Սիրելու մասին Հրեաներուն եւ ընդհանրապէս մարդոց սխալ ըմբռնումը ճշդելու համար, Յիսուս այս հատուածը տուաւ (Մտ 5.43-48): Ան կ'ուզէր, որ մարդիկ գիտնան, թէ ի՛նչ է իսկական սէրը եւ թէ ի՛նչ է տարբերութիւնը մարդկային սիրոյ եւ իսկական սիրոյ միջեւ:
Իսկական ընկերը դիմացինին ցաւին զգայուն է, սիրտին մէջ հարազատ գութ ունի եւ նոյնիսկ իր թշնամիին կ'օգնէ (Ղկ 10.27-37): Իսկական ընկերը դիմացինին սխալները տեսնելով հանդերձ զայն կը սիրէ, ճիշդ ինչպէս Աստուած իր ժողովուրդը սիրեց եւ հակառակ անոնց սխալներուն՝ զանոնք Եգիպտոսէն հանեց:
Յիսուս կը պատուիրէ սիրել մեր թշնամիները (44): Յիսուս նաեւ կը պատուիրէ օրհնել մեզ անիծողներն ու հալածողները: Ան կը պատուիրէ քրիստոնէական չափանիշով սիրել (46-47), այսինքն սիրել նաեւ ան, որ մեր ընկերը չէ, ճիշդ ինչպէս Ինք սիրեց եւ խաչը ելաւ նաեւ Փարիսեցիներուն համար:
Սիրոյ համար Յիսուս կը գործածէ Աղափի բառը, որ կ'ակնարկէ բարոյական եւ մտերիմ սիրոյ, գութ եւ ողորմութիւն ցոյց տուող սիրոյ (Ա.Պտ 2.20-24: Հռ 12.20-21: Ա.Կր 4.12: Ա.Պտ 3.9): Մենք չենք կրնար մենք մեր անձին պարտադրել, որ սիրէ, հապա Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն մշակելով եւ Իր սիրով նորոգուելով, Աստուծոյ սիրելու ձեւը մեր ինքնութեան եւ բնոյթին մաս կը կազմէ:
Յիսուս իր սիրով է, որ խաչը ելաւ եւ Սատանային յաղթեց եւ հետեւաբար հաւատացեալին զօրութիւնն ալ սէրէն կու գայ: Թող որ մեր սիրտը Տիրոջ համար տաճար ըլլայ եւ ոչ թէ օտար զգացումներ հրաւիրելու եւ զարգացնելու տեղ մը: