Յիսուս կ'ակնկալէ, որ հաւատանք եւ վստահինք Իրեն եւ մեր կոչումին, ու ապրինք մեր ինքնութեան համաձայն՝ առանց արտօնելու, որ պայմանները տիրեն մեր վրայ եւ ազդեն մեր առնելիք որոշումներուն վրայ:
Աստուած Եղիսէն կանչեց Եղիայի միջոցաւ (Գ.Թգ 19.19-21: Դ.Թգ 2.1-18): Երբ օծութիւնը Եղիսէի վրայ տիրեց, ան՝ նուիրուած ըլլալուն պատճառով, յանձն առաւ ամէն ինչ, որ պէտք էր ըլլար: Իր սիրտին մէջ կապուեցաւ Սուրբ Հոգիին եւ Անոր առաջնորդութեան: Եղիսէ Եղիայի վրայէն ինկած վերարկուն (օծութիւնը) վերցուց եւ ակնկալեց, որ Յորդանան գետը երկուքի բաժնուի, որպէսզի ցամաքով միւս կողմ անցնի, ինչպէս Եղիայի հետ կատարուեցաւ: Ան ճանչցաւ իր կոչումը եւ իր իշխանութիւնը եւ ակնկալեց այն, ինչ որ տեսած էր Եղիային կեանքին մէջ:
Մտ 8.23-24-ին եւ Մր 4.38-ին մէջ, կը կարդանք փոթորիկին եւ մեծ ալեկոծութեան մասին, որուն միջոցաւ Աստուած հոգեւոր նամակ մը կը փոխանցէ աշակերտներուն: Յիսուս ցոյց կու տայ, թէ Ինք կ'ակնկալէ, որ հաւատացեալները պատրաստ ըլլան իրենց կոչումին համաձայն շարժելու:
Մարդկային բոլոր միջոցները փորձելէ ետք, աշակերտները դիմեցին Յիսուսի: Բայց անոնք արդէն վախի ազդեցութեան տակ յուսահատած էին եւ այդ պատճառով՝ միայն այպանեցին եւ իրենց անձին ազատութեան մասին մտածեցին: Անոնք Յիսուսը արթնցուցին ըսելով՝ «[…] Վարդապետ, հոգդ չէ՞ որ կը կորսուինք» (Մր 4.38) եւ «[…] Տէ՛ր, ազատէ մեզ, ահա կը կորսուինք» (Մտ 8.25):
Ամէն հաւատացեալ կը հանդիպի ալեկոծութիւններու եւ փոթորիկներու: Եթէ մեր կոչումին վայել կեցուածք չունենանք, փոթորիկի ժամանակ պիտի այպանենք Յիսուսը:
Յիսուսի քնանալը Աստուածութեան քնացած ըլլալը չէր նշանակեր: Ան քնացած մնաց, որովհետեւ կ'ուզէր, որ աշակերտները իրենք գործը կատարեն Աստուածութեան հետ կապուած:
Ան աշակերտներուն իմացուց, որ իրենց արտայայտութիւնը եւ մղումը թերահաւատութիւն ցոյց կու տար: Յիսուս նաեւ պարզեց, թէ Ինք կ'ակնկալէր, որ անոնք հաւատքով շարժէին եւ չվախնային պայմաններէն, հապա իրենց առաքելութեան չափանիշով մտածէին ու գործէին:
Յիսուս սաստելով հրամայեց, Իր իշխանութիւնը բնութեան վրայ ի գործ դրաւ եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ:
Պայմանները չեն կարեւորը, այլ՝ մեր կեցուածքը: Յիսուս կ'ակնկալէ, որ մեր կոչումին եւ առաքելութեան իրաւունքներուն համաձայն ապրինք, եւ ո՛չ պայմաններէն ճնշուելով:
Ան կ'ուզէ, որ բնաւ զիջումներ չընենք պայմաններուն դիմաց: Մենք Քրիստոսի ներկայացուցիչներն ենք եւ մեր կոչումն ու առաքելութիւնը ամէն բանէ բարձ են: Գործածե՛նք մեր իշխանութիւնը Յիսուսի ներկայութեան հաւատալով (Գղ 2.20):