Մովսէսի ծնունդէն մինչեւ Տիրոջ կողմէ անոր կանչուիլը ունի երեք հիմնական բաժիններ, որոնք կը վերաբերին բոլոր հաւատացեալներուն.
- Վերստին ծնունդ
- Ծառայելու մղումներ եւ անհատական նկարագիր
- Տիրոջմով, այսինքն՝ գերբնական հովանաւորութեամբ ծառայել
Մովսէսի Ծնունդը եւ Պահպանութիւնը (Ծն 2.1-25)
Վերը նշուած աստուածաշնչական հատուածին մէջ կը նկատենք, թէ Փարաւոնին կողմէ հրամայուած բոլոր օրէնքներուն դիմաց՝ ծնաւ տղայ զաւակ մը եւ պահուեցաւ հաւատքով (տե՛ս Եբր 11.23):
Այդ մանուկը գտնուեցաւ Փարաւոնին աղջկան՝ իշխանուհիին կողմէ, առնուեցաւ որպէս անոր զաւակը եւ դարձաւ թագաւորական ընտանիքի անդամ՝ իշխան:
Փարաւոն, որ եբրայեցիներուն տղայ զաւակները սպաննելու օրէնքը հաստատած էր՝ եբրայեցիներուն սերունդը ոչնչացնելու նպատակով, իր պալատին մէջ ապրեցուց, զարգացուց եւ պատրաստեց այն անձը, որ եբրայեցիները պիտի փրկէր իր ձեռքէն:
Այսօր ալ, Տէրը այդպէս սահմանած է, որ մենք ապրինք Իր շնորհքով երկրի վրայ գտնուած բոլոր թշնամութիւններուն մէջ:
Կիներուն Մեծ Դերը
Մովսէսի ծնողքը հաւատքով պահեց նորածինը. «23Հաւատքով էր որ Մովսէսի ծնողները տեսնելով ծնած մանուկին կայտառ ըլլալը՝ մինչեւ երեք ամիս պահեցին զայն, առանց վախնալու թագաւորին հրամանէն» (Եբր 11.23):
Մովսէսի քոյրը հաւատքով եւ կարծես ակնկալութեամբ հետեւեցաւ եղբօրը՝ անոր ջուրին մէջ դրուելէն ետք (տե՛ս Ելք 2.4):
Աստուծմէ վախնալով, մանկաբարձները ողջ պահեցին արուներն ալ (տե՛ս Ելք 1.17):
Փարաւոնին աղջիկը՝ իշխանուհին, խղճաց տղուն վրայ (տե՛ս Ելք 2.6):
Այդ բոլորը ըրին ճիշդ գործը, որովհետեւ Աստուած ընտրած էր Մովսէսը յատուկ գործի մը համար:
Ըստ Ստեփանոսի, Մովսէս Աստուծոյ առջեւ գեղեցիկ էր, յատուկ էր (տե՛ս Գրծ 7.20), այդ պատճառով տարբեր անձեր կատարեցին այն ինչ որ պէտք էր որ կատարուէր:
Մովսէս Իր Կոչուած Ըլլալը Զգաց (Ելք 2.11-25)
Պատմութեան մէջ կը նկատենք, որ Մովսէս իր կոչուած ըլլալը կը զգայ եւ անմիջապէս քայլ կ'առնէ՝ իր ազգակիցները ազատելու համար: Թէեւ ան կանչուած էր, բայց պէտք չէր առանց Տիրոջ առաջնորդութեան շարժէր:
Մովսէս արդէն քառասուն տարեկան էր եւ փարաւոնին տան մէջ ուսանած եւ զարգացած էր (տե՛ս Գրծ 7.22):
Մովսէս շատ լաւ դիրքի վրայ էր, հարուստ էր, իշխանութիւն ունէր եւ զարգացած էր: Կարելի է մտածել, թէ ան իր դիրքին ընձեռած միջոցնե՛րը կրնար գործածել եւ այդպիսով օգնել իր ազգակիցներուն:
Եբրայեցիներու նամակին 11.24-26-ին մէջ կը տեսնենք, թէ Մովսէս.
- Մերժեց Փարաւոնին աղջկան որդին կոչուիլը:
- Որոշեց չարչարուիլ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ՝ մերժելով մեղքի եւ հարստութեան ժամանակաւոր զուարճութիւնը:
- Աւելի մեծ սեպեց Քրիստոսի հարստութիւնը:
Մովսէս իր սիրտին մէջ լաւագոյն նկարագրային կէտերը ունենալով հանդերձ, առանց Տիրոջ առաջնորդութեան սպասելու շարժեցաւ եւ դէմ դրաւ եգիպտացիին՝ փորձելով ազատել իր ազգակիցը (Ելք 2.11-14):
Շատ անգամ, նոյնիսկ եթէ մեր մղումները հարազատ են եւ մեր կոչումին մղումներն են, պէտք է մարզենք զանոնք եւ սորվինք շարժիլ Տիրոջմով (հմմտ Բ.Թգ 5.17-25): Առանց Տիրոջ ուղղակի առաջնորդութեան շարժիլը Մովսէսի վրայ բերաւ ՎԱԽ, որուն պատճառով ան փախաւ (տե՛ս Ելք 2.15).
- Մովսէս Ապրեցաւ անապատին մէջ:
- Ամուսնացաւ Մադիամի քուրմին աղջկան հետ (տե՛ս Ելք 2.15-22):
- Ան այդպիսով հոգ կը տանէր Մադիամի քուրմին տան եւ գործերուն:
Աստուած Մովսէսը Կը Կանչէ (Ելք 3.1-22)
Նախքան նշենք, թէ Տէրը ի՛նչպէս կանչեց Մովսէսը, որպէսզի գերբնականով ծառայէ, կ'ուզեմ ուշադրութեանդ յանձնել, թէ ի՛նչն էր, որ Տէրը տեսաւ Մովսէսի մէջ եւ գործածեց՝ զինք կանչելու համար:
- Ան հեզ էր (Թւ 12.3):
- Տիրոջ ճամբաները կը սորվէր (Սղ 103.7):
- Տիրոջ ներկայութիւնը կը փնտռէր (Ելք 33.15):
- Աստուծոյ եւ ժողովուրդին միջեւ իր պաշտօնին մէջ հաւատարիմ էր (Եբր 3.2):
- Մովսէս նոյնիսկ իր մեռնելու ատենը ընտանիքին եւ սիրելիներուն հետ չէր: Անոր թաղուած տեղն անգամ յայտնի չէր. Տէրը թաղեց զայն (տե՛ս Բ.Օր 34.5-8: հմմտ Յդ 9: Մտ 17.1-3):
Մովսէս Հօտը Կ'արածէր
Մովսէս իր աներոջ հօտը կ'արածէր եւ կը փորձէր ոչխարներուն համար կանաչ խոտ գտնել: Ան հասաւ Քորեբ լեռը, որ նաեւ կը կոչուէր Աստուծոյ լեռը:
Մինչ ան խոտ կը փնտռէր, Տէրը հանդիպեցաւ անոր եւ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐԺԵՑ ու ԿՈՉՈՒՄԸ ԱՐԹՆՑՈՒՑ, որպէսզի Մովսէս սկսէր ՄՏԱԾԵԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱԶԱՏԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ:
- Մեր կոչումին եւ կամ գործին մէջ հաւատարիմ ըլլալը յաջողութիւն կը խոստանայ եւ մեր նպատակին հասնելու միջոցն է:
- Երբ ծառայութեան դաշտին մէջ Տիրոջ զաւակներուն (ոչխարներուն) հոգեւոր սնունդը (խոտը) ապահովելու գործին մէջ ես, դուն Տիրոջ գործն է, որ կ'ընես (Սղ 23.2):
- Մեր ձիրքերը եւ կոչումը միասին կը գործեն, այդ պատճառով պէտք է մեր ձիրքերը Տիրոջ ծառայելու նուիրելով՝ Անոր ենթարկուինք:
Մինչ Մովսէս կ'ընէր այն ինչ որ լաւ էր եւ ճիշդ ժամանակին պէտքն էր, Տէրը իրեն հանդիպեցաւ: Տէրը Մովսէսին հանդիպեցաւ այն տեղին՝ մարզին մէջ, ուր ան պիտի ծառայէր Տիրոջ եւ ժողովուրդը պիտի բերէր Քորեբ՝ Աստուծոյ հետ ուխտ ընելու եւ պատուիրաններն ու Օրէնքը ստանալու:
Մեր Սիրտերը Քննենք
Մեզ կանչելու ատեն, Տէրը մեր սիրտին այն տեղին մէջ կը հանդիպի մեզի, ուր մենք հաւատարմաբար կը ծառայենք մեր ձիրքերով: Ատիկա նշան է, թէ պատրաստ ենք.
- Կոչումով ծառայելու
- Ժողովուրդը Տիրոջ բերելու
Ես կը հաւատամ, որ Մովսէս պատրաստ էր, բայց միայն իր կոչումին մէջ Տիրոջ ներկայութեամբ առաջնորդուելու փորձառութեան մէջ արթննալու պէտքը ունէր:
Կրակի Բոցով Մորենին (Ելք 3.2-3)
«Եւ Տիրոջ հրեշտակը կրակի բոցով մորենիին մէջէն երեւցաւ անոր: Անիկա տեսաւ որ ահա մորենին կրակով կը վառէր, բայց մորենին չէր սպառեր: Մովսէս ըսաւ. “Հիմա երթամ ու այս մեծ տեսարանը տեսնեմ՝ թէ ինչո՞ւ համար մորենին չայրիր”»:
- Տիրոջ հրեշտակը կը ներկայացնէ Տիրոջ ներկայութիւնը:
- Մորենին անապատին մէջ մեծ եւ չոր թուփ մըն է, որ չնչին կայծով մը կամ տաքութեամբ մը կրնայ վառիլ եւ մեծ տարածք մը իր պատճառով սպառել:
- Անապատին մէջ այդպիսի ծառի մը առանց սպառելու վառիլը արտաբնական երեւոյթ մըն էր, որ խորհրդանշաբար կը խօսէր Եգիպտոսի մէջ գտնուող Աստուծոյ ժողովուրդին մասին, որոնց ցեղը սպառել կ'աշխատէր Փարաւոն, բայց որ պիտի չյաջողէր, որովհետեւ Տէրը անոնց մէջ էր:
- Երբ վառելու եւ սպառելու ենթակայ ժողովուրդին մէջ Տէրը կը հանգչի, թէեւ վառին, բայց չեն սպառիր եւ անոնց կեանքը կ'ունենայ արտաբնական երեւոյթ մը (հմմտ Դն 3.19-30):
- Այդ արտաբնական երեւոյթով, Աստուած Մովսէսը արթնցուց եւ անոր յայտնեց Իր ծրագիրը, այսինքն՝ անապատին մէջ զանոնք պահպանելու ծրագիրը: Ատիկա Մովսէսին ապահովութիւն եւ վստահութիւն ներշնչելու ձեւ մըն էր:
- Այդ երեւոյթը Մովսէսի հետաքրքրութիւնը շարժեց եւ պատճառ հանդիսացաւ, որ ան իր կոչումին հանդէպ հոգեւոր արթնութիւն մը ունենայ եւ նոր ու աստուածային ծրագիրներով սկսի մղուիլ՝ մանաւանդ Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալով:
Անսխալական Նշան (Ելք 3.4)
Աստուծոյ կատարած յայտնութիւնները կ'ըլլային եւ այսօր ալ կ'ըլլան միշտ անսխալական, որպէսզի հաղորդակցութեան երկնային ըլլալը յստակ ըլլայ:
- Մովսէս տեսաւ կրակ մը, զոր մարդու ձեռքով վառած չէր:
- Լսեց ձայն մը, որ մարդկային լեզուով չէր խօսէր:
- Ստեղծուած արարած մը չտեսաւ, բայց մէկը կար մորենիին մէջ՝ կրակին տաքութեան մէջ, որ կը ճանչնար զինք եւ հետը կը խօսէր իր անունով:
- Ո՞վ կրնար ըլլալ Ան, բացի Երկնաւոր Էակը՝ Աստուած:
«Կօշիկներդ Հանէ՛» (Ելք 3.5)
Եգիպտոսի մէջ քահանաները ունէին կօշիկ հանելու վարժութիւնը: Արեւելեան մշակոյթները վարժ են կօշիկ հանելու սովորութեան, ինչպէս արեւմտեանները՝ գլխարկ հանելու:
- Անոնք յարգանքի արտայայտութիւններ են:
- Մովսէսի պարագային, կօշիկ հանելը կը խօսէր անձը խոնարհեցնելու, իր անարժան ըլլալը յայտնելու եւ այդպիսով դիմացինին սրբութեան առջեւ կանգնելու արժանանալու մասին:
- Տիրոջ գտնուած տեղը միշտ սուրբ է, հետեւաբար պէտք է արժանաւորապէս կենանք Անոր ներկայութեան:
- Տէրը կ'ակնկալէր, որ նախքան Մովսէսի հետ խօսիլ սկսիլը եւ անոր խոստումներ տալը, Մովսէս ամբողջ էութեամբ խոնարհէր Իր առջեւ:
- Տիրոջմէ խօսք ստանալու միջոցներէն մէկը Անոր առջեւ ամբողջ սրտով խոնարհիլն է:
Տէրը Խօսեցաւ (Ելք 3.6-8)
Մովսէսի երկիւղով կենալը թոյլ տուաւ, որ Աստուած խօսի (հմմտ Մտ 22.32) եւ Ինքզինք ներկայացնէ իբրեւ ուխտը կատարող Անձը՝ Փրկիչը:
Այդ հանդիպումը եւ բոլոր եղածները ցոյց տուին Մովսէսին, թէ Աստուած ինչքան հաւատարիմ է Իր խոստումներուն նկատմամբ (հմմտ Ծն 15.13):
Մովսէսի երկիւղով խոնարհիլը նորէն երեւան հանեց անոր կոչումը, բայց այս անգամ տարբեր եւ հոգեւոր ուժգնութեամբ մը:
- (Հմր 7) «Ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ»:
- Դուն այսօր կրնա՞ս տեսնել զանիկա:
- (Հմր 8) «Եկայ ժողովուրդս ազատելու»:
- «Կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը տանելու»:
- (Հմր 9) «Թշնամիին հարստահարութիւնը տեսայ»:
- Դուն կը տեսնե՞ս հարստահարութիւնը թէ անոր մթնոլորտին խառնուած կ'ապրիս:
- (Հմր 10) «Քեզ պիտի ղրկեմ, որպէսզի ժողովուրդս Եգիպտոսէն հանես»:
- Պատրա՞ստ ես ղրկուելու (տե՛ս Ես 6.8):
Մովսէս Կը Պատասխանէ Իր Վիճակէն Մղուած (Ելք 3.11-22)
Երբ Տէրը մեզ կանչէ, մեր պատասխանները չտանք մեր տկարութիւններէն, անոնց ազդեցութիւններէն ու յիշատակներէն մղուած, հապա փորձենք արտայայտուիլ մեր հոգեւոր ինքնութիւնը ճանչնալով եւ մեր նուիրումը նկատի ունենալով:
- (Հմր 11) «[...] Ես ո՞վ եմ, որ Փարաւոնին երթամ եւ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն հանեմ»:
- (Հմր 12) Տէրը ըսաւ. «[...] Անշուշտ ես քեզի հետ պիտի ըլլամ [...]”»:
- Աստուած տկարութեան մէջ եղողին կ'ըսէ՝ «Հետդ պիտի ըլլամ»: Ի՜նչ մեծ ու զօրաւոր խօսք եւ խոստում ու պարտականութիւն:
- Աստուած յանձն կ'առնէ կանչուած ծառային հետ ըլլալ:
- (Հմր 13-15) Ի՞նչպէս Ան Ինքզինք կը յայտնէ մեր միջոցաւ. «[...] Ես եմ Որ Էն [...] Եհովա Աստուածը [...] Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը ու Յակոբի Աստուածը [...]»:
- Ան ինքզինք կը ներկայացնէ Իր յաւիտենապէս ճանչցուող անունով, զոր մենք այսօր գիտենք որպէս Յիսուս Քրիստոս:
Շնորհք Պիտի Տամ (Ելք 3.16-22)
- (Ելք 3.16-18) Աստուած իր խոստումներուն համաձայն կը փրկէ, կ'ազատէ եւ կը տանի ժողովուրդը խոստացուած տեղը (հմմտ Եբր 6.13-20):
- (Ելք 3.19-20) Թշնամին պիտի չընդունի արձակել Աստուծոյ ժողովուրդը, բացի երբ Տիրոջ նշանները երեւին:
- (Ելք 3.21-22) Աստուծոյ ժողովուրդը շնորհք պիտի գտնէ եւ իրաւունքը պիտի առնէ Քրիստոսով (հմմտ Ն.Թ. Եբր 12.24):