«Աստուած ըսաւ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք: Ան ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ անասուններուն ու բոլոր երկրի ու սողացող բոլոր սողուններուն վրայ թող իշխէ» (Ծն 1.26):
Աստուած մարդը Իր պատկերին նմանութեամբ ստեղծեց եւ անոր տուաւ իշխանութիւն, որ իշխէ երկրի վրայ եւ բոլոր ստեղծուածներուն վրայ:
Թէեւ այսօր աշխարհի վրայ կան տարբեր ազգեր, լեզուներ եւ կեանքը իր ընթացքը առած է, բայց Աստուծոյ ծրագիրը միշտ եղած է աշխարհի վրայ բերել Իր բնութիւնը:
- Աստուծոյ առաջին նպատակն էր Երկինքի Թագաւորութիւնը տարածել երկրի վրայ եւ զայն երկրի վրայ հաստատել:
- Ան ուզեց, որ երկիրը ըլլայ երկինքի գաղութ (colony), այսինքն օտար հողի վրայ կազմուած համայնք կամ տէրութիւն:
Ի՞նչպէս Կ'ըլլայ Կապը Երկիրի մը եւ Գաղութի մը Միջեւ
Կայսերական եւ հեռու գտնուող երկիր մը կ'որոշէ այլ երկիր մը իր գաղութը դարձնել: Օրինակ՝ անգլիական, ֆրանսական եւ սպանական կայսերական երկիրներուն գաղութները: Բոլորն ալ նոյն ձեւը ունին:
- Գաղութ ընելուն նպատակներէն մէկն էր, որ այն երկիրը դարձնել ճիշդ կայսերական երկիրին պէս:
- Գաղութ դարձած երկրին մէջ կը խօսուի նոյն կայսերական լեզուն:
- Կ'ուտեն եւ կը խմեն նոյն սովորութիւններուն համաձայն:
- Կը հագնին նոյնանման:
- Գաղութ ընել կը նշանակէ՝ ազդեցութիւնը տարածել: Ազդել տարածքի մը վրայ, որպէսզի ըլլայ քեզի պէս:
Աստուած փափաքեցաւ նոյն ձեւով երկիրը երկինքի գաղութը դարձնել: Այդ պատճառով Ան մարդը ստեղծեց Իր նմանութեամբ եւ զայն դրաւ երկրի վրայ, անոր տալով իշխելու եւ տիրելու իշխանութիւն:
Այս գործը կատարելու համար Աստուած երկինքը ձգելով աշխարհ չեկաւ: Աստուած մարդուն տուաւ հոգի, շունչ եւ մարմին, որպէսզի մարդուն հոգիին միջոցաւ Ան փոխանցէ երկնաւոր սնունդը, գիտութիւնը եւ ամէն ինչը այս աշխարհին եւ աշխարհը վերածէ երկինքի գաղութի: Ատիկա մարդուն տրուած իշխանութիւն մըն էր՝ երկիրին տիրելու:
- Ասիկա մարդուն տրուած մեծ պատիւ մըն էր, որովհետեւ Աստուած ինչ որ պիտի ընէր երկրի վրայ յանձնած էր մարդուն (հմմտ Սղ 115.16) «Երկինքներու երկինքը Տէրոջն է,Բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ»:
Ուրեմն, երկիրը երկինքի գաղութ դարձնել կը նշանակէ.
- Ազդեցութիւն բանեցնել մինչեւ որ քու նմանդ դարձնես:
Ադամ իր աստուածատուր նմանութեամբ պիտի ծնէր սերունդներ, որոնք Աստուծոյ ներկայացուցիչները ըլլալով երկիրը երկինքի գաղութ պիտի դարձնէին:
- Միակ բանը, որ Ադամ պէտք ունէր պահելու, Աստուծոյ հետ իր հոգեւոր կապն էր, որպէսզի անկէ առնելով աշխարհին փոխանցէր: Եթէ իր կապը խզէր երկինքի հետ, երկիրը պիտի չկարենար երկինքի գաղութ դարձնել:
- Դժբախտաբար Ադամ կտրեց իր կապը՝ «գոլոն»-ը Աստուծոյ հետ: Ան այլեւս իր գործը ընելու համար Աստուծմէ չէր կրնար առնել:
- Կայսերական երկիրին դէմ յեղափոխութիւն ընող եւ անոնց հետ իրենց կապերը խզող երկիրները (ինչպէս Հեյթին-Ֆրանսայէն) այլեւս իրենք իրենց պէտքերուն կը հոգային:
- Մարդը երկնաքաղաքացի էր՝ մարմինի մէջ: Ան երկինքը ճանչնալով միայն կրնար երկիրը անոր գաղութը դարձնել եւ երկրի վրայ կեանքը ապրիլ իրեն համար սահմանուած յաջողութեամբ:
Ծննդոց 3րդ գլուխին մէ, կը նկատենք, թէ հոգեւոր կապը խզուելէն ետք բերանէն՝ երկինքէն՝ սնունդը աղիքներուն տանող «գոլոն»ը, կապը կտրուեցաւ: Ա՛լ երկինքը չէր կրնար պէտք եղածը հասցնել մարդուն եւ երկիրին:
Տէրունական Աղօթքը Կապելու (Կապը Վերահաստատելու) Սկզբունքով Եղած է
Երբ աշակերտները Տէր Յիսուսէն խնդրեցին, որ իրենց աղօթել սորվեցնէ , Ան իրենց սորվեցուց աղօթք մը, որ զիրենք դարձեալ երկինքին կը կապէր:
- «Մեր Հայրը, որ երկինքն ես»:
- Նախ Ան երկինքի մէջ է, ո՛չ երկրի վրայ:
- Եթէ Անգլիոյ թագուհին գար Հնդկաստանի մէջ ապրէր, այլեւս Անգլիան չէր ըլլար գլխաւոր կեդրոնը (գրասենեակը) կայսրութեան, հապա Հնդկաստանը:
- Աստուած երկինքի մէջ է եւ երկիրը Իր գաղութն է, որուն մէջ մենք Անոր իշխանութեամբ կը գործենք:
- Յետոյ մեզի սորվեցուց, որ ըսենք. «Սուրբ է անունդ», այսինքն՝ մէկ է եւ ամբողջ:
- «Թող քու թագաւորութիւնդ գայ», «Քու կամքդ ըլլայ, ինչպէս վերը երկինքի մէջ, նոյնպէս երկրի վրայ»:
- Ուրեմն, Տէրը մեզի կը սորվեցնէ ամէն օր աղօթելու եւ ապրելու ձեւը:
Տէրը Ուզեց եւ Կ'ուզէ Երկիրը Իր Փառքով Լեցնել (Ես 6.3)
«Սուրբ, Սուրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը. Բոլոր երկիր անոր փառքովը լեցուն է»:
- «Փառք», յունարէնով «տօքսայ», կը նշանակէ պատիւ, Աստուծոյ խօսուն յայտնութիւնը, Աստուածային որակ:
- «Փառք», եբրայերէնով «քապոտ», կը նշանակէ ծանր, կշիռք, կարեւորութիւն: Աստուծոյ անսահման ներքին արժէքներն ու բնոյթը (էութիւնը):
- Տիրոջ ներքին արժէքները եւ բնոյթը
- Տէրը կ'ուզէ, որ երկիրը իմ եւ քու միջոցաւ լեցուի Իր բնութեան համաձայն:
Ամէն Գաղութ Ունի Իր Կառավարիչը
Այդ կառավարիչը կը բնակի գաղութ երկիրին մէջ, եւ յատուկ տան մը մէջ:
- Կառավարիչը կ'ըլլայ կայսերական երկրին քաղաքացի:
- Կառավարիչին պաշտօնն է հսկել, որ գաղութը ապրի եւ արտայայտուի ճիշդ կայսերական սկզբունքներուն համաձայն ամէն բանի մէջ:
- Կառավարիչին գործը յաջողած եւ աւարտած պիտի ըլլայ, երբ ամէն մարդ ճանչնայ կայսրը եւ մեծարէ զայն:
Կառավարիչը Տէր Յիսուսն է
Տէր Յիսուս երկու հազար տարի առաջ եկաւ, Ան ըսաւ. «երկինքի թագաւորութիւնը եկաւ» եւ նաեւ փրկագործութեան միջոցաւ «գոլոն»ը նորէն կապեց եւ երկիրը նորէն միացուց երկինքին:
Ան միայն եկաւ մեզ փրկելու եւ ապա ղրկեց Սուրբ Հոգին, որպէսզի Ան օգնէ, ուղղէ, առաջնորդէ, մաքրէ բժշկէ եւ մեզ բոլորս երկինքի գաղութ դարձնէ:
Ան է կառավարիչը եւ կը բնակի գաղութի երկիրին մէջ եւ Անոր տունը մենք ենք (Ա.Կր 3.16, 6.19):
«Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք եւ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի»։
«Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճար են Սուրբ Հոգիին, որ ձեր մէջն է, որ Աստուծմէ առած էք ու դուք ձեր անձին տէրը չէք»:
Դո՛ւն Ես Միակ Միջոցը
Միայն դուն ես միջոցը երկինքը երկիր բերելու, եւ այդ ալ վերոյիշեալ աղօթելու ձեւը լաւ հասկնալով:
Աշխատէ՛ եւ փափաքէ՛, որ Աստուած տիրէ, ազդէ քու անձիդ, մարմինիդ եւ շունչիդ վրայ:
- Երբ Աստուած Իր ազդեցութիւնը բերէ քու մարմինիդ վրայ, բոլոր բաները, որոնք Աստուծոյ ձեւին համաձայն չեն, պիտի փախչին, հիւանդութիւն, անգործութիւն եւ ամէն ինչ որ Անոր կամքին համաձայն չէ:
- Աստուծոյ քով հիւանդութիւն չկայ: Անգործութիւն չկայ:
- Գաղութը հարուստ, առողջ եւ զօրաւոր կ'ըլլայ այն չափով, որ իր վրայ տիրող երկիրը հարուստ, առողջ եւ զօրաւոր է:
Տէրը ուզեց եւ կ'ուզէ երկիրը լեցնել Իր բնութեամբ (հմմտ Ա.Կր 1.20), այդ ալ իր որդիներով: