Աշխարհի վրայ այսօր պատերազմ մը կայ, Յիսուսը պահելու, ծածկելու, մոռցնելու: Եկէք տեսնենք, թէ Ան ի՞նչ ըսած է այդ մասին:
Ես կը հաւատամ, որ եթէ Իր պատուիրածները կատարենք, Ան մեզի հետ պիտի ըլլայ մինչեւ վերջ:

«Յիսուս պատասխանեց անոր. – Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը: Միայն ինձմով կարելի է Հօրս երթալ» (Յհ 14.6):

Նոյնիսկ փրկուածներուն համար Հօր ներկայութեան կենալը եւ Անոր ներկայութիւնը զգալով ապրիլը պէտք ունի Տէր Յիսուսի՝ ՃՇՄԱՐԻՏին:

Որպէս հաւատացեալներ, մենք կը հաւատանք եւ կը խոստովանինք, թէ Յիսուսն է բացարձակ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ: Շատ հետաքրքրական եւ կեանք փոխող իրականութիւն մը պիտի ըլլայ երբ հասկնանք, թէ Աստուծոյ խօսքը ի՞նչ ըսել կ'ուզէ այս հաստատումով:

Յունարէնով ճշմարտութիւն բառը «էլի՛թեայ» բառն է:
«Էլի՛թեայ»-ն բարդ բառ է,

  • Առաջին բաժինը «Ա» տառն է, եւ կը գործածուի որպէս բացասական մասնիկ (օրինակ, կայուն-անկայուն):
  • Երկրորդ բաժինը «լէթի» բառն է, որ որպէս ածական կը նշանակէ ՄՈՌԱՆԱԼԻ ԵՒ ՄՈՌԱՑՈՒԹԻՒՆ:

Որովհետեւ առաջին բաժինը բացասական մասնիկ է եւ բայը կազմուած է բառին երկրորդ բաժինէն, ուրեմն այն եզրակացութեան կը հասնինք, թէ «էլի՛թեայ» կը նշանակէ անմոռանալի: Կամ այն՝ ինչ որ չես կրնար մոռնալ:
Ուրեմն «Յիսուսն է ճշմարտութիւնը» կը նշանակէ, թէ Ան անմոռանալին է: ԲՆԱՒ ՉԵՍ ԿՐՆԱՐ ԶԻՆՔ ՄՈՌՆԱԼ:

Չես կրնար զԻնք Մոռնալ:

Վերստին ծնելէ եւ Տէր Յիսուսը կեանքէդ ներս ընդունելէ ետք, Անոր ներկայութիւնը չես կրնար անտեսել կամ մոռնալ (բացի անշուշտ եթէ ուխտդ դրժես):

  • Ան ա՛լ յաւիտեան ողջ է քու մէջդ:
  • Նոյնիսկ եթէ մէկը քիչ մը հաւատքէն իյնայ եւ փորձէ փախչիլ իրականութենէն, փորձէ ինքզինք ձեւացնել, թէ իրեն հետ բան մը չէ պատահած, բայց իրականութեան մէջ ան ներքնապէս կը տանջուի, քանի գիտէ, թէ Յիսուս իրական է:
  • Թէեւ մէկը փորձէ ուրանալ, անոր մէջը միշտ ցաւ մը պիտի ըլլայ: Վերջապէս Սուրբ Հոգին տակաւին ամբողջ ժամանակը կ'աշխատի, որ անձին սիրտը նորէն զգայուն դարձնէ Յիսուսի անխուսափելի իրականութեան:

Յիսուս Պահուած Չի Մնար

«Էլի՛թեայ» բառին երկրորդ կէսին մէջ կը գտնենք «լէթհօ» բայը, որ կը նշանակէ.

  • Ես պահուած կը մնամ
  • Ես աննկատ կը մնամ
  • Ես ուշադրութիւն գրաւելէ կը փախչիմ

Հետեւաբար, Յհ 14.6-ին համաձայն, Յիսուսն է «Ճշմարտութիւնը», Ան չի կրնար պահուած մնալ, կամ անցնիլ առանց տեսնուելու եւ նշմարուելու:

Եթէ մէկը իրապէս վերստին ծնած է, չի կրնար իր մէջ գտնուող Յիսուսը պահել շուրջիններէն: Ուրեմն բացասական մասնիկն ալ առջեւը դրուելով

  • Պահուածը կ'ըլլայ չպահուած
  • Մոռցուողը կ'ըլլայ չմոռցուող
  • Աշխարհի չորս կողմը, բոլոր կրօններուն մէջ ալ, ո՛վ որ ճշմարտութիւնը փնտռէ, կը տեսնէ Յիսուսը, տեսիլքով, երազով կամ այլ միջոցներով:

«Ճշմարտութիւն» բառը Եբրայերէնի մէջ

«Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զԻնքն կը կանչեն, այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զԻնք կը կանչեն»( Սղ 145.18):

Հաւանաբար կան անձեր, որոնք կը կանչեն Տիրոջ, սակայն ոչ «ճշմարտութեամբ»: Այդ պատճառով ալ, Տէրը մօտ չէ անոնց, որովհետեւ չի կրնար մօտ ըլլալ երբ քաղջ վիճակով զԻնք կը կանչեն:

  • Տէրը «շտապ օգնութիւնն է»: Շտապ օգնութեան հետ կատակ չես կրնար ըներ, այլապէս օր մը երբ լուրջ ըլլաս, կը կարծեն, թէ կատակ կ'ընես:
  • Պէտք է Տիրոջ մօտենալ «ճշմարտութեամբ»:
  • Ճշմարտութիւնը ճանչնալն է, որ կ'ազատէ (Յհ 8.31-32):

Եբրայերէնի մէջ «ճշմարտութիւն»՝ «էմէթ» բառը կը նշանակէ.

  • Կայունութիւն, վստահութիւն եւ վստահելի
    • Պէտք է Տիրոջ դիմենք կայունութեամբ, վստահութեամբ եւ վստահելիօրէն:
    • Տիրոջ ուղղած աղօթքի նամակիդ մէջ պէտք է հասկնալի ըլլայ, թէ խնդրածդ ստանալէ ետք հաւատարիմ պիտի մնաս:

Եբրայերէն «էմէթ» բառը եկած է «էմէն» բառէն, որ կը նշանակէ.

  • Շինել, աջակցիլ եւ հոգալ ծնողի մը պէս:
  • «Ճշմարտութիւն» բառը երբ իբրեւ ածական կը գործածուի, նաեւ կը նշանակէ՝ «մասնագէտ»:
    • Ճշմարտութիւնը, որ մենք կ'ապրինք, անով կը շինուինք, մեզ կ'առաջնորդէ եւ մեզի կ'աջակցի, մեր երկնաւոր Հայրն է:
    • Ան անչափահաս չէ, հապա մասնագէտներուն մասնագէտը:
      • Ճշմարտութիւնը բնաւ մեզ չի խաբեր, Ան մեր մասնագէտն է:
      • Սուրբ Հոգին ճշմարտութիւնը յայտնելով կը շինէ մեզ:
Նախորդ Հրապարակում Չորս Հանգրուանները Խօսքին, Հաւատքի եւ Օծութեան - Բժշկութեան Ծառայութիւններու եւ Վերարթնութեան Շաբաթ 06
Յաջորդ Հրապարակում Ես Կը Ներկայացնեմ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը