«[…] Եթէ դուն գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ ո՞վ է ան, որ քեզի կ՛ըսէ “ինծի ջուր տուր խմելու”, դուն անկէ պիտի ուզէիր եւ ինք քեզի կենդանի ջուր պիտի տար» (Յհ 4.10):
Այս խօսքերով Յիսուս ցոյց կու տայ Իր մեծ փափաքը, որ մարդիկ իր իսկական ինքնութիւնը ճանչնան:
Յիսուսի տալիքները առնելու համար անհրաժեշտ է Յիսուսի նպատակն ու ծրագիրը ճանչնալ: Կարեւոր է նաեւ ճանչնալ Յիսուսի ինքնութիւնը, այլապէս հաւատքի կեանքը անիմաստ կ'ըլլայ: Երբ այդ ճշմարտութիւններուն հիման վրայ Յիսուսի հետ յարաբերինք, Անոր հետ մէկութիւն պիտի ունենանք եւ Անոր տալիք բարիքները պիտի վայելենք:
Յհ 4-ին մէջ, Յիսուս կրնար ուրիշ աւելի կարճ ճամբայէ մը անցնիլ, սակայն մղուեցաւ Սամարիայէն անցնելու, որովհետեւ Ան Սամարացի կնոջ տալիք մը ունէր: Հորին մօտ, կար կին մը, որ կէսօր ատեն եկած էր հորէն ջուր քաշելու: Ան շատ հաւանաբար մարդոց հանդիպելէ կը խուսափէր եւ անոնց կողմէ հալածուած էր՝ իր ապրելակերպին պատճառով:
Մինչ կինը մարդոց հանդիպելէ կը խուսափէր եւ իր ձեւերով, իր վէրքին համար լուծում կը գտնէր, Յիսուս եկաւ՝ իրեն առաջարկելու իսկական լուծումը՝ յաւիտենական կեանքի ջուրը: Կնոջ վստահութիւնը շահելէն ետք, Յիսուս անոր առիթ տուաւ խոստովանութեան, ապաշխարութեան եւ ապա ներումի, որպէսզի կինը Աստուծոյ սէրը հասկնայ:
Յիսուս ուզեց ցոյց տալ, որ Աստուած տեղեակ էր կնոջ կեանքին վերաբերող մանրամասնութիւններէն եւ անոր ցաւէն եւ եկած էր զինք ամբողջութեամբ ազատելու՝ անոր տալով կեանքի ջուրը:
Երբ այս կինը իր ակնկալածէն շատ աւելին գտաւ, իր ծարաւը մոռնալով՝ վազեց քաղաք, այն մարդոց քով, որոնց կողմէ արհամարհուած ու անտեսուած էր եւ պատմեց այն ինչ որ իրեն պատահեցաւ: Շնորհիւ Յիսուսի տուածին անոր վէրքերուն եւ մարդոց վիրաւորական խօսքերուն ազդեցութիւնը այդ կնոջմէն անհետացան ու ան ծառայութիւն յանձն առաւ՝ զինք մերժող մարդոց համար:Այդպիսով ան ամբողջ քաղաքը Յիսուսի բերելու միջոց մը դարձաւ:
Երբ Յիսուս մեզի կու գայ՝ մեզի տալիք մը ունի: Անոր նայինք մեր մարդկային նայուածքէն եւ տրամաբանութենէն անդին: Յիսուս հարցերը լուծելու իր յատուկ ձեւը ունի, որ մեր ձեւէն տարբեր է: Մեր ձեւը միայն ժամանակաւոր լուծում յառաջ կը բերէ, մինչ Յիսուսինը՝ յաւիտենական: Հրաժարինք մեր ձեւէն, որովհետեւ Յիսուս եկած է մեզի աւելի լաւը տալու: