Յովնան մարգարէին գիրքը կը խօսի փրկութեան նկատմամբ Աստուծոյ սիրոյն մասին, բայց նաեւ փրկութեան կանչուածներուն հանդէպ հաւատացեալներուն աններողամտութեան մասին:
Երբ Աստուած Յովնանը կանչեց Նինուէյի ժողովուրդին ապաշխարութիւն քարոզելու համար, Յովնան փախչեցաւ Աստուծոյ երեսէն որովհետեւ Նինուէյի ժողովուրդը արժանի չէր տեսներ Աստուծոյ ողորմութեան:
Ան փախաւ դէպի Հոպպէ, նաւու մը մէջ, ուր կային տարբեր չաստուածներ պաշտողներ, որոնք դիւային ուժերու մթնոլորտին տակ կը գտնուէին:
Երբ Յովնան իր ունեցած ատելութեան ազդեցութեամբ շարժեցաւ, ան ինքզինք գտաւ դիւային ազդեցութեան ենթակայ՝ «աստուածներուն» նաւուն մէջ:
Մենք ալ երբ կը շարժինք մղուած մեր մէջ եղող աններողամտութենէն եւ ատելութենէն, կը գտնուինք դիւային ազդեցութեան ենթակայ եւ «աստուածներու» նաւուն մէջ . դեւերը մեզ հոն հանգիստ կը զգացնեն:
Սակայն Աստուած չմոռցաւ մարգարէն եւ Ան մեզ ալ չի՛ մոռնար այսօր:
Ի՞նչ ըրաւ Աստուած Յովնանին դէպի ապաշխարութիւն տանելու համար, որպէսզի ան ելլէ «Աստուածներուն» նաւուն մէջէն եւ կատարէ ինչ որ կանչուած էր ընելու: