Ի՞նչ է կապը հաւատացեալին եւ խաղողին միջեւ:
Որթատունկը Սուրբ Գիրքին մէջ ինք իր մասին կը յայտնէ: Սուրբ Գիրքը ինք եւս կը յայտարարէ այդ ճշմարտութիւնը, բայց ցոյց կու տայ որ ճշմարիտ խաղողը հաւատացեալներն են:
Դտ 9.13
Դատաւորաց 9-րդ գլուխին մէջ կը տեսնենք Աբիմելէքի կեանքէն բաժին մը երբ Աբիմելեք մարդիկ կը վարձէ եւ իրենց հետ կը մտնէ հօրը տունը ու կը սպաննէ իր եղբայրները, բայց Յերոբաաղի պզտիկ տղան՝ Յովաթամ կը պահուըտի ու ողջ կը մնայ: Ատկէ ետք Սիւքէմի բնակիչները Աբիմելէքը թագաւոր կ'ընեն: Երբ Յերոբովամ այս բանը կ'իմանայ, կ'երթայ Գարիզին լերան գլուխը եւ բարձր ձայնով կը խօսի ճիշդ ընտրութիւնը ընելու մասին: Ան կը պատմէ պատմութիւն մը ուր ծառերը կ'երթան իրենց համար թագաւոր մը օծելու: Բայց ըստ երեւոյթին իրենց համար որակը կարեւոր չէ, այլ իրենց համար կարեւորը թագաւոր մը ունենալն էր: Երբ ձիթենին ու թզենին կը մերժեն, ծառերը կը դիմեն որթատունկին որ կ'ըսէ՝ «Աստուած ու մարդիկը ուրախացնող գինիս թողում ու երթամ ծառերուն վրայ իշխա՞ն ըլլամ»:
Մեր կեդրոնացումը պիտի ըլլայ որթատունկին եւ խաղողին վրայ: Մենք գիտենք որ որթատունկը լաւ գինի կը բերէ, լաւ պտուղ կու տայ կամ անոյշ եւ մարդոց սիրտերը կ'ուրախացնէ: Սակայն ի՞նչու որթատունկը կը խօսի գինիով զԱստուած ուրախացնելու մասին: Այդ մէկը իրական եւ ամբողջական բացատրութեան կը հասնի միա՛յն Քրիստոսով եւ մեր Քրիստոսը ընդունելով:
Բայց Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ բուն խաղողը մե՛նք ենք: Կարեւոր է տեսնենք թէ մեր կեանքերը որթատունկի եւ խաղողի նման ինչքան կրնան Աստուծոյ ծառայել:
(Թւ 6.1-4) Ուխտաւորներուն համար կանոններ
Տէրը Մովսէսին ըսաւ որ ուխտաւորը պէտք է զգուշանայ գինիէ եւ օղիէ: Ինքզինք նուիրելէ ետք, պէտք չէ ուտէ կամ խմէ որթատունկէն եկող բան մը:
Ինչո՞ւ … Շօշափելի խաղողը իր պարունակութեամբ յառաջ կը բերէ գինին՝ այն հիւթը, որ կրնայ մարդուն ուրախութիւն տալ, առանց սակայն իր հարցերուն լուծում ընելու: Կեղծ ուրախութեան վիճակ մը...
Այն մարդը որ ինքզինք Աստուծոյ կը նուիրէ, ի՛նք կ'ըլլայ խաղողը եւ ժամանակաւոոր ու կեղծ ուրախութեան պէտք չունի: Ան իր ուրախութիւնը կը գտնէ ուխտին միջոցաւ:
Որթատունկը մերժեց ձգել իրեն պատիւ եղող կոչումը եւ իր էութեան պատճառը. Իր ուրախութիւնը կը գտնուէր իր երակներուն մէջէն քալողին մէջ: Ուխտաւորն ալ իր կեանքին արմատները կը նետէ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութեան մէջ: Իր մէջ ունի Յիսուսի զօրութիւնը, որով դժուարութիւններուն դէմ կենայ: Ան կ'արտադրէ այն գինին՝ որ իսկական ուրախութեան պատճառ կ'ըլլայ:
Իսկական խաղողը
Աստուած իր ժողովուրդը այգի կը կոչէ (Ես 5.7):
Ճշմարիտ որթատունկը (Յհ 15)
Յիսուս կ'ըսէ՝ «Ես որթն եմ ու դուք ճիւղերն էք: Ան որ իմ վրաս հաստատուած է՝ եւ ես անոր վրայ, անիկա շատ պտուղ պիտի բերէ, վասնզի առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել» (Յհ 15.5)
Իր արմաներուն մէջէն կը քալէ ուժը: Իր ինքնութեան մէջէն կը քալէ ճիւղերը շինելու զօրութիւնը:
Յիսուսի առաքելութիւնը իր զօրութեամբ կ'աշխատի մեզ ճիւղ դարձնելու համար իր տունկին վրայ, որպէսզի մեզմէ ելլէ այն պտուղը, որ զԱստուած եւ մարդիկը կ'ուրախացնէ: Յիսուսը ընդունելով եւ Անոր նուիրուելով, պիտի կարենանք իսկական ուրախութիւն ըլլալ Աստուծոյ եւ մարդոց համար (Յհ 15.8):
Եզրափակում
Սուրբ Գիրքը կը խօսի խաղողին մասին ցոյց տալով որ երկրաւոր խաղողը չէ իսկական խաղողը, այլ մե՛նք:
Մեր անձերը նուիրենք Աստուծոյ, որպէսզի վերածուինք գինիի մը, որով Հայրը պիտի փառաւորուի: