«Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ'երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ» (Մտ 13.44):
Այս նիւթիւն մէջ մենք կը կեդրոնանանք հողին եւ գանձին վրայ: Հողը մեր անձն է, եւ գանձը մեր մէջ կը գտնուի: Ի՞նչ բանն է, որ մեզ կը զրկէ մեր մէջ գտնուող գանձը վայելելէն:
Մտ 13.19-ին համաձայն, հողը մեր կեանքը, հոգին (սիրտն) է, որուն մէջ Յիսուս փրկութեան գանձը կը պահէ:
Այս նիւթին մէջ, մարդ մը, որ իր արտին մէջ կը գործէր գտաւ գանձ մը: Պատերազմներու, յարձակումներու եւ դժուար օրերու անապահովութեան պատճառով, մարդիկ իրենց գանձերը հողերու մէջ կը պահէին, որպէսզի գողերը չյաջողէին մտնել եւ գողնալ (Մտ 6.19): Հաւանաբար, այս պարագային, հողին բուն տէրը, նախքան յայտնէր պահուած գանձին մասին, մահացած էր, իսկ նոր տէրը, հաւանաբար վարձու տուած էր ուրիշին, եւ ան ալ կը հերկէր:
Յիսուս մեր բնութիւնը իր վրայ առնելով եւ խաչին վրայ մեռնելով (Փլպ 2.7-9) մեր մարմիններուն մէջ պահեց իր գանձը (Եբր 2.14-15): Մենք մեր անձերուն տէրը չենք, հապա Ան, որ մեզ իր Որդիին արիւնով գնեց (Ա.Կր 6.19-20):
Յիսուս իր մահով մեզի կեանք տուաւ՝ կեանքի վրայ կեանք (Յհ 10.10) եւ պէտք է մեզի շնորհուած կեանքը մշակենք: Ինչքան մեր անձերը նուիրենք, ա՛յդքան հողը փորելով գանձին կը հասնինք:
Ինչո՞ւ Պահուած է - Գանձը պահուած էր, որպէսզի գողը չգողնայ: Գողը Սատանան է (Յհ 10.10, 8.44( եւ անցեալին ան մեր կեանքերէն ներս մտնելով կրնար գողնալ, սակայն Յիսուս իր թագաւորութեան գանձը մեր սիրտի անդաստանին մէջ պահեց, որպէսզի հաւատքով փնտռելով՝ գտնենք զայն:
Ի՞նչպէս Պահուած է - Մեր կեանքը պահուած է Քրիստոսով (Կղ 3.1-3):
Ի՞նչպէս Գործածել Կամ Օգտուիլ Այդ Գանձէն - Պօղոսի փորձառութիւնը լաւ օրինակ մըն է (Փլպ 3.8-9): Ան Յիսուսի գանձը շահելու համար, ամէն ինչ աղտեղութիւն սեպեց:
Ուրախութիւն բառը Յունարէն «Խարա» χαρά (chara) բառն է, որ կը նկարագրէ ներքնապէս ուրախ ըլլալու եւ օրհնուած զգալու վիճակը: Երեւակայէ՛ Նաթանայէլի ուրախութիւնը երբ գանձը գտաւ (Յհ 2.46-51), Սամարացի կնոջ ուրախութիւնը (Յհ 4.1-44), եւ ի ծնէ կոյրին ուրախութիւնը երբ բժշկուեցաւ (Յհ 9.1-34):
Գանձը առնելու համար, մարդը իր ամբողջ ունեցածը ծախեց եւ հողը գնեց: Յիսուս աներեւակայելի գանձ է (Եփ 3.8-12): Մեր ունեցածը տանք զինք շահելու համար, որովհետեւ իր ներկայութիւնը մեզի պիտի տայ մեր պէտքը: