Շատ անգամ կը կարծենք, թէ կարգ մը ծառայութիւններ կամ գործեր՝ ոչ-առաջնահերթ ըլլալնուն պատճառով, մեզ կը զրկեն մեր կոչումը իրականացնելէն: Մինչ այդ, Աստուած մեր հաւատարմութիւնը, հնազանդութիւնն ու խոնարհութիւնը նկատի առնելով է, որ մեզ կը պատրաստէ յատուկ ժամանակի մը եւ գործի մը համար:
Փիլիպպոս
Ըստ Գրծ 6.1-7-ին, Փիլիպպոս «սեղաններու ծառայութիւն» ընելու համար ընտրուած էր: Այդ ծառայութիւնը իր ունեցած պարգեւներուն քով ոչինչ էր: Բայց Փիլիպպոս հաւատարիմ էր, որովհետեւ կը մտածէր, թէ ինք կը ծառայէր Աստուծոյ եւ մարդոց եւ ոչ թէ դիրքի: Փիլիպպոս ներքնապէս պատրաստուած անձ մըն էր:
Երբ հալածանքը սկսաւ, ինչպէս կը կարդանք Գրծ 8.1-ին մէջ, յստակ կերպով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը աշխարհի բոլոր կողմերը հասցնելու ճամբան բացուեցաւ:
Խօսքը տարածողները աշխարհը փոխելու համար պատրաստ մարդիկ էին: Խօսքը քարոզողները ներքնապէս պատրաստ էին, եւ այդ պատճառով երբ ժամանակը հասաւ՝ Տէրը կանչեց զանոնք Մեծ Յանձնարարութիւնը գործադրելու համար:
Փիլիպպոսի Մեծ Ծառայութիւնը՝ Հնազանդութեամբ
Գրծ 8.26-ին մէջ կը կարդանք, թէ «Տիրոջ հրեշտակը Փիլիպպոսի խօսեցաւ ըսելով. “Ե՛լ, հարաւ գնա՛, այն ճամբան՝ որ Երուսաղէմէն Կազա կ‘իջնէ եւ ամայի է”»:
Փիլիպպոս հոգիներու փրկութեան համար մեծ ծառայութիւն կ'ընէր երբ յանկարծ Տէրը իրեն ամայի տեղ մը ղրկեց, առանց բացատրութիւն տալու:
Պահ մը վերյիշէ դէպք մը կամ ժամանակ մը, երբ Տէրը քեզի պատուէր մը տուած էր, որ քեզի համար նոյնպէս պարապ, ամայի կամ անյարմար թուած էր: Ի՞նչ եղած է կամ այդպիսի պարագայի մը ի՞նչ պիտի ըլլար քու պատասխանդ: Ի՞նչպէս առած ես կամ պիտի առնէիր առաջարկուածը. քու տրամաբանութեա՞մբդ, կամ հաւատքով, ինչպէս որ Աստուած կ’ուզէ:
Փիլիպպոս հնազանդեցաւ ու գնաց, եւ այն տեղին մէջ Տիրոջ յաջորդ քայլը սպասեց: Ասոր համար կրնանք ըսել, թէ Տիրոջ սպասեց:
Փիլիպպոս հնազանդեցաւ Աստուծոյ եւ մինչ կը սպասէր, հանդիպեցաւ Եթովպիայի թագուհիին բարձրաստիճան պաշտօնեային, որ եկած էր Աստուծոյ երկրպագութիւն ընելու: Ըստ երեւոյթին ան հարուստ էր եւ մեծ իշխանութիւն կը վայելէր եւ հետեւաբար պալատէն ներս ունենալու էր նաեւ մեծ ազդեցութիւն:
Ինչո՞ւ եկած էր եթովպիացի ներքինին: Եթովպիայի Սաբայի թագուհին այցելեց Սողոմոն թագաւորին (կարդա՛ Գ.Թգ 10.1-13)՝ անոր իմաստութիւնը փորձելու համար: Պատմութիւնը կ'ըսէ, թէ թագուհին յղի կը մնայ եւ որդի մը կը ծնի: Ժամանակ մը Հրէաստան մնալով, ան կը սորվի հրէական սովորութիւններն ու հաւատքը եւ կը մեծնայ անոնց համաձայն: Ապա մօրը այցելութեան համար Եթովպիա կ'երթայ եւ վերջապէս հոն թագաւոր կ'ըլլայ եւ իր հօրմէն սորվածները կը ներդրէ երկրին մէջ: Տարիներ ետք այդ ներքինին Սողոմոնի որդիին միջոցաւ առաջարկուած հաւատքի հետեւորդներէն եղած էր:
Փիլիպպոս Տիրոջ հնազանդելով կը հանդիպի մէկու մը, որուն միջոցաւ Եթովպիայի պալատէն ներս պիտի մտցնէր Քրիստոնէական հաւատքը:
Փիլիպպոս Տիրոջ համար պատրաստ մարդ մըն էր: Կարծեմ երբ Տէրը գործ մը ունենար Փիլիպպոսի համար, Իր «Լիմուզին»ը՝ հրեշտակը կը ղրկէր, որպէսզի Փիլիպպոսը բերէր, եւ ան գալով՝ գործը կատարէր: Դուն պատրա՞ստ ես Տիրոջ գործին համար:
Պատահականութիւն Չէ (28-34)
Տէրը Փիլիպպոսը ղրկեց անձի մը քով, որ Եսայի մարգարէութիւնը կարդացած ատեն, միտքին եւ սիրտին մէջ փափաքած էր, որ մէկը բացատրութիւն տար իրեն:
Դուն այսօր հոս ներկայ ես կամ կը լսես ու կը կարդաս, որովհետեւ կը փնտռես եւ պատասխաններ կ'ուզես: Տէրը զիս կը գործածէ, որպէսզի քեզի ըսեմ, թէ դուն ընտրուած ես Անոր սուրբ ժողովուրդէն ըլլալու համար (տե՛ս Ա.Պտ 2.9): Ընտրուած ես Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ մաս կազմելու եւ Անոր Հոգիով երկիրները, շրջանները եւ լեզուները Յիսուսի աշակերտ դարձնելու համար (կարդա՛ Եփ 2.19-20: Մտ 28.18-20) եւ յաւիտենական կեանքի նպատակներուն ծառայելու համար:
Ամբողջ Պատմութեան Սկիզբն ու Վախճանը
Ամէն պատմութիւն եւ կամ դէպք կը սկսի եւ կը վերջանայ Քրիստոսով, որովհետեւ Ան է ամէն բանի պատճառը (տե՛ս Կղ 1.16-23):
Բոլոր պատմութիւնները կեանքի կու գան, կը մեկնաբանուին եւ կը կենդանանան միայն Քրիստոսի մէջ: Երբ դուն քու կեանքդ սկսիս ապրիլ Քրիստոսով եւ Անով քեզի պատրաստուածով, դուն անմիջապէս եւ ամէն ինչի մէջ պիտի փոխուիս ու նոր արարած պիտի ըլլաս (Բ.Կր 5.17):
Փիլիպպոս եւ Ներքինին
Փիլիպպոս եւ ներքինին երկուքն ալ կանչուեցան եւ իրենց գործերն ու ծառայութիւնը ըրին հաւատքի ճամբով:
- Ի՞նչ է արդեօք քու յատուկ գործդ այսօր:
- Պատրա՞ստ ես Յիսուսը ընդունելու եւ Անով կեանքիդ արժէքը որոշելու այսօր: