած մարդուն գլխաւոր յատկանիշը (բնորոշիչ գիծը) անկանխատեսելի ըլլալն է (անորոշութիւնն է, առանց պատճառի յանկարծ փոխուիլն է):
- Չես գիտեր քիչ ետք ի՞նչ պիտի ընէ:
- Մարդիկ անհաւատարմութենէ կը տառապին: Անկայուն են:
Դ) Մեր համագումարին միակ նպատակը այն է, որ դուն յաջողութեամբ աւարտես վազքը (մրցոյթը): Յաջողութեամբ աւարտելու համար պէտք է.
- Անմիջապէս որոշում առնես, որ պիտի ձերբազատուիս այն բոլոր բաներէն, որոնք քու նկարագիրդ կը քանդեն:
- Ձերբազատուիս կարգ մը բարեկամներէ:
- Ձերբազատուիս կարգ մը սովորութիւններէ:
- Դուն վտանգի մէջ ես: Ամէն բան, որ շինած ես, քու ամբողջ կեանքդ կրնայ 5 երկվայրկեանի մէջ կործանուիլ:
Ե) Դուն ապահով ես այնքան, որքան նկարագիրդ ապահով է: