«Այն ատեն Յիսուս անոր ըսաւ. “Ո՛վ կին, քու հաւատքդ մեծ է, քու ուզածիդ պէս ըլլայ քեզի”: Նոյն ժամուն անոր աղջիկը բժշկուեցաւ»:
(Մտ 15.21-28: Մր 7.24-30) Այս հատուածը մեզի կը յայտնէ, թէ մարզուած եւ կասկածներու յաղթած հաւատքը, որ խոնարհիլ գիտէ, պիտի առնէ իր ակնկալած օրհնութիւնը:
(Մտ 15.21) Յիսուս առանձին ըլլալ կ'ուզէր, եւ այդ պատճառով ան գնաց դէպի Տիւրոսի եւ Սիդոնի կողմերը: Տիւրոսը՝ Գալիլիայէն 30 մղոն հեռու էր, իսկ Սիդոնը՝ 60 մղոն:
Հոն, Քանանացի կին մը, որ օտարական կը նկատուէր (ազգով, մշակոյթով, կրօնքով, եւ ըստ երեւոյթին, նաեւ Յիսուսի այդ ժամանակուան աւանդութեան մէկ սկզբունքին ալ համար) կ'աղաղակէր՝ «Ողորմէ՛, Տէ՛ր, Դաւիթի Որդի»:
Կինը հեթանոս էր, բայց Յիսուսը Մեսիա, Քրիստոս, Տէր եւ Աստուծոյ օծեալը կոչեց, ինչպէս որ հրեայ մը պիտի ընէր:
Յիսուս նախ լուռ մնաց (23) որովհետեւ կ’ուզէր անյայտ մնալ (Մր 7.24) եւ որովհետեւ կինը իրաւունք չունէր մօտենալու՝ հրէական բանաձեւ գործածելով:
Անշուշտ Յիսուսի նպատակը վիրաւորել չէր եւ թերեւս Իր լռութիւնը աւելի ալ օգնեց կնոջ, որ ակնկալութեամբ խնդրէր (որովհետեւ լուռ մնալը նշան է մտածելու):
Յիսուս վստահաբար նկատեց, որ կինը հաւատք ունէր, եւ հետեւաբար, Ան ուզեց կնոջ հաւատքը գործածել՝ զայն հեթանոսական մտայնութենէն հանելու եւ անոր աղջկան բժշկութիւն տալու համար:
Կինը լռեցնելու համար աշակերտները աղաչեցին Յիսուսի, որ բժշկէր անոր Աղջիկը: Շատ անգամ մենք նոյն փորձառութիւնը կ'ունենանք աղքատներու հետ. Ճամբան աղքատները երբ ողորմութիւն ուզեն, շատ անգամ որոշած կ’ըլլանք չտալ, բայց երբ աղաչեն ու չտանք, կը խղճահարուինք: Իսկ երբ շատ աղաչեն, չենք կրնար փախչիլ եւ կը ստիպուինք տալու: Այդ կինը նոյնը կ’ընէր ողորմած սրտով Յիսուսին...
(24) Յիսուս աշակերտներուն յայտնեց թէ Ինք Իսրայէլի տան կորսուած ոչխարներուն համար եկած էր այդ ժամանակ:
Երբ կինը բժշկութիւնը խնդրեց օգնութեան անունով (25), Յիսուս պարզեց, թէ օգնութեան անունով չի կրնար ստանալ խնդրանքը (26), որովհետեւ որդիներուն եւ հեթանոսներուն միջեւ կարեւոր տարբերութիւն կար (Ելք 8.23): Միայն Աստուծոյ ժողովուրդ ըլլալը կ’արտօնէ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալ:
(27) Կինը ընդունեց նոյնիսկ շունի պէս ուտել փշրանքներէն եւ օգտուիլ: (28) Արդէն Յիսուսի համար ատիկա «մեծ հաւատք» կը նկատուէր եւ ատոր համար Յիսուս կնոջ հաւատքը հաստատեց, եւ աղջիկը անմիջապէս բժշկուեցաւ:
Հաւատացեալ ըլլալը չէ միշտ, որ իրաւունք կու տայ մեր ուզածները առնելու, հապա մեր հաւատքը ապրիլը՝ հաւատացեալի մեր տեղին մէջ կենալով: Այս կնոջ նման մենք ալ հռչակենք Յիսուսի Ողորմութիւնը, Տիրութիւնը եւ Քրիստոս ըլլալը, յիշելով, որ Աստուծոյ բոլոր խոստումները «Այո» են Անով (Բ.Կր 1.20):
Այս հատուածը մեզի կը սորվեցնէ, թէ մեր խնդրանքները առնելը միայն խնդրելով չենք առներ, այլ մեր անձը լաւ ճանչնալով եւ մեր հաւատքը շիտակ ձեւով գործածելով: