Այսօրուան նիւթը ցոյց պիտի տայ տաճարին պարիսպէն ներս կատարուածները: Տեսիլքին մէջ, Տիրոջ ձեռքը Եզեկիէլը մտցուց դուրսի գաւիթը, ուր կային սենեակներ եւ գաւիթին համար շինուած կլոր սալայատակ մը (Եզ 40.17-19):
Սալայատակը թափանցիկ մարմար մըն է եւ ներս մտնելով սալայատակին վրայէն քալելը օրինակ է երկրաւոր հարստութիւնը ոտքի տակ առնելուն:
Տաճարը զԱստուած պաշտելու վայրն է եւ հոն գտնուող սենեակները օրինակ են սիրտի սենեակներուն (42.3-5): Սենեակներուն մէջ կը կարդան, կը խոկան եւ Տիրոջ հետ մտերմութիւնը կը զօրացնեն (Մտ 6.6): Նաեւ սենեակներուն մէջ կը սորվին (42.4) եւ անոնց առջեւ ճեմելու համար տրամադրուած բաժինին մէջ հաւանաբար զոյգ-զոյգ խորհրդածութիւն կ'ընեն: Խորհրդածութիւնները, աղօթքներն ու իրարու հետ փորձառութիւններ բաժնեկցիլը կ'օգնեն՝ յօժարութեամբ բարձրանալու դէպի երեք յարկանի սենեակները, որոնք վարէն լայն եւ վերէն նեղ են (42.5):
Նորադարձներուն համար սկիզբը ճամբան լայն եւ հանգիստ կ'ըլլայ, բայց քիչ ետք կը դժուարանայ եւ նեղ ու դժուար կը թուի: Նեղ հանգրուանը կրնայ նեղացուցիչ ըլլալ, բայց ատիկա կրնանք անցընել հաւատքով, Աստուծոյ հետ ժամանակ անցընելով եւ Իր Խօսքը կարդալով:
Դուրսի գաւիթին եւ սենեակներուն մէջ հաւատացեալը կը մարզուի՝ երկրաւոր բաները ոտքի տակ առնելու: Նիւթերը կեդրոնացած կ'ըլլան Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ բնակողին փառքին վրայ: Սենեակներուն մէջ բնակելով կ'աճին եւ դէպի աւելի ներս երթալու եւ նուիրուելու որոշումին կը հասնին: Կ'որոշեն հեռանալ աշխարհէն եւ մօտենալ Աստուծոյ:
Տաճարին սենեակները եւ դռները օրինակ են շնորհքներուն, աստիճանաբար բարձրանալուն եւ վարձատրութեան: Դռները եւ սենեակները հետզհետէ դէպի ներս՝ Աստուծոյ ներկայութեան կը հասցընեն:
Խոհանոցներուն մէջ գործողները մնայուն կերպով գործող ծառայողներ են, որոնք նուիրուած են նորադարձները դաստիարակելու: Անոնք կը հրամցնեն այն, ինչ որ Աստուած իրենց ներշնչած է: Անոնց փորձառութիւնը հաւասար է Աւետարանին մէջ յիշուած Քրիստոսի Հոգիով արթնցած եւ զինուած մարդկային տաղանդներուն:
Դուրսի եւ ներսի գաւիթներուն դռները չափով նոյնն են, անոնց տարածութիւնն ու խուցերը հաւասար են եւ գաւիթին շուրջ գտնուող զարդերն ու կարգերը եւս նոյնն են: Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ շնորհքը եւ գործերը միշտ նոյնն են, բայց պարզապէս չափահաս հոգեւորները աւելի փորձառու կ'ըլլան: Բոլոր սուրբերուն հաւատքը հաւասար արժէք ունի, թէեւ մէկը միւսէն աւելի զօրաւոր կրնայ ըլլալ: