Յիսուսի առաքելութիւնը ունի արժէքներ եւ սկզբունքներ. անկեղծութիւն, հեզութիւն, ճշմարտութիւն, գործակցութիւն, հաշուետուութիւն եւ ուխտ: Հետեւելու համար կարեւոր է ամբողջ սիրտով, միտքով եւ էութեամբ յարգել Աստուծոյ սկզբունքները եւ անոնց տալ բարձրագոյն իրաւունքը, առանց սակարկելու:
Մենք մեզի հարց տանք թէ ի՞նչքան կը սիրենք Յիսուսը եւ Իրմով՝ մեր կոչումն ու առաքելութիւնը: Ի՞նչքան նուիրուած ենք առաքելութեան եւ ի՞նչքան անկեղծ ենք Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան մէջ, Իր սրբութիւնն ու արժէքները մեծարելով:
Մտ 8.18-20-ին մէջ, Յիսուս Իրեն հետեւիլ ուզող դպրիրին ըսաւ. «Աղուէսները որջեր ունին, ու երկնքի թռչունները բոյներ, բայց որդին մարդոյ տեղ մը չունի ուր իր գլուխը դնէ»: Յիսուսի պատասխանէն կը հասկնանք, թէ այս դպիրին Յիսուսի հետեւելու մղումը աշխարհիկ ակնկալութիւն մը ունէր: Դպիրին համար հետեւիլը շահ էր (Մր 10) եւ ան կ'ուզէր Յիսուսի հետեւելով առնել բոլոր այն ամէնը, որոնք կ'առնուին Յիսուսի անձին, ինքնութեան, արժէքներուն ու սկզբունքներուն հանդիպելով: Այսպիսի մասնակի նուիրում վտանգաւոր է հաւատքի կեանքին մէջ:
Իսկ երբ Յիսուսի աշակերտներէն մէկը ըսաւ. «Տէր ինծի հրաման տուր որ երթամ առաջ իմ հայրս թաղեմ», Յիսուս պատասխանեց. «Եկուր իմ ետեւէս ու թող տուր մեռելներուն որ թաղեն իրենց մեռելները» (Մտ 8.21-22):
Յիսուս այս աշակերտին մէջ տեսաւ «հանդիպելով» առնելու նուիրումը եւ այդ պատճառով ուզեց ազատել զայն բոլոր «արգելքներէն»: Յիսուսի կ'ակնարկէր մեռած բաներով առաքելութեան վնաս հասցնելուն, որովհետեւ Հրէական սովորութեան համաձայն թաղումի երթալէն ետք մարդիկ պէտք էր մէկ օր մաքրուէին նախքան իրենց վերսկսիլը տաճարին սուրբ գործերուն:
Յիսուս կ'ըսէ. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ» (Ղկ 9.62): Մաճը սերմը ցանելէն առաջ հողը դարձնելու եւ մշակելու գործիքն է: Յիսուս կը յայտնէ, թէ ով որ Աստուծոյ տան մէջ մշակելու գործին կը սկսի բայց կը նայի ետեւ՝ իր աշխարհին եւ անցեալի սկզբունքներուն, պիտի չկարենայ գործը շարունակել:
Յիսուս նաեւ կ'ուզէ, որ մարդիկ ճանչնան զԻնք եւ փրկագործական ինքնութիւնը, եւ ո՛չ թէ Իր գործած գործերուն կապուին կամ բան մը առնելու ձգտումով Իրեն հետեւին: Հինգ հազարի կերակրումէն ետք եղող դէպքերը կը բացատրեն, թէ Յիսուսը փնտռողները զԻնք հաց կը տեսնէին, եւ Յիսուս մերժեց անոնք այս արարքը::
Հետեւելու լաւագոյն օրինակներէն մէկը կ’երեւի Եղիայի եւ Եղիսէի յարաբերութեան մէջ (Գ.Թգ 19.19-21): Եղիսէ առաքելութեան կոչուելէն ետք ձգեց ամէն ինչ եւ հետեւեցաւ Եղիայի: Ան կը ծառայէր Եղիային եւ մինչեւ վերջ անոր ետեւէն գնաց:
Հետեւելու համար պէտք է ճանչնանք Յիսուսի առաքելութեան արժէքները: Զանոնք ճանչնալը մեր կեանքերուն մէջ կը բերէ մեր ակնկալած յաղթանակները: