Երբ Տէրը իր առաքելութեան սկսաւ, յատուկ հանգրուաններէ անցաւ եւ այդ հանգրուանները յատուկ ձեւերով դիմաւորեց:
Յիսուս Բնաւ իր Կոչումէն Չշեղեցաւ
Յիսուսի կը հանդիպէին զանազան արգելքներ եւ պայմաններ, բայց իր կեդրոնացումը գործին յաջողութիւնն էր: Դժուարութիւններուն դիմաց Ան բնաւ իր պաշտօնն ու գործը չդադրեցուց, այլ բարձրացուց:
Եղիա մարգարէն Աստուծոյ առջեւ կեցող մարդ էր. Ան մեռելի յարութիւն տուած էր ու երկինքէն կրակ իջեցուցած էր: Սակայն երբ ինք նկատի առաւ կախարդ թագուհիին՝ Յեզաբէլի խօսքերը, վախցաւ, փախաւ անապատ ու մեռնիլ ուզեց: Ան սկսաւ հրաժարիլ իր կոչումէն, որովհետեւ դուրսէն իր վրան ճնշում եկաւ: Շատ կարեւոր է քննենք թէ ի՞նչպէս կը դիմաւորենք դուրսէն եկած ճնշումը:
Կարեւոր է որ Յիսուսի օրինակով, մեր պայմաններէն ազդուելով չշեղինք մեր առաքելութենէն: Յիսուսի հանդիպած հարցերն ու դժուարութիւնները մեր հարցերէն շատ տարբեր չէին: Բայց ինք զանոնք կը դիմաւորէր կոչումէն մղուած:
Յիսուսի նայինք եւ ճանչնանք մեր ինքնութիւնը իրմով: Ճիշդ ինչպէս Յովհաննէս մկրտիչ միշտ կը փորձէր մարդոց Յիսուսը ճանչցնել եւ ինք մատով Յիսուսը ցոյց կու տար, յայտարարելով թէ Ան էր խոստացուած Մեսիան, մենք ալ մեր կեանքերով Յիսուսը ներկայացնենք մարդոց: Երբ Յիսուսը ցոյց տանք մարդոց, եւ մարդիկը Յիսուսի ծանօթացնենք, պիտի ըլլան բժշկութիւննր, նշաններ եւ օրհնութիւններ:
Յիսուս Փորձութեան Գնաց
Յիսուս խոնարհութիւն յանձն առնելով՝ մկրտուեցաւ եւ փորձութեան գնաց:
Մենք կրնայինք ակնկալել, որ Յիսուս մկրտուելէն ետք երթար բժշկելու եւ Սատանային գործերը քանդելու, բայց ինք առաջին հերթին գնաց փորձուելու եւ քառասուն օր անապատին մէջ մնաց անօթի եւ ծառաւ:
Շատ անգամ մեզի Սուրբ Հոգիով տրուած ուրախութիւնը եւ օրհնութիւնը վայելելու համար պէտք ունինք ատիկա պահելու գիտակցութիւնը ունենալու: Պէտք ունինք ճանչնալու թէ ի՞նչպէս կեանքի ընթացքին պիտի յարաբերինք Սուրբ Հոգիին հետ եւ այդ մէկուն համար փորձութիւնը կարեւոր է:
Երբ Յիսուս փորձութեան գնաց, ցոյց տուաւ թէ չկար բան մը (ո՛չ անօթութիւնը, ո՛չ տկարութիւնը, ո՛չ ճնշումը եւ ո՛չ դժուարութիւնը) որ կրնայ զինք շեղել այն առաքելութենէն զոր Ինքը յանձն առած է:
Յիսուս երբ վերադարձաւ փորձութենէն, սկսաւ երկնքի թագաւորութեան լուրը տարածել, եւ մարդոց ապաշխարութեան բերել: Ան Աստուծոյ խօսքը սորվեցուց եւ մարդիկը աշակերտեց. Ան ձկնորսները դարձուց մարդու որսորդ:
Մենք եւս ընտրուած ենք ծառայելու համար: Կարեւոր չէ թէ ուրկէ եկած ենք, այլ թէ այսօր ով ենք Քրիստոսով: Երբ մեր միջոցաւ բժշկութիւններ ըլլան, հետեւորդները պիտի աւելնան եւ առաքելութիւնը պիտի մեծնայ:
Յիսուս Բռնուած էր իր Կոչումին եւ Ընելիքին
Յիսուս բնաւ պարտականութեամբ չէր քարոզեր, այլ կը խօսէր իր գիտցած իրականութեան մասին: Զինք լսողները իր սրտին մէջինն էր որ կը լսէին եւ ատոր համար զարմանքով կը լեցուէին: Մենք ալ գիտութեամբ պիտի չխօսինք, այլ փորձառութեամբ:
Մեր խօսքերը երբ սրտի աղբիւրէն կ'ելլեն, դիմացիններուն մէջ ազդեցութիւն պիտի բերեն եւ անոնց կեանքին մէջ՝ մեծ փոփոխութիւն:
Յիսուսի Առաջնահերթութիւնը
Երբ Յիսուս սիրով կ'արտայայտուէր, բոլոր մարդիկը իրմէ գոհ չէին: Գոհ էին միայն անոնք որոնք կ'օրհնուէին Յիսուսէն: : Փարիսեցիները չէին ուրախանար երբ Յիսուս բորոտ մը բժշկէր շաբաթ օրով, որովհետեւ իրենք հեռու էին Աստուծոյ ծրագիրէն:
Մենք պիտի չյաջողինք ամէն ատեն ամէն մարդու ուրախ պահել: Մենք պիտի ընենք Աստուծո՛յ ուզածը եւ այդպիսով պէտք ունեցողներուն պիտի հասնինք:
Երբ Յիսուսը պաշտենք եւ իր ճամբուն մէջ քալենք, շատեր մեզի հակառակ պիտի կենան: Մեր գործը մեր ունեցածը յայտարարել է: Մենք պիտի սիրենք մարդիկը բայց չենք կրնար իրենց նեղութեան լուծում տալ:
Մեզմէ շատեր կրնան վիրաւորուած ըլլալ մարդոցմէ, պայմաններէ եւ պարագաներէ, որոնք իրենց անձնական շահերուն համար որոշած են թէ Աստուածպաշտութիւնը ինչպէս կրնայ ըլլալ եւ կամ ինչպէս պիտի ըլլայ:
Աստուածաշունչը հոգեւորութիւնը կը ներկայացնէ որպէս առաջնահերթութիւն: Յիսուս շատ բաներու հանդիպեցաւ բայց մի՛շտ ցոյց տուաւ իր առաջնահերթութիւնը: Մենք եւս պէտք է միշտ զԱստուած առաջնահերթ պահենք: Բոլորը պիտի սիրենք, բայց բոլորը պիտի սիրենք Յիսուսի սիրով եւ ոչ մեր ուզածին պէս: