Աստուած մեր անխախտ հաւատքին ետին կը գտնուի:
Մեր հաւատքը նետի մը պէս է. որքան ազատ ըլլայ մարդկային բոլոր պայմաններէն՝ այդքան աւելի զօրութեամբ կը հասնի թիրախին:
Սակայն առօրեայ կեանքի ընթացքին հաւատացեալը շատ անգամ կը հանդիպի անպատասխան մնացած հարցումներու, որոնց իբրեւ հետեւանք՝ ան դժուարութիւն կ'ունենայ Աստուծոյ վստահելու: Այդ հարցումները անոր ներսիդին կը բերեն օտար եւ թշնամական զգացումներ, որոնց պատճառով, հակառակ իր հաւատացեալ ըլլալուն եւ զԱստուած սիրելուն, ներքնապէս Անոր հետ հաշտ չըլլար եւ կ'ապրի ընկճուած կեանք մը:
Ի՞նչպէս կրնայ հաւատացեալը յաղթել այդ վիճակին եւ կառավարել իր կեանքը...