Մինչ կը կարդանք Տէր Յիսուսի պատմութիւնը դէպի խաչելութիւն, կը նկատենք, թէ ամէն ինչ կ'ընթանայ հերթով եւ որոշուած ձեւով: Յանկարծ կը նշմարենք, թէ նիւթին մէջ կը մտնէ անձ մը՝ Բարաբբա անունով, որուն մասին շատ բան չենք գիտեր, բացի անկէ, որ ան.
- Ոճրագործ է:
- Ըմբոստ է:
- Ապստամբներու ղեկավար է:
Եթէ Տիրոջ եւ Անոր խաչելութեան արժէքներով կշռենք Բարաբբան, անոր անունը յիշելն անգամ շատ պիտի համարուի: Բայց երբ աւելի խորը երթանք եւ Տիրոջ սիրոյ ակնոցներով նայինք, հոն պիտի տեսնենք մե՛ր պատմութիւնը Տիրոջ հետ:
Պիղատոսի Բեմը
Յիսուսի դատը տեսնելէ եւ զԱյն անպարտ գտնելէ ետք, Պիղատոս կ'որոշէ՝ հրէական սուրբ օրուան աւանդութեան համաձայն, արձակել կապուած բանտարկեալ մը:
Պիղատոս կը կանգնի իր հռչակաւոր բեմին մէջտեղը եւ կը ներկայացնէ երկու անձեր.
- ՅԻՍՈՒՍ, կենդանի Աստուծոյ Որդին
- Բարաբբան, ըմբոստ եւ աւազակը
Պիղատոս կը հարցնէ ժողովուրդին. «[...] Ո՞ր մէկը կ'ուզէք, որ ազատ արձակեմ [...]» (Մտ 27.17):
Կարելի չէ Յիսուսի եւ Բարաբբայի միչեւ համեմատութիւն ընել: Ատիկա իրական հայհոյութիւն է: Բարաբբան.
- Մարդասպան է:
- Չար մարդ է:
- Ծուռ եւ աւազակ է:
- Արժանի է կապուելու:
- Արժանի է խաչուելու:
Իսկ Տէր Յիսուս բարի, անմեղ, սուրբ եւ ողորմած էր եւ ուրիշ բան չըրաւ բացի.
- ԲԺՇԿԵԼԷ
- Վերահաստատելէ
- Ազատելէ
- Ազատագրելէ
- Կոյրին աչքը բանալէ
- Խուլին ականջը բանալէ
- Կաղը եւ բորոտը բժշկելէ
Բայց երբ կը հարցնէ՝ «[...] Ո՞ր մէկը կ'ուզէք որ ազատ արձակեմ [...]», ժողովուրդը կ'ըսէ Բարաբբան (կարդա՛ Մտ 27.15-26):
Բարաբբան Կ'արձակուի
Մտ 27.15-26-ի դէպքէն ետք, Պիղատոս ստիպուած Բարաբբան կ'արձակէ շղթաներէն եւ ոտնակապերէն: Բարաբբան բեմէն վար կ'իջնէ ազատ.
- Աւազակ բարեկամներուն կողմէն մեծ ընդունելութեամբ
- Կարծելով, որ ամբոխին աղմուկը իր պատճառով էր:
- Թերեւս ալ մտածեց, թէ ժողովուրդը կը սիրէր զինք:
Բարաբբայի Միտքերը
Արդեօք Բարաբբան պահ մը մտածե՞ց, ըսելով. «Ո՞վ է այս Յիսուսը, որուն փոխարէն զիս արձակեցին»: Ըստ երեւոյթին, ան մէկ բան գիտէր. «Ժողովուրդը զիս կը սիրէ»:
Բարաբբան խղճմտանք չունէր: Բնաւ տեղ մը չէ արձանագրուած, թէ ան կը դառնայ Յիսուսի կողմը՝ Անոր ըսելու համար՝ «Իմ ազատութիւնս ամբողջութեամբ Քեզի կը պարտիմ»:
Տէրը Գիտէր Բարաբբայի Ընելիքները
- Աստուած գիտէր Բարաբբայի ընելիքները:
- Յիսուս ալ Իր կարգին լուռ կեցաւ, որովհետեւ գիտէր Հօրը կամքը:
- Կարծես Յիսուս ըսած ըլլար Հօրը՝ « Թող արձակեն Բարաբբան»:
Տէր Յիսուս գիտէր, թէ Հայրը պէտք էր Իրեն հետ վարուէր Բարաբբայի ստանալիք պատիժին համաձայն, որպէսզի կարենար Բարաբբայի հետ վարուիլ այնպէս ինչպէս կը վարուէր Յիսուսի անմեղութեան հետ:
Բարաբբան Կը Կարծէր, Թէ...
Բարաբբան կը կարծէր, թէ ժողովուրդն էր զինք ազատ արձակողը: Անշուշտ ոչ: Հապա երկնաւոր Հօր սէրն էր, որ զինք ազատ արձակեց: Երբ կը նայիմ այդ պատմութեան, կը նկատեմ, թէ Բարաբբան իրապէս.
- Ես եմ:
- Դուն ես:
- Մենք ենք:
Պատմութենէն Եզրակացնենք…
Տեսնենք, թէ Աստուած ի՛նչպէս վարուեցաւ Բարաբբայի հետ եւ մենք ի՛նչպէս պիտի վարուէինք:
- Աստուած ըսաւ՝ «Ես կը սիրեմ Բարաբբան»: Մենք պիտի ըսէինք. «Ան գէշ մարդ է»:
- Աստուած ըսաւ. «Ես կը սիրեմ Բարաբբան եւ կ'ուզեմ, որ ան ազատ արձակուի»: Մենք պիտի ըսէինք. «Տէր, գիտես, որ ան պիտի չարժեւորէ քու ձրի պարգեւդ»:
Մինչ մենք մեղաւորներ էինք, Յիսուս մեռաւ մեզի համար: Աստուած Իր Որդին ղրկեց ինծի համար, նոյնիսկ եթէ ես չճանչնայի Աստուծոյ ձրի պարգեւը եւ հեռու մնայի Յիսուսէն: Աստուած կը սիրէ Բարաբբան եւ կը սիրէ ամէն տեսակի հաւատացեալները:
Շնորհքով Փրկուելէ ետք
Շնորհքով փրկուելէ ետք, մէկը կրնայ մտածել՝ «Լա՛ւ, հիմա շնորհքով փրկուեցայ, բայց այս խաւար աշխարհին մէջ տակաւին ունիմ կապանքներ: Ուրեմն, պէտք ունիմ զօրաւոր ինքնաշխատութեան, որպէսզի ազատ արձակուիմ»: Բայց այդ միտքերդ կը հակառակին Աւետարանի պատգամին:
Կը զգաս, թէ կապուա՞ծ ես այս կամ այն ցանկութեան, կամ մեղքի մէ՞ջ ես: Կը նկատես, որ կեանքդ կը ղեկավարուի անոնցմո՞վ: Գիտցիր, որ չես կրնար առանձին դէմ դնել մեղքի դժոխային ուժերուն, խթաններուն:
- Բնաւ պիտի չյաջողիս ազատիլ առանձինդ:
- Պարզապէս մէկ ուրիշ փորձող մը պիտի ըլլաս:
- Քու մէջդ գոյութիւն չունի այդ բաներուն դէմ առանձին կենալու ուժը...
Ամուսնութիւնդ Վտանգուա՞ծ Է
Ի՞նչն է, որ պիտի փրկէ ամուսնութիւնդ: Բարիքնե՞րդ, սկզբունքնե՞րդ, նուիրո՞ւմդ պիտի փրկեն ամուսնութիւնդ կամ զաւակներդ: Միայն ՄԷԿ հոգի կայ, որ ատիկա կրնայ ընել, եւ Ան քու տեղդ առաւ խաչին վրայ: Միայն Յիսուս է, որ կը փրկէ, եւ Ան Պիղատոսի դիմաց լուռ կենալով ըսել ուզեց անոր՝ «զԻ՛ս առ Բարաբբային փոխարէն»:
Քանի՞ անգամ արդեօք կեցած ես այդ բեմին վրայ, Պիղատոսի եւ Յիսուսի կողքին Բարաբբան ներկայացնելով: Եւ յանկարծ սկսած են կապերդ քակել եւ ազատ արձակել քեզ, եւ դուն ըսած՝ «Ո՛չ, Տէ՛ր.
- «Ես արժանի եմ պատիժին»:
- «Ես յանցաւոր եմ»:
- «Ես արժանի եմ ամօթին»:
- «Ես արժանի եմ հետեւանքներու»:
- «Ամուսնալուծութեան արժանի եմ»:
- «Աղքատութեան արժանի եմ»:
- «Հիւանդութեան արժանի եմ»:
… Բայց Յիսուս քեզի նայելով ըսած է՝ «Ո՛չ, Որդեակս.
- «Ես քու տեղդ կը կրեմ»:
- «Տո՛ւր ինծի քու մեղքերդ»:
- «Տո՛ւր ինծի քու ցաւերդ»:
… Կամ ըսած ես.
- «Ո՛չ, Տէր, շատ ամօթ կը զգամ»:
- «Հապա եթէ նորէն սայթաքիմ»:
- «Չեմ ուզեր Քեզ վիրաւորել, Տէր»:
- «Քեզ շատ կը սիրեմ»:
- «Չեմ ուզեր այլեւս մեղանչել»:
Բոլորս ալ այդպիսի զգացական եւ կրօնական ելեւէջային արտայայտութիւններ կ'ունենանք: Կը կարծենք, թէ կարգ մը մարդիկ ուրիշներէն աւելի լաւ են եւ այդ պատճառով օրհնուած են: Պէտք է բոլորս ալ հասնինք այն անկեղծ եզրակացութեան, թէ.
- Միայն Անոր՝ Աստուծոյ վրայ պէտք է ըլլայ մեր կեդրոնացումը:
- Պէտք չէ կարծել, թէ մեր նուիրումը եւ կրթութիւնը կրնան Անոր ընելիքը փոխարինել:
- Կարեւորագոյն մարտահրաւէրը Աւետարանին հաւատալն է:
Երեւակայէ Սիրող Աստուածը
Կրնա՞ս երեւակայել Աստուած մը այդքան ԳԱՅԹԱԿՂԵՑՈՒՑԻՉ սիրով.
- Շատ լայնատարած սիրով
- Շատ խոր սիրով
- Շատ ընդարձակ սիրով
- Շատ բարձր սիրով
- Շատ հիւրընկալ սիրով
- Որ կը բացագանչէ. «Մեղքերդ իմ վրաս առնեմ»:
Ներուած եւ Ընդունուած
Շատ լաւ, տուի իմ մեղքերս Իրեն եւ հիմա կը կանգնիմ մեղքէն ներուած եւ Աստուծոյ կողմէ ընդունուած վիճակի մաքուր պարապութեան մէջ: Այսինքն՝ Յիսուս դէպի խաչ կ'երթայ, որուն ե՛ս արժանի եմ, Ան կ'երթայ այնտեղ խարազանուելու, մինչ ես ազատ արձակուած մարդ եմ: Ասով ալ կը զգամ Աստուծոյ սէրը, որ կ'ըսէ.
- «Ապրէ քու կեանքդ»:
- «Ես պիտի վճարեմ մեղքին գինը»:
Միշտ Յիսուս էր ազատողը եւ Յիսուս միշտ պիտի մնայ ազատողը: Յիսուսի աւետարանին զօրութենէն բացի ուրիշ ազատող բան մը գոյութիւն պիտի չունենայ երբեք: Անոր արիւնը անհրաժեշտ է քու փրկութեանդ համար: Անոր արիւնը անհրաժեշտ է քեզ կանգուն պահելու համար, մինչ կ’անցնիս մարտահրաւէրներէ, ցանկութիւններէ եւ մեղքէ: Յիսուս բաւարար է: