Յես 6-ին մէջ կը տեսնենք, թէ Աստուած ինչպէս կը պատրաստէ ժողովուրդը եւ ինչպէս կ'ակնկալէ որ գործի կատարուի: Երեք սկզբունքներ կան, զորս պէտք է նկատի առնենք թշնամիին դէմ մեր հոգեւոր պատերազմին յաջողութեան համար՝
- Պայմանները
Յես 6.1-2-ին համաձայն, «Երիքով Իսրայէլի պատճառով ամուր կերպով փակուած էր [...]»: «Ամուր» բառը կը գործածուի նաեւ կը նշանակէ «ազատ արձակել», այսինքն՝յանձնել մէկու մը կամ հեռանալ ուրիշի մը համար: Ամուր փակուիլը նշան էր պարտութեան եւ թշնամին, հակառակ որ պարիսպներուն ետեւ պահուած էր, գիտէր որ պարտուած է ու պատրաստ էր Երիքովը յանձնելու: Իրականութեան մէջ թշնամին վախի մէջ էր (Յեսու 2.9), բայց վստահած էր պատերուն:
Կրնայ մեր առջեւ գոց երեւիլ եւ մենք կրնանք յուսահատիլ, բայց իրականութիւնը այն է որ թշնմաին պարիսպով ծածկուած է, որպէսզի իր վախը չտեսնենք: Ինչքան ալ գոց ըլլայ մեր առջեւը, Աստուած պիտի խօսի, ճիշդ ինչպէս խօսեցաւ Յեսուսին եւ ըսաւ՝ «Երիքովն ու անոր թագաւորը եւ զօրաւոր կտրիճները քու ձեռքդ տուի»:
Աշխարհը եւ թշնամին կը խօսին ու «ո՛չ» կ'ըսեն, բայց Աստո՛ւած ալ կը խօսի եւ կ'ըսէ «Ձեռքդ տուի», ակնկալելով որ վստահինք:
- Լռութիւն (Յեսու 6.10)
Յեսուն ժողովուրդին ըսաւ որ իրենց բեռնէն խօսք մը չելլէ, մինչեւ որ ինք իրենց ըսէ որ աղաղակեն: Պէտք էր անոնք լման լուռ ըլլային, մինչեւ որ իրենց ինքնութեամբ իրենց անձերը աւելի մեծ տեսնէին քան պատերը:
Արգելքը պիտի չվերցուի երբ տրտունջով աղօթենք, այլ երբ աշխարհին, թշնամիին եւ պայմաններուն ձայներուն մտիկ չընենք ու լռութեան մէջ Աստուծոյ խօսքին վստահինք:
- Աղաղակ
Հաւատքով լեցուելէն ետք, ժողովուրդը աղաղակեց եւ պարիսպները փլան: Զինուորները չէին, որ փլեցին պարիսպները, այլ Աստուած հրաշագործեց հաւատացեալներուն աղաղակին իբրեւ հետեւանք:
Երիքովի բնակիչներուն սիրտը հալած էր, այսինքն՝ թէեւ ներքնապէս յանձնուած էին, բայց պարիսպներուն ամրութեան վստահած էին: Այդ պատերը ինկան հաւատացեալներուն աղաղակին զօրութեամբ: