« 13 Դուք էք երկրի աղը: Բայց եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի աղեն զայն: Այլեւս ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ, հապա զայն կը թափեն, եւ մարդոց ոտքի կոխան կը դառնայ» (Մտ 5.13):
Տէր Յիսուս իր խօսքին մէջ իրեն հետեւող բազմութիւնը եւ այսօր քեզ Աղ կը կոչէ, ստոյգ իմանալով, թէ դուն եւ քու ծառայութիւնդ աղի յատկութիւններուն նման արժէքաւոր եւ արդիւնաբեր պիտի ըլլաք երկրին եւ անոր բնակիչներուն համար:
Աղը
Աղը կը բաղադրուի Sodium եւ Chloride հիւլէներուն՝ (Ion-ա՛յըն) կոչուող երկու մասնիկներու միութիւնով: Ասոնք իրարու կը միանան, որովհետեւ մէկ մասնիկը իր աւելին սպառելու պէտքը ունի, իսկ միւսը՝ պակասութիւն ունի:
- Աղը կը հալի զօրաւոր կրակի ենթարկուելով կամ հեղուկի մէջ լուծուելով եւ ապա կը սկսի հաղորդել դրական կամ ժխտական ելեկտրականութիւն: «Sodium»-ը ունի դրական իսկ «chlorine»-ը ունի ժխտական ելեկտրականութիւն: Այս մասնիկները իրարու միացած կ'ըլլան ճիշդ այնպէս ինչպէս հակառակ ելեկտրականութիւն ունեցող մագնիսները իրարու կը միանան:
- Աղը, նախքան լուծուիլը, կարծր հատիկ մըն է, սակայն լուծուելով Sodium-ը եւ Chloride-ը անմիջապէս իրարմէ կը բաժնուին եւ այսպիսով իւրաքանչիւրը իր կենսական ծառայութիւնը կը բերէ, այսինքն՝ այսպիսով աղը իր համը եւ արդիւնքը կու տայ:
Աղը կը գործածուի կերակուրը համեմելու համար, ինչպէս նաեւ որպէս մաքրող հեղուկ, (լուծոյթ) կը գործածուի՝ կարք մը տեսակի ուտելիքներ պահպանելու համար:
Աղ «Ա՛լլաս»
Աղը յունարէնով «ա՛լլաս», եւ լատիներէնով «ահալա» կը կոչուի:
Հին յունարէն ստուգաբանութեան համաձայն անիկա «ա՛լս» բառն է, որ հարիւրաւոր լեզուներու ընտանիքին կը պատկանի, որոնցմէ են անգլերէնով «սալթ» եւ լատիներէնով «սա՛լ» եւ հին հայերէնով «աղ» բառերը:
Աղ՝ «ա՛լս» բառը, որպէս ածական, իր երրորդ սեռական հոլովով, անցեալին կը գործածուէր ըսելու համար.
- Աղ,
- Աղի ջուր,
- Ծովու ջուր
- Առողջ միտք:
Առողջ Միտք «Ուիթ»(«ա՛լս» բառը որպէս ածական, երրորդ սեռական հոլով (անգործածական է այսօր)):
- Խելքը թռցուցած
- Օրինակ՝ «Երբ խաղալիքը ստացաւ, ուրախութենէն խելքը թռցուց»:
- Զգացումներ
- Իմացական կարողութիւն, տրամաբանութիւն եւ մտածելու իշխանութիւն
- Արագօրէն մտածելու կարողութիւն, մտային ուշիմութիւն, մանաւանդ ճնշումի կամ ստիպումի (հարկադրանքի, պարտադրանքի տակ) պարագային:
- Ընդհանուր ուշիմութիւն, ողջամտութիւն, առողջ դատողութիւն: (Առիթը առջեւդ դրուեցաւ, բայց նոյնիսկ սովորական կարծիք մը չ'ունեցար կամ չկրցար մտածել առիթը օգտագործել):
- Սրամիտ, զուարթ մթնոլորտ ստեղծող, (հումոր): Մանաւանդ երբ ուշիմութեամբ ըլլայ եւ արագ:
Հաւատացեալը որպէս աղ.
- Խելքը թռցուցած կ'ըլլայ Քրիստոսի համար:
- Կ'ունենայ յատուկ զգացումներ Երկինքի Թագաւորութեան մասին:
- Քրիստոսի միտքը կ'ունենայ (Ա.Կր 2.16): Այսինքն՝ իմացական կարողութիւնը, տրամաբանութիւնը եւ մտածելու իշխանութիւնը:
- Կրնայ մտածել՝ պէտք եղած ատեն լուծում բերելու համար, ճնշումի տակ բնաւ իր մտածելակերպը չի փոխեր կամ զիջումներ չ'ըներ:
- Ամէն առիթ գործածելու (օգտագործելու) ուշիմութիւնը ունի:
- Ուշիմութեամբ մթնոլորտը փոխող, տեղին եւ արագօրէն խօսքերը տուող եւ մուտը շտկող (տրամադրութիւնը, հոգեվիճակը բարելաւող, վերականգնող):
Աղ Ենք՝ Միանալով Քրիստոսի
Յիսուս փրկութիւնը քեզի տալու փափաքն ու կարողութիւնը ունի, «սօտիումին իր դրականը տալու օրինակով» իսկ դուն՝ Փրկիչին պարգեւածին կարիքը ունիս՝ «քլօրինին նուազ (պակաս) ունենալու օրինակով»:
- Երբ Յիսուսի հաւատացիր, քու պակասդ իմացար եւ անոր տուած փրկութեան պարգեւով երկրին աղը դարձար, այսուհետեւ «...Ամէն մարդ կրնայ ճանչնալ ու կարդալ, եւ կրնայ յստակօրէն տեսնել՝ թէ Քրիստոսի նամակն էք դուք... Գրուած՝ ո՛չ թէ մելանով, այլ՝ կենդանի Աստուծոյ Հոգիով» (Բ.Կր 3.2-3): Միայն Քրիստոսի միացած կարելի է երկրին աղը ըլլալ:
Աղին Միութիւնը եւ Զոհողութիւնը
Պէտք է գիտնանք, թէ Քրիստոսի միանալէ ետք, մեր ստացած ինքնութիւնը արդիւնաբեր չի դառնար նախքան որ մենք Սուրբ Հոգիին շնորհքով, մեր ծառայութեան միջոցաւ լուծուինք: Մենք կ'ոչնչանանք, որպէսզի Քրիստոսի հետ մեր միւթեան արդիւնքը բոլորին համար կենսական դառնայ: Յիսուս ըսաւ. «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը...» (Մտ 16.24):
Իմ Ինքնութիւնս
Մեր «աղ» ինքնութիւնը ուխտ մըն է՝ Տիրոջ Թագաւորութիւնը ապրելու համար (Թւ 18.19: Բ.Մն 13.5), եւ պէտք է այդ աղը (ուխտը) մեր մէջ ունենանք (Մր 9.49-50):
« 19 Սուրբ բաներէն բոլոր բարձրացնելու ընծաները, որոնք Իսրայէլի որդիները Տէրոջը կը մատուցանեն, քեզի եւ քեզի հետ քու որդիներուդ ու աղջիկներուդ տուի յաւիտենական կանոնով. անիկա Տէրոջը առջեւ քեզի եւ քեզի հետ քու սերունդիդ աղի ուխտ մըն է յաւիտեան»:
« 5 Դուք գիտնալու չէ՞ք թէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Իսրայէլի վրայ թագաւորելը՝ յաւիտեան Դաւիթի ու անոր որդիներուն տուած է աղի ուխտով»:
- Առողջ միտք պէտք է ունենանք:
- Խելքերնիս Քրիստոսով թռցուցած
Իւրաքանչիւր խօսք պէտք է համեմուած ըլլայ վերոյիշեալ աղով (Կղ 4.6):
« 6 Ձեր խօսքերը միշտ շնորհալի թող ըլլան, աղով համեմուած, եւ գիտցէք՝ ի՛նչպէս պէտք է պատասխանէք իւրաքանչիւր մարդու»:
Եղիսէ մահը ջուրերուն մէջէն հեռացուց աղին միջոցաւ (Դ.Թգ 2.21):
« 21 Անիկա ջուրերուն աղբիւրը ելաւ ու հոն աղ նետեց ու ըսաւ. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. 'Այս ջուրերը բժշկեցի, անգամ մըն ալ ասկէ մահ ու անպտղութիւն չըլլայ'»:
Անձդ աղի պէս գործածելը միջոց է գերբնականը գործածելու.
- Եղիսէ հոգիներ զանազանելու պարգեւով տեսաւ եւ հասկցաւ խնդիրը:
- Աստուած իմաստութեան խօսքին միջոցաւ իմացուց Իր ընելիքը:
- Եղիսէ հաւատքով նետեց աղը ջուրերուն աղբիւրին մէջ:
- Հրաշքով բժշկուեցան ջուրերը:
- Դուն ես աղը՝ գերբնականին գործելուն միջոցը:
Եթէ Անձդ Պահես
Կը նմանիս աղին, որ նախքան լուծուիլը, իր կենսականութիւնը (կեանքի ուժը, կենդանացնող զօրութիւնը) չի կրնար տարածել: Իսկ երբ քու անձդ մոռնաս, քու կեանքդ՝ Քրիստոս (Գղ 2.20) պիտի յայտնուի եւ Սուրբ Հոգին Անոր յաղթութիւնը պիտի տարածէ ամենուրէք: