«Ես աշխարհին յաղթեցի» խօսքը ըսաւ Տէր Յիսուս երբ Իր վերջին խօսքերն ու խրատները կու տար աշակերտներուն (տե՛ս Յհ 16.33): Անոր նպատակն էր այնպէս ընել, որ աշակերտները թշնամիին գործերուն, հալածանքներուն եւ խաբեբայութիւններուն դիմաց Անոր տարած յաղթութիւնը ճանչնային եւ ապրէին:
Տէր Յիսուս գիտէր, թէ փորձութիւններ պիտի գան թշնամիէն եւ անոր գործակիցներէն կամ նոյնիսկ մօտիկներէ, բայց կը յայտնէր Իր աշակերտներուն եւ այսօր կը յայտնէ մեզի, թէ կարեւորագոյն բանը այն է, որ Ինք յաղթած է աշխարհին, հետեւաբար աշխարհի փորձերը պիտի չյաջողին:
Ելք 1.1-22-ին մէջ կը տեսնենք, թէ թշնամին խորամանկութեամբ ծրագրած էր Աստուծոյ ժողովուրդը ոչնչացնել: Թշնամին այսօր նոյն ձեւով կը փորձէ Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեբանութեան վրայ ազդել, որպէսզի անոնք չապրին Քրիստոսի յաղթութիւնը, հապա՝ ապրին յուսահատ եւ ենթարկուած վիճակի մը մէջ՝ անոր մահացու գաղափարներուն համաձայն:
Նոր Թագաւոր մը
Ելք 1.8-9-ը մեզի կը յայտնէ, թէ Յովսէփի օրերէն ետք Եգիպտոսի վրայ «[...] նոր թագաւոր մը ելաւ, որ Յովսէփը չէր ճանչնար»:
- Նոր իշխանութիւն, օրէնքներ եւ ծրագիրներ ա. Բոլոր անոնք, որոնք Յովսէփը գիտէին, կը յարգէին զայն եւ անոր սիրոյն լաւ կը վարուէին Իսրայէլի հետ: Բայց անոր մահէն ետք, մոռցան անոր արժէքը եւ փոխուեցան անոր հանդէպ: բ. Բարի եւ լաւ գործերը շատ քիչ ժամանակ կը յիշուին: Հմմտ ժղ 9.5- «Որովհետեւ անոնք որ կ'ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. Բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր ու ալ վարձք [շահ] մը չեն առներ. վասն զի անոնց յիշատակը մոռցուեցաւ»: գ. Այն մեծ գործը, զոր մեր Տէրը ըրաւ եւ տակաւին կ'ընէ, աշխարհը այսօր կ'ուզէ մոռնալ եւ կը մերժէ զայն ճանչնալ: դ. Թէեւ մեր գործերը մոռցուին, բայց եթէ ըրած ենք զանոնք Տիրոջ փառքին համար, պիտի մնան եւ մեզմէ անդին ալ անցնին (կամ վկայեն մեր մասին) (տե՛ս Յյտ 14.13): ե. Մենք պէտք չէ սպասենք մարդոց հաւանութիւն տալուն, հապա՝ վստահինք Աստուծոյ ամէն բանի համար, որովհետեւ Ան չի մոռնար (Եբր 6.10):
- Նոր սովորութիւններ, որոշումներ եւ կեանքի պայմաններ կրնան յառաջ գալ եւ մեզի առաջարկուիլ տարբեր ձեւերով, որպէսզի անոնց համաձայն ապրինք մեր առօրեան եւ հաւատքը:
- Մեզի առաջարկուած նորութիւնները՝ մեր Քրիստոսը ճանչցած չըլլալնուն պատճառով, մեծ հաւանականութեամբ կրնան մերժել մեր առօրեան եւ սովորութիւնները. նոյնիսկ մերժեն մեր միջոցաւ եղած բարիքները ինչպէս նաեւ մեր յաջողութիւնները նկատեն վտանգաւոր, որովհետեւ Քրիստոսը չճանչնալուն ետին գործող ուժը ընդհանրապէս Սատանային ուժը կ'ըլլայ:
Մեզմէ Շատ Են ու Զօրաւոր
Ելք 1.9-22-ը մեզի կը պարզէ, թէ Եգիպտոսի նոր թագաւորը կը վախնար Իսրայէլի վրայ եղած օրհնութենէն. «Ժողովուրդը մեզմէ շատ են ու զօրաւոր» (հմր 9):
- Հալածողներուն մէկ ձեւն էր (եւ տակաւին է), որ Աստուծոյ ժողովուրդը (եւ այսօր ալ հաւատացեալները) ներկայացնէր որպէս թագաւորին համար վտանգաւոր եւ անոր շահերուն վնաս հասցնող մարդիկ (հմմտ Եզր 4.12: Եսթ 3.8):
- Եկեղեցւոյ թշնամիին քաղաքականութիւնն է փորձել յաղթել Աստուծոյ կողմէ տրուած խոստումներուն եւ Անոր վստահելուն:
- Տէրը կրնայ Եկեղեցին բարձրացնել եւ զօրացնել իր գտնուած տեղին եւ վիճակին մէջ:
Նախանձ եւ Խորամանկութիւն
«Եկէ՛ք խորամանկութիւն բանեցնենք անոնց դէմ, որ չըլլայ թէ շատնան [...]» (հմր 10):
Այսինքն՝ անոնց շատնալը դադրեցնենք:
Երբ այդ մէկին դիմաց իսրայէլացիները հակառակութիւն չըրին, Եգիպտացիները կռիւով զանոնք ոչնչացնելու պատճառ չունեցան, եւ ատոր համար սկսան զանոնք տկարացնել.
- Աղքատութեան միջոցաւ
- Բարձր տուրքերու միջոցաւ
- Ստրկութեան միջոցաւ
- Անոնց վրայ գործավարներ դրին, որպէսզի զզուեցնեն, նեղացնեն եւ կեանքէն գանեցնեն:
- Աշխատելու փափաքը կոտրեցին եւ առատաձեռնութիւնն ու հնարամտութիւնը մեռցուցին:
- Անոնց առողջութիւնը խանգարեցին:
- Անոնց կեանքի օրերը կարճցուցին:
- Արուները սպաննելով, ամուսնութենէն զզուեցուցին եւ զաւակ ծնելու դէմ վախ ցանեցին եւ յուսահատեցուցին, որովհետեւ կա՛մ պիտի մեռցնէին իրենց զաւակները կա՛մ ալ ստրուկ պիտի ծնէին:
- Անոնց ամէն տեսակի ազգային եւ կրօնական պատկանելիութենէն զրկեցին եւ հեռացուցին: Անշուշտ շատեր ենթարկուեցան (հմմտ Յես 24.14: Եզ 20.8):
(12) «Որչափ կը չարչարէին զանոնք, անոնք ա՛լ աւելի կը շատնային ու կ'աճէին [...]»:
- Դժուար ժամանակները Եկեղեցւոյ աճման համար լաւ ժամանակներ եղած են եւ են այսօր:
- Մարտիրոսներուն արիւնը եկեղեցւոյ հունտը եղած է եւ է այսօր:
- Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ եղած գէշ խորհուրդները միշտ ալ պարապի եղած են եւ են այսօր (հմմտ Սղ 2.1):
- Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ հակառակութիւնը միշտ գլխու ցաւ եղած է հակառակորդին համար եւ է այսօր:
- Դժոխքն ու երկիրը չեն կրնար ոչնչացնել անոնց, զորս երկինքը՝ Տէրը, կ'ուզէ աճեցնել:
Տէրը Կրնայ Աճեցնել
Աբրահամի կանչուած ատենէն՝ երբ Աստուած անոր ըսաւ՝ «Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ», մինչեւ Մովսէսի ձեռքով ժողովուրդը Եգիպտոսէն ազատելը 430 տարի էր:
- Առաջին 215 տարիներուն անոնք եղան 70 հոգի (տե՛ս Ծն 46.27):
- Երկրորդ կէսին բազմացան եւ ունեցան 600,000 պատերազմիկներ:
Ըստ ինծի, անոնք վայելեցին բազմանալու մեծ օրհնութիւն մը, նոյնիսկ դժուարութեան մէջ: Անոնց բազմանալը նպատակաւոր էր, եւ Աստուած այսօր ալ կը բազմացնէ հաւատացեալները Քրիստոսով՝ Քրիստոնէական ծնունդներով եւ վերստին ծնունդով: