Ապագայի կատարման կարծիքին եւ մասնակիօրէն կատարուած մարգարէութեան կարծիքին հետեւողները երկուքն ալ կը համաձայնին Յյտ 1-էն 3-րդ գլուխներուն իմաստներուն շուրջ. Յյտ 1-ին մէջ, Յովհաննէս կը խօսի Յիսուսի հանդիպելուն եւ եղածները արձանագրելուն մասին, իսկ Յյտ 2 եւ 3-ին մէջ՝ եօթը եկեղեցիներուն ղրկուած նամակներուն մասին:
Երկու կարծիքները սակայն չեն համաձայնիր 4-րդ գլուխէն մինչեւ 22-րդ գլուխին մէջ կատարուածներուն եւ կատարուելիքներուն շուրջ:
- Ապագայի կատարման կարծիքի հետեւորդները կը հաւատան, թէ 4-րդ գլուխէն մինչեւ 22-րդ գլուխը պիտի կատարուին ապագային մէջ:
Յայտնութիւն 4էն 18-ին մէջ նկարագրուած դատաստանն ու անցուդարձը կը կապեն Դանիէլի իններորդ գլուխին մէջ յիշուած վերջին եօթնեակին, ըսելով, թէ բոլոր նեղութիւնները այդ եօթ տարիներուն ընթացքին պիտի կատարուին: Ատկէ ետք, կ'ըսեն, թէ հազարամեան պիտի գայ, ուր Յիսուս հազար տարի պիտի թագաւորէ, որմէ ետք նոր երկինք եւ նոր երկիր պիտի ըլլայ: - Մասնակիօրէն կատարուած մարգարէութեան կարծիքը ընդունողները կ'ըսեն, թէ Յայտնութեան Գիրքին մեծ մասը արդէն կատարուած է: Ապացուցելու համար նկատի կ'առնեն Աստուածաշունչին մէջ նշուած ժամանակի մասին վերագրումները:
Յիսուս կը սկսի գիրքը ըսելով. «[...] Ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ [...]» (Յյտ 1.1): Յիսուս այդ ժամանակի առաջնորդներուն օրերուն կատարուելիքներուն մասին կը խօսէր: Մարդիկ պէտք չէ կարծեն, թէ «շուտով» ըսելը ապագայի մասին ակնարկութիւն է, որովհետեւ «շուտով» ըսելը անմիջապէս կատարուելու ակնարկութիւն է:
Յյտ 1.3-ին մէջ Յիսուս նորէն կը շեշտէ, ըսելով՝ «ժամանակը մօտ է»:
Նաեւ, եօթը եկեղեցիներուն մասին խօսելէ ետք, Յովհաննէս կ'ըսէ, թէ ձայն մը կը լսէ, որ կ'ըսէ. «[…] “Հոս ելիր ու ասկէ ետքը ըլլալու բաները քեզի ցուցնեմ”» (Յյտ 4.1):
4-րդ գլուխին սկիզբը Յովհաննէս երկինք առնուեցաւ, եւ այդ օրերէն սկսելով մինչեւ ապագային ըլլալիք բաները վերէն պիտի դիտէր:
Յովհաննէս Ե՞րբ Գրեց Յայտնութիւնը
Շատ մը Քրիստոնեայ ուսուցիչներ կ'ըսեն, թէ Յայտնութեան Գիրքը գրուած է Ք.Ե. 96 թուին, քանի որ Յյտ 1.9-ին մէջ կ'ըսուի, թէ Յովհաննէս զայն Պատմոս կղզիին մէջ եղած ատենը գրած է, իսկ կարգ մը պատմական փաստեր կ'ըսեն, թէ Յովհաննէս Պատմոս տարուեցաւ Դոմիտիանոսի իշխանութեան ժամանակ, Ք.Ե. 81-էն 96:
Սակայն Նոր Կտակարանի Ասորերէն (Syriac) հին թարգմանութիւնը Յայտնութեան Գիրքին կողքին վրայ կ'ըսէ. «Պատմոս կղզիին վրայ, Աստուծոյ կողմէ տրուած Յովհաննէս Աւետարանիչի Յայտնութիւնը, որ Ներոն կայսրին կողմէ աքսորուեցաւ»: Յստակ գիտենք, թէ Ներոն կայսրը իշխեց Ք.Ե. 54-68 թուականներուն: Ուրեմն այդ թուականներուն Յովհաննէս Պատմոս եղած ըլլալու էր:
Տերտիւլիանոս (Tertullian) նոյնը կ'ըսէ. «Հռոմ... ուր Պետրոս մեռաւ այն ձեւով որ Տէրը մեռաւ. ... ուր Յովհաննէս եռացած իւղի մէջ դրուելէ եւ չվնասուելէն ետք Հռոմէն աքսորուեցաւ Պատմոս»:
Եպիփանի (Epiphanius) (315-403) գրութիւնները մեզի կը տեղեկացնեն, թէ Յովհաննէս նախ բանտարկուեցաւ Կլաւտիոսի (Claudius) կողմէ, որ կառավարեց Ք.Ե. 41-50 թուականներուն:
Պէտք է այդ կանուխ ժամանակներուն մէջ Յովհաննէս Պատմոս աքսորուած ըլլար եւ յայտնութիւնը ստացած:
Ուրիշ պատճառ մըն ալ, որ թոյլ կու տայ ընդունիլ, թէ Յովհաննէս աւելի կանուխ գրած է Յայտնութիւնը, Յերոնիմոսի (340-420) խօսքերն են: Ան կ'ըսէ, թէ Յովհաննէս Ք.Ե. 96 թուականներուն տեսնուած էր մարդոց կողմէ շատ ծերացած վիճակի մէջ. զայն դժուարութեամբ եկեղեցի կը տանէին, եւ միայն քանի մը բառ կրնար խօսիլ ան:
Սակայն Յյտ 10.11-ին մէջ Յովհաննէս կը գրէ, թէ հրեշտակը իրեն ըսած է. «[…] Պէտք է որ դուն նորէն մարգարէութիւն ընես […]»: Եթէ ան 96 թուականին շատ ծերացած էր եւ չէր կրնար անգամ քանի մը բառէն աւելի ըսել, ի՞նչպէս պիտի կարենար դարձեալ մարգարէանալ:
Յայտնութեան Մասին Վերաքաղ
- Առաջին գլուխին մէջ Յիսուս Ինքզինք կը յայտնէ՝ «ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ» (Յյտ 1.1): Ետքը յանձնարարեց, որ Յովհաննէս արձանագրէ բաները, որ պիտի երեւան գային (Յյտ 1.19): Նշեցինք, որ Վերջին Օրերու մեկնաբանութիւնը կատարող երկու խումբերը չեն համաձայնիր «շուտով» բառին իմաստին եւ ժամանակին շուրջ:
- 2-րդ եւ 3-րդ գլուխները, առաջին եւ երկրորդ դարերու ժամանակաշրջանին գոյութիւն ունեցող Փոքր Ասիոյ եկեղեցիներուն ուղղուած եօթը նամակներ են:
- 4-րդ եւ 5-րդ գլուխներուն մէջ, Յովհաննէս երկինք առնուեցաւ Աստուծոյ գահին առջեւ: Հոն Յիսուս նստած էր Հօրը աջ կողմը, եւ Ան ներկայացուեցաւ որպէս «միակ արժանին»:
- 6-18-րդ գլուխներուն մէջ Աստուծոյ թագաւորութիւնը հետզհետէ կ'ընդարձակուի երկրի վրայ, մինչեւ որ բոլոր թագաւորութիւնները մեր Աստուծոյ թագաւորութիւնները կը դառնան:
Աստուծոյ թագաւորութեան ընդարձակուելու բաժինին մէջ դատաստանի մասին երեք կարեւոր մարգարէութիւններ կատարուեցան:
1. Հրեաներէն առնուեցաւ թագաւորութիւնը (Մտ 21.33-43), եւ Երուսաղէմը կործանեցաւ (Մտ 23.34-38): Այս առաջին դատաստանը պիտի սերտենք Յյտ 7-11-ին մէջ:
2. Հռոմէական կայսրութեան դատաստանը, որ Աստուծոյ թագաւորութեան ընդարձակուելուն համար պէտք էր կործանուէր: Դանիէլի 9-րդ գլխուն երրորդ մասին մէջ տեսանք, որ Դանիէլ կ'ըսէ, թէ Քարը պիտի գայ եւ զարնէ չորրորդ թագաւորին օրերուն (Դն 2.31-35), եւ ատիկա եղաւ 2000 տարի առաջ: Այս դատաստանը պիտի սերտենք Յյտ 12-14-րդ գլուխներուն մէջ:
3. Վերջինը, Աստուծոյ թագաւորութիւնը պէտք էր ընդարձակուէր երկրի վրայ, ինչպէս որ Դանիէլ մարգարէացաւ (Դն 2.35,44): Այս մարգարէութիւններուն կատարումը աստիճանաբար պիտի տեսնենք Յայտնութեան մէջ: - 19-րդ գլուխը Յիսուսի երկրորդ գալուստը եւ Գառնուկին ու Հարսին հարսանիքը կը ներկայացնեն: 20-րդ գլուխը Յիսուս Քրիստոսի իշխանութեան եւ Չարը վերջնականապէս դատելու մասին է:
- 21 եւ 22-րդ գլուխները կը նկարագրեն Կեանքի Գիրքին մէջ գրուած վարձատրութիւնները: Նոր երկինք եւ նոր երկիր պիտի ըլլայ, նոր Երուսաղէմը պիտի իջնէ եւ Յիսուս անկէ պիտի տիրէ յաւիտեան: