Դատաստանը Աստուծոյ տունէն սկսաւ (Հռ 2.10). Աստուծոյ ձեւն է նախ Իր ժողովուրդը դատել, ետքը՝ աշխարհը (Ա.Պտ 4.17):
Յայտնութիւն 7 - 144,000 Իսրայէլի Որդիներուն Կնքուիլը (Յյտ 7.1-8) - Աստուած Ք.Ե. 70 թուականի պատերազմէն առաջ առաւ եւ կնքեց Իսրայէլացիներէն մնացորդ մը, որպէսզի ողջ մնան 70 թուականի աղէտին (Յյտ 7.3-4): Հրեայ ընթերցողին համար, կնքուիլը Աստուծոյ պահպանութիւնը կը ներկայացնէր, ճիշդ արիւնը դուռերուն վրայ քսելուն նման (Ելք 12): Կնիքը երեւելի չէ, հապա ըսել է, թէ Աստուած գիտէ Իրեն պատկանողները:
Հրեաները խորհրդանշաբար կը գործածէին թիւերը: Յյտ 7.5-8-ին մէջ մեզի կ'ըսուի, թէ 12 ցեղերուն իւրաքանչիւրէն 12,000 հոգի կնքուեցան: Հրեաները երբ կարդային 12,000 ամէն մէկ ցեղէ, կը հասկնային, թէ Աստուած հաւասարապէս կը հաճի եւ կը շնորհէ իրենց:
Հոգեւոր Շարժաբանութիւն (Dynamics)՝ Բնական Հետեւանքներով
Պէտք է Յովհաննէսի աչքերով դիտենք: Ան Աստուծոյ գահին առջեւն էր, Հոգիով վերացած վիճակի մէջ էր: Ան կը տեսնէր հոգեւոր շարժաբանութիւնը, որ աշխարհի մէջ պիտի գործէր բնական ձեւերով:
Եղիսէի եւ Գէեզիի օրինակին մէջ եւս, երբ Եղիսէ աղօթեց, ծառային աչքերը բացուեցան, եւ ան տեսաւ, որ Աստուծոյ բանակը աւելի մեծ է (Դ.Թգ 6.17): Աստուած տեսիլքներով կը խօսի, բաներ կը ցուցնէ, պատկերներ կը գործածէ, որոնցմով կը գիտնանք հոգեւոր աշխարհին մէջ պատահածները: Ան կը գործածէ այդ օրերու համեմատ օրինակներ:
Յայտնութիւն 8 - Փողերը կը Հնչուին եւ Պատերազմը Կը Սկսի
Գառնուկը եօթներորդ եւ վերջին գիրքին կնիքը կը բանայ, որմէ ետք մեծ լռութիւն կ'ըլլայ, կէս ժամու չափ (Յյտ 8.1): Աստուծոյ բանակը արդէն շարքի էր ու պատրաստ, եւ պատերազմի սկսելու ժամը հասած էր (Յյտ 8.2):
«Առաջին հրեշտակը փողը հնչեցուց ու եղաւ կարկուտ ու կրակ արիւնով խառնուած ու երկրի վրայ ձգուեցաւ, [ու երկրին երրորդ մասը այրեցաւ], եւ ծառերուն երրորդ մասն ալ այրեցաւ ու բոլոր կանանչ խոտերը այրեցան» (Յյտ 8.7):
Հրեշտակները իրենց փողերը հնչեցուցին. Երկրորդ հրեշտակը (Յյտ 8.8-9), Երրորդ հրեշտակը (Յյտ 8.10-11) եւ չորրորդ հրեշտակը (Յյտ 8.12):
Մենք ըսինք, թէ դատաստանը Աստուծոյ տունէն պիտի սկսի, այսինքն՝ Հրեաներէն: Հոս գործածուած է յունարէն «ge» բառը, որ կրնայ նշանակել՝ «գետին, երկիր, քաղաք, աշխարհ եւ տարածք»: Անցեալին, թարգմանիչներ իրենց ազատ ընտրութեան համաձայն դրած են բոլոր իմաստները, սակայն Նոր Կտակարանի մնացեալ բաժիններուն մէջ՝ շարունակականութիւն պահելու համար, միշտ երկիր բառը գործածուած է որպէս ակնարկութիւն՝ «խոստացուած երկիրին»:
Ուստի Յյտ 7-էն 11-ը կը պատմէ պատերազմին մասին, որ եկաւ Հրեայ ժողովուրդին վրայ, եւ երբ Յյտ 8.5-ին մէջ կ'ըսուի, թէ հրեշտակը կրակ թափեց երկիր («ge»), կը նշանակէ, թէ ան կրակը թափեց Իսրայէլի երկրին վրայ եւ ոչ թէ ամբողջ աշխարհի վրայ:
Այս բառը գործածուած է Աստուածաշունչի ուրիշ համարներու մէջ եւ միշտ «երկիր» («ge») բառը գործածուած է Աստուծոյ կողմէ Իսրայէլին խոստացուած երկիրին համար (Թւ 32.17, 33.52,55: Յես 7.9, 9.24: Դտ 1.32: Բ.Թգ 5.6: Ա.Մն 11.4, 22.18: Նե 9.24): «Երկիր» («ge») բառը գործածուած է նաեւ Հին Կտակարանի մարգարէներուն կողմէ, երբ կը խօսէին Հրեաներուն գերութեան տարուելուն մասին Ք. Ա. (Եր 1.14, 10.18: Եզ 7.7: Ովս 4.1: Յվլ 1.2,14):
Ուրեմն երբ Յովհաննէս Յյտ 8.7-ին մէջ ըսաւ երկիրին մէկ երրորդը այրեցաւ, Իսրայէլի երկիրին մասին կը խօսէր եւ Յյտ 8.8-13-ին արձակուած կործամումը իրապէս պատահեցաւ Ք.Ե. 70 թուականին:
Յովհաննէս հոգիով կը տեսնէր հոգեւոր պատերազմ մը, որ ազդեցութիւն ունէր մեր բնական երկիրին վրայ: Երբ ան կը տեսնէր, որ աստղեր կ'իյնային, արեւը եւ լուսինը կը խաւարէին, ան շարժաբանական ձեւով կը տեսնէր Աստուծոյ դատաստանը, որ կ'իջնէր Իսրայէլը կառավարող իշխանութեան վրայ:
Յայտնութիւն 9.1-11՝ Հինգերորդ Փողը Կը Հնչուի - Երբ հրեշտակը փողը հնչեցուց, անդունդին գուբը բացուեցաւ եւ ելան կարիճի զօրութիւն ունեցող մարախներ, որոնք իրենց ճակատին վրայ կնիքին նշանը չունեցողներուն վնաս հասցուցին:
Ապագայ կատարումի կարծիքի շատ հանրածանօթ հետեւորդներէն ոմանք կ'ըսեն, թէ այդ մարախները ապագայի ուղղաթիռներն են, որոնք իրենց պոչին կողմէն թոյն պիտի արձակեն եւ մեծ ցաւ պատճառեն: Ուրիշներ կ'ըսեն, թէ անոնք իսլամ ահաբեկիչներն են, որոնք օր մը Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ պիտի յարձակին:
Մասնակիօրէն կատարուած մարգարէութեան կարծիքը ընդունողները տարբեր ձեւով կը բացատրեն եւ կ'ըսեն, թէ պէտք է նայիլ, թէ ուրիշ Աստուածաշնչական համարներու մէջ մարախը ինչ բանի ակնարկութիւն է:
Ելք 10-ին մէջ յիշուած է դատաստանի մասին իսկ Յվլ 1.4-ին մէջ գործածուած է նոյն խորհրդանիշը: Այս համարներուն մէջ Յովէլ կը խօսի Հրեաներուն վրայ եկած կործանումին մասին: Այն ատեն Հրեաներուն վրայ մարախներ չեկան այլ արեւելքէն բանակներ եկան եւ երկիրը կործանեցին, հարիւրաւոր եւ հազարաւորներ սպաննեցին եւ մնացածը գերի տարին:
Յովհաննէս առաքեալ նոյն բանաձեւը գործածեց՝ նկարագրելու համար, թէ ի՛նչպէս հռոմէական բանակը մարախի պէս եկաւ. ան չէր խօսէր սովորական մարախներու մասին, այլ՝ անոնց յարձակելու եւ գործելու ձեւը կը փորձէր նկարագրել:
Յայտնութիւն 9.13-21՝ 6-րդ Փողը Հնչեց – «Վեցերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու ձայն մը լսեցի Աստուծոյ առջեւ եղող ոսկի սեղանին չորս եղջիւրներէն» (հմր 13):
Եփրատ գետին մօտ կապուած չորս հրեշտակները արձակուեցան, որպէսզի սպաննեն մարդոց մէկ երրորդ մասը: Պատահականութենէն անդին է, որ Տիտոս ընդհանուր զօրավարը Ք.Ե. 70 թուականին Երուսաղէմի դէմ գործածեց չորս լեգէոն, որոնք Եփրատ գետին մօտ չորսի բաժնուած էին, մեծ պատերազմէն անմիջապէս առաջ:
Յովհաննէս ձիաւոր զօրքերուն երկու միլիոն թիւ տուաւ: Ձիաւորներ բառը, անգլերէնով՝ «քաւալրի» (cavalry) կը գործածուի միայն իսկական ձիաւորներու համար եւ ոչ ուրիշ բանի:
Երկու միլիոն ձիաւոր բանակի դէմ այսօր նոյնիսկ 50 հազար հաշուող լաւ զինուած բանակ մը կրնայ կենալ ու յաղթել: Աւելի ճիշդ է «երկու հարիւր միլիոնը» անդիմադրելի բանակ հասկնալ:
Յովհաննէս կ'ըսէ՝ «Ձիաւոր զօրքերուն համրանքը երկու բիւր բիւրաւոր էր […]» (Յյտ 9.16): Այսինքն՝ «2x10,000x10,000»: Հրեաներուն համար 10,000 թիւը յստակ էր եւ Ա.Թգ 18.7 եւ 21.11-ին մէջ կը տեսնենք, թէ անոնք Դաւիթի յաղթութիւններուն համար զայն պատուելով կ'ըսեն, թէ ան կրցաւ 10,000 հոգի սպաննել...
Զօրավար Տիտոսի հրամանով, Եփրատի կողմէն եկող բանակը սպաննեց Հրեաներու մէկ երրորդը եւ ոչ թէ աշխարհի մէկ երրորդը: Ասիկա պատերազմին աւարտը չէր: Յովհաննէս կ'ըսէ, թէ մնացեալ ժողովուրդը չապաշխարեց (Յյտ 9.20-21):
Յայտնութիւն 10-րդ գլուխին մէջ Յովհաննէս կ'ուտէ գիրքը - Յովհաննէս հրաման կը ստանայ յաջորդ հրեշտակին ըրածը չարձանագրելու: Յյտ 10.8-ին մէջ, ան պատուէր կը ստանայ, որ Աստուծոյ հրովարտակի գիրքը ուտէ, նման Եզ 2.10-ին: Յովհաննէս ալ համը քաղցր գտաւ երբ կերաւ, որովհետեւ Աստուծոյ Խօսքը այդպէս քաղցր է (Եզ 3.1-3: Յյտ 10.10): Բայց ատիկա դառնութիւն տուաւ ստամոքսին մէջ, որովհետեւ կը խօսէր դատաստանի մասին (Եզ 3.4: Յյտ 10.11):