Հմր 1- «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը: Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր»:
Որքան որ մարդ ժամանակով դէպի ետ կրնայ երթալ եւ տեղեկութիւններ ձեռք ձգել, այդքան ժամանակ եւ աւելի Խօսքը գոյութիւն ունէր:
«Բան» բառը, յունարէնով՝ «Լո՛կոս», որ կը նշանակէ «Խօսք», այն ժամանակ շատ ընդարձակ կերպով կը գործածուէր յունական ուսուցումներուն եւ փիլիսոփայութեան մէջ ինչպէս նաեւ հրէական փիլիսոփայութեան եւ իմաստութեան գրականութեան մէջ: Յովհաննէս դիտմամբ ընտրեց այդ բառով ներկայացնել Յիսուսը, որովհետեւ անիկա ծանօթ էր կարդացողներուն: Ան յատուկ ձեւով մը պարզեց իր միտքը, որպէսզի բոլորը հասկնան, թէ Յիսուս Խօսքն է: