Յհ 1.29-51-ին մէջ կը տեսնենք, թէ Յիսուս ի՛նչպէս կ'ընտրէր Իր աշակերտները եւ թէ Ան ի՛նչ կ'ակնկալէր, որ անոնք ընէին:
Ի՞նչպէս Գտան Յիսուսը Եւ Ի՞նչպէս Հետեւեցան Անոր (Յհ 1.29,35-51 Ն.Թ.)
Յովհաննէս Մկրտիչ Յիսուսը ցոյց տուաւ, ըսելով. «[...] Ահաւասիկ Աստուծոյ Գառնուկը [...]» (հմր 29): Երբ Յովհաննէս ցոյց տուաւ Աստուծոյ Գառնուկը, որ աշխարհի մեղքը պիտի վերցնէր, աշակերտներէն երկու հոգի ձգեցին Յովհաննէսը՝ իրենց վարդապետը եւ ուսուցիչը, եւ Յիսուսի ետեւէն գացին (տե՛ս հմր 37):
Երբ երկու աշակերտները հարց տուին Յիսուսի, թէ ո՛ւր կը մնար, Յիսուս ըսաւ՝ «[…] Եկէք եւ տեսէք […]» (հմր 39):
- Յիսուս կ'ակնկալէր, որ աշակերտները Իրեն հետեւէին քայլ առ քայլ:
- Անոնք Յիսուսի հետ մէկ օր անցնելէ ետք, վկայեցին, թէ Մեսիան գտան (տե՛ս հմր 41):
- Յիսուսի խօսքերէն ու վարմունքէն գիտցան, թէ Մեսիան էր:
- Անոր hետեւելէն ե՛տք էր միայն, որ ատիկա ճանչցան:
- Անոնք Յիսուսի հետ մէկ օր անցնելէ ետք, վկայեցին, թէ Մեսիան գտան (տե՛ս հմր 41):
Հետեւիլ
Յունարէն բառը նաեւ կը նշանակէ.
- Ետեւէն երթալ
- Հասնիլ
- Առջեւը եղողին հասնիլ
- Աշակերտը ըլլալ
Գալիլիայի Մէջ Յիսուս Կանչեց Փիլիպպոսը (Հմր 43)
Յիսուս ըսաւ անոր. «[...] Հետեւէ՛ ինծի»: Ան հետեւեցաւ Յիսուսի:
Փիլիպպոս Նաթանայէլին Կը Վկայէ (Հմր 44-46)
Յիսուսի հետ ունեցած իր փորձառութենէն մղուած, Փիլիպպոս ըսաւ. «[...] Գտանք այն մարդը, որուն մասին գրեցին Մովսէս՝ իր Օրէնքի գիրքին մէջ, ինչպէս նաեւ մարգարէները: Անիկա Յիսուսն է, Յովսէփի որդին, Նազարէթ քաղաքէն» (հմր 45):
Նաթանայէլի պատասխանը մարդկային ձախող փորձառութեան հետեւանքն էր. «[...] Բայց կարելի՞ է որ Նազարէթէն լաւ բան մը ելլէ» [...] (հմր 46):
Փիլիպպոսի պատասխանը խորհրդաւոր եւ նպատակալից էր. «[…] Եկուր եւ տե՛ս» (հմր 46):
Կարծես ըսել ուզէր, թէ անկարելի էր բացատրելը. առանց Անոր հետեւելու եւ Անոր հետ շփուելու կարելի չէ հասկնալ:
Նաթանայէլ անհաւատ մը չէր նկատուեր:
Յիսուս յայտնեց, թէ Նաթանայէլի սրտին մէջ նենգութիւն չկար. «[...] Ահաւասիկ ճշմարիտ Իսրայէլացի մը, որուն մէջ նենգութիւն չկայ» (հմր 47):
Չըմբռնելով Յիսուսի աստուածութիւնը, Նաթանայէլ հարցուց.
«[...] Ուրկէ՞ կը ճանչնաս զիս» (հմր 48):
Իսկ «[...] Յիսուս պատասխանեց. “Տակաւին Փիլիպպոս չկանչած՝ տեսայ քեզ, երբ թզենիին տակն էիր”» (48):
Թզենիին տակ նստիլը եբրայեցիներուն համար Տիրոջ հետ խօսելու եւ իրենց սիրտին խօսքերը Անոր ըսելու միջոց մըն էր: Նաթանայէլ հաւանաբար գաղտնի եւ անձնական խօսակցութիւն մը ունեցած էր Աստուծոյ հետ, որմէ ոչ ոք լուր ունէր, եւ ան չէր կրնար հասկնալ, թէ Աստուած մարմնացած էր եւ այդ պահուն հետը կը խօսէր: Այդ պատճառով Յիսուս ըսաւ. «Տեսայ քեզ, երբ թզենիին տակն էիր», յայտնելով, թէ քիչ առաջ, աղօթած ատենդ ես քեզ տեսայ: Ատկէ ետք, Նաթանայէլ ըսաւ. «Նաթանայէլ ըսաւ. “Ռաբբի՛, դուն Աստուծոյ Որդին ես, դուն Իսրայէլի թագաւորն ես”» (հմր 49):
Աշակերտները ամէն բան ձգեցին եւ հետեւեցան Յիսուսի.
- Գացին ո՛ւր որ Յիսուս գնաց:
- Գտնուեցան հոն, ուր Յիսուս կը գտնուէր:
- Շարունակ Յիսուսի հետ մնալով, լման ժամով նուիրուած էին Անոր:
Երբ իսկական նուիրումով յանձն կ'առնենք Յիսուսի հետեւիլ, Յիսուս կը շարժի՝ գնահատելով եւ պաշտպանելով:
- Մարիամի համար շատ կարեւոր էր Յիսուսի խօսքերը մտիկ ընելը (տե՛ս Ղկ 10.38-42):
- Յիսուս այպանեց Մարթան, երբ ան ծառայութիւնը աւելի բարձր սեպեց քան Աստուծոյ Որդիին՝ Խօսքին, լսելը:
- Մարիամ Յիսուսի ոտքերը օծեց սուղ իւղով (պատուական Նարդոսի իւղով) (Յհ 12.1-8):
- Ան Յիսուսի անձին հանդէպ մեծ յարգանք ունէր եւ իր ամէնէն արժէքաւոր բանը տուաւ Յիսուսի:
- Մարդիկ անոր նուիրումը չհասկցան եւ ըրածին հակառակ խօսեցան:
- Երբ ուզենք նուիրուիլ, շատեր հակառակ կրնան խօսիլ:
- Ի՞նչ է ամէնէն արժէքաւոր բանը մեզի համար:
- Պատրա՞ստ ենք ատիկա նուիրելու Յիսուսի:
- Երբ Մարիամի եղբայրը Ղազարոս մեռաւ, Մարիամ լալով Յիսուսի ոտքերուն ինկաւ: Երբ Յիսուս Մարիամին լալը տեսաւ, Անոր սիրտը չդիմացաւ (տե՛ս Յհ 11.33):
- Մարիամ Յիսուսի սիրտը շարժեց իր նուիրումով:
- Աստուծոյ Խօսքը նուիրումով ընդունած սիրտն էր, որ շարժեց Յիսուսի սիրտը:
Երբ ՀԱՐԱԶԱՏ նուիրում ունենանք, հաւատքի գործը կը սկսի, եւ Յիսուսի գործն ալ կը սկսի: