Յովհաննէս առաքեալ յատուկ բանաձեւ մը կ'որդեգրէ խոստացուած փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը եւ Անոր աստուածութիւնը ներկայացնելու համար:
Հրէական եւ յունական համոզումները նկատի ունենալով, ան կ'ըսէ՝ «Սկիզբէն էր Բանը»: Ան «Լողոս» (Logos), այսինքն՝ «Խօսքը» կամ «Միտքը» կը կոչէ Աստուծոյ Որդին, Յիսուս Քրիստոսը՝ այդ անուանումով շեշտելով Անոր աստուածութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ յունական իմաստասիրութեան մէջ «Բան» կը կոչուէր Տիեզերքը ղեկավարող բանական սկզբունքը, իսկ հրէական մտածողութեան մէջ այդպէս կը կոչէին զԱստուած:
Հրեաները եւ յոյները կը հաւատային, թէ Խօսքը Աստուած էր, եւ ամէն բան Անով եղած է: Ան ըրած է տիեզերքը եւ բոլոր բաները:
«Բանը» կամ «Խօսքը»
- Յղացուած խօսքը կամ խորհուրդները մեր շունչին կամ միտքին առաջին եւ անմիջական ըմբռնումն է կամ են: Ամէն գործողութիւն, որ կը կատարուի մեր խօսքով յառաջ կու գայ մեր շունչէն կամ միտքէն:
- Այդպէս ալ, Սուրբ Երրորդութեան երկրորդ Անձը կը կոչուի «Բան» կամ «Խօսք»:
- Ան Հօր Միածինն է (Յհ 1.14), յաւիտենական իսկական իմաստութիւնը Տիրոջ՝ Աստուծոյ, «Իր գործին սկիզբը» (Առ 8.22), ճիշդ ինչպէս շունչը կը պարփակէ մեր խորհուրդները:
- Կայ նաեւ արտասանուած խօսքը, որ միտքը բացատրող ամենաբնական եւ յստակ նշանն է:
- Նոյնպէս ալ Քրիստոս Աստուծոյ Խօսքն է, զոր Ան «[…] Վերջին օրերուն մեզի խօսեցաւ Իր Որդիին միջոցաւ […]» (Եբր 1.2), եւ մղեց մեզ, որ լսենք Իրեն. «[…] Այս է Իմ սիրելի Որդիս, որուն Ես հաճեցայ, անոր մտիկ ըրէք» (Մտ 17.5):
- Տէր Յիսուս Աստուծոյ միտքը պարզեց մեզի, ճիշդ ինչպէս անձի մը բառերը կը պարզեն անոր միտքը:
- Դն 8.13-էն 27 կարդալով կը հասկնանք, թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ ծածուկ խորհուրդները յայտնողն է:
- Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ կողմէ խօսուած Խօսքն է մեզի, եւ մե՛ր կողմէ խօսուածը Աստուծոյ:
- Յովհաննէս Մկրտիչ ձայնն էր (Յհ 1.6,23) (հմմտ Ես 40.3-ի «Անապատին մէջ կանչող ձայնը»), մինչ Տէր Յիսուս Խօսքն է:
- Խօսքը ըլլալով, Տէր Յիսուս կը նկատուի Աստուծոյ միտքին բացարձակ ճշմարտութիւնը, Ամէնը եւ Հաւատարիմ Վկան:
Բանը Մարմնացաւ եւ Մարդացաւ
Բաւական խորունկ իմաստներով եւ արժէքներով Յիսուսը որպէս Խօսք, Կեանք, Լոյս եւ ամէն բան ստեղծող Աստուածը ներկայացնելէ ետք, Յհ 1.14-ին մէջ Յովհաննէս կը յայտնէ, թէ Ան «Մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ», ինչպէս նաեւ շեշտ դնելու համար կ'ըսէ՝ «Եւ մենք տեսանք Անոր փառքը […] շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն»: Այս համարը միշտ ներշնչումի միջոց եղած է ինծի:
Փլպ 2.7-10-ին մէջ կը կարդանք, թէ Ան «[…] Կամաւորաբար ինքզինք այդ պատիւէն (աստուածային փառքէն) մերկացուց՝ ծառայական մեր բնութիւնը իր վրայ առնելով, եւ մարդոց պէս եղաւ ու մարդկային կերպարանքով ճանչցուեցաւ» (յաւելումը՝ մեր կողմէ):
- Անշուշտ յաղթեց մեր մարմինի տկարութիւններուն եւ մեզի մարմին մը պատրաստեց, որ պատուաւոր է եւ անուն մը, որ բարձր է ամէն անունէ (տե՛ս հմր 9-10):
Այդ համարները կարդալով, կը նշմարենք այն հնարաւորութիւնը, թէ Աստուած՝ Խօսքը, կրցաւ բնակիլ մեր տկար բնութեան մէջ եւ ծառայական բնութեան ազդեցութեան տակ, բայց պահեց Իր աստուածային արժէքները եւ Իր Մարմինը կոչեց մեզ (տե՛ս Եփ 1.23), որպէսզի ապրինք Իրեն պէս:
- Կղ 2.9-10-ին մէջ կը կարդանք, թէ Անոր միանալով մենք գտանք «կեանքի լիութիւնը» (հմր 10):
- Մենք Իր մէջ եւ Ինք մեր մէջ եղաւ (տե՛ս Յհ 6.56):
- Փրկագործութեան ճամբով Անոր իշխանութիւնը նաեւ կը հոսի մեր մէջ եւ մեր միջոցաւ:
- Հետեւաբար Ան «[…] զինաթափ ըրաւ ոգեղէն աշխարհի իշխանութիւններն ու պետութիւնները, յայտնապէս խայտառակելով ու պարտութեան մատնելով զանոնք […] յարութեան ատեն» (Կղ 2.15): Ուստի մեր ալ կեանքերուն մէջ զինաթափ եղած են անոնք եւ Յիսուսի յարութեան զօրութեամբ խայտառակուած են: