Այս բաժինին մէջ Տէրը մեզ կը սորվեցնէ ճիշդ ձեւով մօտենալ ուրիշին սխալին: Անոր խօսքը կեդրոնացած էր Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ Փարիսեցիներուն վրայ, որոնք շատ յարձակողական, ցաւցնող, վարդապետական եւ հպարտ մօտեցում ունէին:
Յիսուս ասով չ'արգիլեր զգոյշ զանազանութիւնն ու դատելը, որովհետեւ Քրիստոնէական կեանքին համար կարեւոր է ասիկա (Ա. Կր 6.2-3) եւ Քրիստոնէական սէրը կոյր չէ (Փլպ 1.9-10):
«Դատել» ակնարկ է Աստուծոյ կատարելիք վերջնական դատաստանին: Պէտք է դատենք մեր անձերն ու գործերը եւ ո՛չ մեր հաւատակիցները, ո՛չ ալ դատաւորի նման իշխանութիւն բանեցնենք ուրիշներուն վրայ, ինչպէս որ կը մերժենք երբ ուրիշները ընեն:
Պէտք չէ հաւատակիցներուն դէմ չար խօսինք (Յկ 4.11) եւ անհիմն ու անգութ դատողութիւններ ընենք, այլ պէտք է նախանձախնդիր ըլլանք սխալներ ճշդելու համար: Պէտք չէ դատենք անողորմ եւ ոխի հոգիով ու վնաս փափաքելով:
Նաեւ, մարդ մը իր սխալ գործերով պէտք չէ դատել, ոչ ալ դատել իր սիրտն ու մտադրութիւնները: Կրնանք քննել մարդոց գործերն ու վերաբերմունքները, բայց պէտք չէ դատենք անոնց մղումները, որովհետեւ մարդիկ կրնան սխալ մղումով ճիշդ գործ ընել, կամ ճիշդ մղումով՝ սխալ գործ: Դատելը Աստուծոյ իրաւունքն է միայն եւ դատելով՝ մեր սահմանէն անդին գացած կ'ըլլանք:
Խրատենք եւ օգնենք, բայց չդատենք: Յիսուս սակայն կը շեշտէ, թէ պէտք է մենք լաւ տեսողութիւն ունենանք, որպէսզի կարենանք օգնել ուրիշներուն (3-5):
Քրիստոնէական պարտականութիւնն է զիրար օգնելը շնորհքի մէջ աճելու համար, բայց պէտք է նա՛խ մեր անձերը քննենք ու դատենք, այլապէս պիտի վնասենք մենք մեզի եւ անոնց որոնց կը ծառայենք: Երբ մեր աչքին մէջ գերան կայ, չենք կրնար առողջ տեսնել ու զանազանել դիմացինին աչքին մէջի շիւղը: Եթէ աչքիդ մէջի գերանը, որ մեծ է, հանել չենք գիտեր, ի՞նչպէս պիտի կարենանք հանել շիւղը:
Մեր անձերը քննելու մէջ ալ պէտք չէ ծայրահեղութեան երթանք «յաւիտեան ինքնաքննութիւն» ընելով, այսինքն շարունակ մեր անձերը քննելով, ինչ որ պարտուած ու յուսալքուած կը զգացնէ: Նայինք Յիսուսին՝ հաւատքով, թոյլ տանք որ Ան ներէ եւ վերականգնէ մեզ:
Քրիստոնեան սակայն ունի նաեւ դատելու իրաւունքը: Տիրոջ սուրբ բաները, եւ յատկապէս խօսքը, յանձնուած են մեզի (Բ. Կր 4.7): Թէեւ խօսքը բոլոր մարդոց պիտի տանինք (Մր 16.15) բայց պէտք չէ թերարժեւորենք Աւետարանի մատակարարութիւնը սխալ մարդոց տալով: Յիսուս անգամ մերժեց խօսիլ Հերովդէսին (Ղկ 23.9):
Ուրեմն, դատելուն նպատակը դիմացինը դատապարտել չէ , հապա ծառայել: Յիսուս ամէն մէկուն հետ տարբեր ձեւով խօսեցաւ, ըստ անոնց պէտքին: Ան ըսելիքները գոց չէր սորված եւ Նիկոդէմոսին վերստին ծնունդի մասին խօսեցաւ, մինչ Սամարացի կնոջ կենդանի ջուրի օրինակով խօսեցաւ: Տիրոջ հոգիով առաջնորդուինք եւ զիրար օգնենք: