Երբ Աստուած մեզի պատուէր մը կու տայ, կը կարծենք, որ մենք մեր ջանքերով պէտք է ընենք ատիկա: Իրականութիւնը այն է, որ երբ պատուէր մը կու տայ, մեր բնոյթին մէջ զայն ձեռք բերելու կարողութիւնն ալ դրած կ'ըլլայ:
Հաւատքի ճամբով մտածելն ու նորոգուիլը մեզի կու տան նոր ինքնութիւնը ապրելու լաւագոյն ուժը եւ նորոգութիւնը, նոյնիսկ ֆիզիքապէս:
Միտքդ Նորոգէ՛ Աստուածաշունչին Համաձայն
«Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը: Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է» (Հռ 12.1-2):
«Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք» (Փլպ 4.8):
«Այս պատճառով չենք վհատիր. Թէպէտ այս մեր դուրսի մարդը ապականի, սակայն մեր ներսի մարդը օրէ օր պիտի նորոգուի» (Բ.Կր 4.16):
Մեր Պարտականութիւնը
- «Իմ սրտիս մէջ պահեցի քու խօսքերդ, որպէսզի չմեղանչեմ քեզի դէմ» (Սղ 119.11):
- «Որպէսզի ձեր վրայէն հանէք այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը, որ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած էր եւ ձեր մտքով ու հոգիով նորոգուիք: Եւ նոր մարդը ձեր վրայ հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է» (Եփ 4.22-24):
- Պատրաստել Մեր Անձը՝ Շնորհքի Գործածութեան Համար (Ա.Պտ 1.13)
- Հոգեւոր Պատերազմը Յաջողութեամբ Կատարելու եւ Ո՛չ Թէ Զգացումներէն Ազդուելու Համար (Բ.Կր 10.4-5)
- Աղօթքի Կեանքը եւ Շնորհակալութեան Հոգին Շատ Պիտի Օգնեն Քեզի (Փլպ 4.6-7):
- Ազատութիւնդ Կու գայ Ճշմարտութիւնը Ճանչնալէն եւ Զայն Ապրելէն ու Ո՛չ Թէ Կեանքիդ Պայմաններէն (Յհ 8.31-32):
Միտքդ Նորոգել (Renewing the Mind)
Մարդկային Ուղեղը կը կշռէ շուրջ 1.5 քիլոկրամ եւ կը պարունակէ շուրջ 100 միլիառ ջիղի բջիջներ (ջղաբջիջներ):
Այդ ջղաբջիջներէն իւրաքանչիւրը կը թուի կարողութիւնը ունենալ ընելու շուրջ հազար կապակցութիւններ:
Իւրաքանչիւր կապակցութիւն («սայնափս») իր մէջ կը պարունակէ շուրջ մէկ պայթ տեղեկութիւն:
- 100 միլիառ ջղաբջիջներ x հազար կապակցութիւններ=100 թերապայթ
- 100 թերապայթը մօտաւորապէս հաւասար է 200 (սովորական կամ միջին տարողութեան) համակարգիչի:
Սորվելու Գործընթացը
Սորվելու գործընթացին մէջ, երբ ուղեղը կը վերանորոգուի (ինչպէս նախապէս բացատրեցինք), այդ կարողականութիւնը կրնայ հասնիլ 2,500 թերապայթի:
Բաղդատութիւն մը ընելու համար, եթէ ուղեղդ աշխատէր հեռատեսիլի մը վիտէօ արձանագրելու գործիքին պէս, անոր 2.5 փիթապայթ կարողականութիւնը հաւասար պիտի ըլլար շուրջ 3 միլիոն ժամ հեռատեսիլի յայտագիրներու, որ իր կարգին հաւասար պիտի ըլլար 300 տարի անդադար հեռատեսիլի սփռումի կամ հեռարձակման:
Ուղեղը բաժնուած է քանի մը բաժիններու: Իւրաքանչիւր բաժին պատասխանատու է մարմինին մէջ տարբեր գործունէութեան մը:
Իւրաքանչիւր բաժին կազմուած է իրարու կապուած ջղաբջիջներէ: Ջղաբջիջները կը փոխանցեն եւ իրենց մէջ կը պահեն տեղեկութիւններ ելեկտրականութեան ձեւով, իրենց միջեւ գտնուող կապակցութեան («սայնափս»ին) մէջ: (Յատուկ փոքր տարածք մը կամ դաշտ մը երկու ջղաբջիջներու միջեւ, ուր անոնք կը հաղորդակցին):
Տարիներ, գիտնականներ կը հաւատային, թէ անկարելի էր, որ ծնունդէն ետք նոր ջղաբջիջներ շինուէին մարդուն ջղային դրութեան կամ համակարգին մէջ: Միայն վերջին տարիներուն էր (1998-էն ետք), որ ուսումնասիրութիւններ սկսան ցոյց տալ, թէ նոր ջղաբջիջներ կրնան աճիլ ուղեղին մէջ՝ պատճառ դառնալով ուղեղի բջիջներու նորոգութեան:
Ասիկա կրնայ պատահիլ միայն ուղեղին որոշ մէկ բաժինին մէջ, որ կը կոչուի «Հիփփոքամփըս» եւ որ պատասխանատուն է որոշում կայացնելու եւ սորվելու գործունէութիւններուն:
Ուստի ի՞նչ կը պատահի երբ մենք նոր տեղեկութիւն կը սորվինք:
Յատուկ քիմիական նիւթեր, որոնք կը կոչուին «աճման գործօն»ներ կ’արձակուին ուղեղին մէջ՝ պատճառելով հետեւեալ փոփոխութիւնները.
- Կարգ մը ջղաբջիջներ կը փոխեն իրենց կառոյցը:
- Կարգ մը հին կապակցութիւններ աւելի կը զօրանան:
- Ուրիշներ կ’անջատուին եւ կը նորոգուին:
- Նոր ջղաբջիջներ կը ծնին եւ կը սկսին նոր կապակցութիւններ ընել:
Եզրակացնելու համար
Երբ մենք նոր տեղեկութիւն կը սորվինք, ուղեղը կը նորոգուի հետեւեալ չորս ձեւերով.
- Իր կառոյցով
- Իր զօրութեամբ
- Իր գործունէութեամբ
- Իր վերածնունդով
Ջղաբջիջներու այդ նորոգութիւնը պատճառ կը դառնայ կամ յառաջ կը բերէ փոխակերպում մը անձին զգացումներուն եւ վարմունքին մէջ.
Բաներ, որոնք արգելք կը հանդիսանան «աճման գործօն»ին.
- Քնանալու անկանոնութիւն
- Stress՝ Ճնշում
- Ալքոհոլի կամ թմրանիւթերու գործածութիւն
Բաներ, որոնք կը զօրացնեն «աճման գործօն»ը.
- Շարունակ մարզում կամ պարապում
- Դրական զգացումներ, ինչպէս՝ սէր, ներողամտութիւն, գութ
- Միտքը լռեցնել
- Ներկայացում մը դիտել
Resources
- http://www.news.wisc.edu/15573
- http://www.astd.org/Publications/Magazines/TD/TD-Archive/2013/04/Inside-the-Learning-Brain
- http://en.wikipedia.org/wiki/Brain-derived_neurotrophic_factor
- http://www.theatlantic.com/health/archive/2012/04/learning-new-tasks-brain-cells-benefit-from-having-neighbors/255079/
- http://faculty.washington.edu/chudler/facts.html
- http://biology.about.com/od/Brain/p/Regeneration-Of-Brain-Cells.htm
- http://braindrain.dk/2013/06/renewing-the-brain/
- http://en.wikipedia.org/wiki/Neurogenesis