«1Իսրայէլի բոլոր որդիները Տէրոջը խօսքին պէս՝ իրենց գնացքին համեմատ Սին անապատէն չուեցին եւ Ռափիդիմի մէջ բանակ դրին: Հոն ժողովուրդին խմելու ջուր չկար: 2Ժողովուրդը Մովսէսին հետ վիճեցաւ ու ըսաւ. “Մեզի ջուր տուր, որ խմենք”: Մովսէս ըսաւ անոնց. “Ինչո՞ւ ինծի հետ կը վիճիք. Ինչո՞ւ Տէրը կը փորձէք”: 3Ժողովուրդը ջուրի համար ծարաւեցաւ ու Մովսէսին դէմ տրտունջ ըրաւ ու ըսաւ. “Ինչո՞ւ համար մեզ Եգիպտոսէն հանեցիր: Մեզ ու մեր որդիները եւ մեր հօտերը ծարաւէն պիտի մեռցնե՞ս”: 4Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց ըսելով. “Ի՞նչ ընեմ այս ժողովուրդին. գրեթէ պատրաստ են զիս քարկոծելու”: 5Տէրը ըսաւ Մովսէսին. “Ժողովուրդին առջեւ անցի՛ր ու Իսրայէլի ծերերը քեզի հետ ա՛ռ եւ քու գաւազանդ, որով գետը զարկիր, ձեռքդ առ ու գնա՛: 6Ահա Քորեբի մէջ ժայռին վրայ՝ հոն քու առջեւդ կը կայնիմ: Ժայռին զա՛րկ ու անկէ ջուր պիտի ելլէ եւ ժողովուրդը պիտի խմէ”: Մովսէս այնպէս ըրաւ Իսրայէլի ծերերուն առջեւ: 7Այն տեղին անունը Մասսա ու Մերիպա դրաւ. որովհետեւ Իսրայէլի որդիները հոն վիճեցան եւ Տէրը փորձեցին՝ ըսելով. “Արդեօք Տէրը մեր մէ՞ջ է”»:
Այս հատուածին մէջ կը տեսնենք, որ Իսրայէլի որդիները խմելու ջուրի պէտք ունեցան, ատոր համար տրտունջ ըրին: Բայց Տէրը գերբնական ձեւով ջուր հայթայթեց, որովհետեւ կ'ուզէր, որ մարդիկ իմանային, թէ Տէրը ամէն բանի կարող է:
(Հմր 1) «[…] Տէրոջը խօսքին պէս՝ իրենց գնացքին համեմատ […]»:
Անոնք ամպի եւ կրակի սիւնով կ'առաջնորդուէին, բայց տակաւին հասան տեղ մը եւ վիճակի մը, ուր խմելու ջուր չունէին:
• Կրնանք գտնուիլ տարբեր տեսակի ծառայութիւններու մէջ եւ տակաւին հանդիպիլ դժուարութիւններու: Ատիկա մեր հաւատքը փորձելու համար նախատեսուած է, եւ այդ դժուարութիւններէն ազատիլը պիտի փառաւորէ զԱստուած:
(Հմր 2-3) «2Ժողովուրդը Մովսէսին հետ վիճեցաւ ու ըսաւ. “Մեզի ջուր տուր, որ խմենք”: Մովսէս ըսաւ անոնց. “Ինչո՞ւ ինծի հետ կը վիճիք. Ինչո՞ւ Տէրը կը փորձէք”: 3Ժողովուրդը ջուրի համար ծարաւեցաւ ու Մովսէսին դէմ տրտունջ ըրաւ ու ըսաւ. “Ինչո՞ւ համար մեզ Եգիպտոսէն հանեցիր: Մեզ ու մեր որդիները եւ մեր հօտերը ծարաւէն պիտի մեռցնե՞ս”»:
Անոնք ծարաւցան եւ ջուր ուզեցին: Անոնք իրենց ծարաւը յագեցնելու համար չէին խնդրեր ջուր, հապա անոնց ախորժակը բացուեցաւ ջուր ուզելու... Կարծես տրտունջով մարտահրաւէր կու տային ջուրի համար եւ կը խնդրէին անհամբերութեամբ եւ խիստ կերպով:
• Ժողովուրդը ատով Տէրը կը փորձէր:
• Ծարաւին պատճառով թշնամական վարմունք ունեցան, մինչ կրնային վստահելով խնդրել:
• Բնական եւ տենչալի փափաքները պէտք է մնան մեր կրօնական եւ տրամաբանական հսկողութեան եւ ստուգումին տակ:
• Անոնք «վիճեցան», որովհետեւ զօրաւոր կասկած ունէին, թէ Մովսէս պիտի չկարենար ջուր հայթայթել: Մինչեւ իսկ պատրաստ էին քարկոծելու այն անձը, որ զիրենք հանեց Եգիպտոսէն: Կարդա՛ Յհ 10.32 - «32Յիսուս ըսաւ անոնց. - Հօրս կողմէ բազմաթիւ բարի գործեր կատարեցի ձեր ներկայութեան, անոնցմէ ո՞ր մէկուն համար կ’ուզէք քարկոծել զիս»:
Շնորհակալ չեղողը եւ չհաւատացողը կը մտածէ, թէ անցեալին թշնամանքով եւ տրտունջով ստացած բարիքները միջոց են ապագային ալ բարիքներ առնելու, բայց անշուշտ կը սխալի. հմմտ Յկ 1.7:
• Իսկ անոնք, որոնք հաւատքով եւ աղօթքով Աստուծոյ կը վստահին եւ Անոր հաճութիւնը կը շահին, երբ բան մը ստանալ կ'ուզեն, կը խնդրեն խոնարհութեամբ:
Իսրայէլի Ժողովուրդին Կասկածները
Եթէ Տէրը ժողովուրդին հետ եւ անոնց միջեւ չէր, ստորեւ նշուած բոլոր կէտերը կարելի կրնային ըլլալ:
• Կրնային հարց տալ՝ «“Տէրը մեր մէ՞ջն է” այնպէս ինչպէս էր Եգիպտոսի մէջ»:
• Կրնային կասկածի տակ առնել Տիրոջ իսկական ներկայութիւնը:
• Կասկածի տակ առնել Աստուծոյ աշխարհը կառավարելը:
• Հարց տալ, թէ խոստումները ճի՞շդ էին թէ ոչ:
Այդքան շատ նշաններ եւ բարիքներ ստանալէ ետք այդպէս արտայայտուիլը կը նշանակէ չհաւատալ եւ չվստահիլ:
• Անոնք Մովսէսը կեղծաւոր եւ Ահարոնը խաբեբայ կոչած եղան:
• Ինքնաբերաբար, ամպի եւ կրակի սիւները սոսկ երեւակայութիւն մը կամ շինծու բան մը նկատած եղան, որոնցմէ խաբուած էին:
• Այդպիսով, ըստ իրենց, բոլոր հրաշքները, որոնք ազատած, կերակրած եւ յագեցուցած էին զիրենք սուտ էին. մանաւանդ Քանանի համար տրուած խոստումը կատակ մըն էր:
Սակայն Մովսէս՝ հեզութեամբ խօսելով, յայտնեց ժողովուրդին, թէ իրենց տրտունջը զԱստուած փորձող եւ զԱյն կասկածի տակ առնող էր:
(Հմր 4) «Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց ըսելով. «Ի՞նչ ընեմ այս ժողովուրդին. գրեթէ պատրաստ են զիս քարկոծելու»:
Հմմտ Ղկ 14.21:
Երբ մարդիկ մեզի դէմ տրտուջ ընեն, պէտք է երթանք եւ Տիրոջ առջեւ դնենք այդ տրտունջին կամ հակառակութեան բեռը եւ իրապէս պիտի ազատինք բեռէն: Եթէ մարդիկ մեզի մտիկ չընեն, Աստուած վստա՛հաբար մտիկ պիտի ընէ:
• Մովսէս իր սիրտը բացաւ Տիրոջ առջեւ եւ յայտնեց, թէ դժուարութեան մէջ է, գրեթէ քարկոծուելու աստիճան:
(Հմր 5-6) «Տէրը ըսաւ Մովսէսին. “Ժողովուրդին առջեւ անցի՛ր ու Իսրայէլի ծերերը քեզի հետ ա՛ռ եւ քու գաւազանդ, որով գետը զարկիր, ձեռքդ առ ու գնա՛: 6Ահա Քորեբի մէջ ժայռին վրայ՝ հոն քու առջեւդ կը կայնիմ: Ժայռին զա՛րկ ու անկէ ջուր պիտի ելլէ եւ ժողովուրդը պիտի խմէ”: Մովսէս այնպէս ըրաւ Իսրայէլի ծերերուն առջեւ»:
Տէրը այդպէս ըսաւ Մովսէսին՝ օգնելու նպատակով: Տէրը կարծես ըսած ըլլար անոր՝ «Թէեւ ժողովուրդը կ'ուզէ քարկոծել քեզ, բայց դուն քու պաշտօնիդ եւ դիրքիդ մէջ կանգնէ՛ ու գործէ՛»: Տէրը նաեւ պատուիրեց, որ առնէ իր գաւազանը եւ ՀՐԱՇՔՈՎ ջուր հայթայթէ:
«[...] Քու առջեւդ պիտի կայնիմ: Ժայռին զա՛րկ ու անկէ ջուր պիտի ելլէ եւ ժողովուրդը պիտի խմէ»:
• Մովսէս հնազանդեցաւ Տիրոջ ու երբ զարկաւ ժայռին, անմիջապէս ու առատութեամբ ջուր ելաւ ժայռէն:
• Սղ 78.15-16-ի համաձայն, «[…] Առուներ հանեց վէմէն ու ջուրերը գետերու պէս բղխեցուց»:
• Սղ 114.8-ին մէջ կը կոչուի նաեւ՝ «ջուրերու աղբիւր»:
• Բ.Օր 32.13-ին համաձայն, «[...] Ու անոր վէմէն՝ մեղր ու ապառաժ վէմէն իւղ ծծել տուաւ»:
• Աստուած ամենամեծ դժուարութիւնն անգամ փոխեց եւ չոր անապատին մէջ ժայռէ մը ջուր բերաւ (տե՛ս Ես 43.20):
o Տէրը կրնայ փոխել որեւէ անապատ եւ զայն ջուրերու աղբիւրի վերածել:
Պօղոս առաքեալ կ'ըսէ, թէ այդ ժայռը Քրիստոս էր (տե՛ս Ա.Կր 10.4). շնորհքի եւ մխիթարութեան կեանքի ջուրի գետը, որ Քրիստոսէն պիտի բխէին (տե՛ս Յհ 7.38-39, 4.14):
Այդ ժայռը եւ հոսանքը Քրիստոս էր: Ան օրէնքի ուսուցիչներուն կողմէ զարնուող ժայռն էր:
Ո՛չ մէկ բան պիտի կարենայ հայթայթել քու պէտքերդ եւ գոհացնել շունչիդ իսկական փափաքները, բացի ա՛յդ ԺԱՅՌԷՆ՝ Քրիստոսէն: