Այս առակը կը խօսի թէ՛ հրապոյրի եւ թէ բաժանումի մասին: Աստուած իր մօտ կը քաշէ ամէն տեսակ մարդիկ՝ զանոնք թագաւորութեան միացնելու համար: Ապագային, պիտի կատարուի բաժնելու գործողութիւնը, բաժնելու համար չարը բարիէն (Մտ 13.49):

Հարսանիքի կանչուածներուն առակին մէջն ալ կը նկատենք, թէ շատեր հրաւիրուած են, բայց միայն ճիշդ կերպով հագածները կ’ընդունուին (Մտ 22.9-14):

Մտ 13.47–48-ին մէջ, Յիսուս կը պատմէ եօթներորդ եւ վերջին առակը՝ ուռկանին առակը: «Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը ծովը ձգուած ուռկանի մը նման է, որ ամէն տեսակ ձուկ կը ժողվէ: Երբ ուռկանը լեցուեցաւ, ցամաքը հանեցին ու նստան աղէկները ամաններու մէջ ժողվեցին եւ անշահը դուրս ձգեցին»:

Այս առակին մէջ, Յիսուս թագաւորութիւնը կը նմացնէ ուռկանի մը, զոր ձկնորսները կը գործածեն ձուկ բռնելու համար: Ասիկա կ'իմացնէ մեզի, թէ թագաւորութիւնը աշխարհի ծովուն մէջ կը գործէ՝ մարդիկը ազատելու համար:

Ուռկանը ծով կը ձգուի ձկնորսներուն միջոցաւ, իսկ Աստուծոյ թագաւորութիւնը՝ աշխարհի ծովուն մէջ, հաւատացեալներուն միջոցաւ:

Ուռկան՝ յունարէնով «սաղի՛նի» (σαγήνη, sagēnē) բառն է, որ մեծ ուռկանն է որուն երկու կողմերը նաւակներուն կապուած կ'ըլլան, իսկ մէկ կողմը ջուրին վրայ կը ծփայ: Երբ քիչ մը խորը հասնին, ձկնորսները ուռկանը կողմնակիօրէն կը ձգեն ջուրին մէջ եւ ապա ձուկերը ցամաքին եւ ուռկանին միջեւ կ'արգելափակեն: Ձկնորսները կամաց-կամաց ուռկանը կը քաշեն դէպի ցամաք եւ այդպիսով ամէն տեսակի ձուկ կը հաւաքեն ուռկանին մէջ:

Մեր կեդրոնացումը պիտի ըլլայ աշխարհի ծովուն մէջ լողացող մարդիկը երկինքի թագաւորութեան գիրկը բերելով՝ դէպի յաւիտենական ցամաքը տանիլ:

Ուռկանը կրնայ կազմուիլ քանի մը տեսակի դերձաններով, սակայն ամենակարեւոր բանը այն է, որ հիւսուածքը կ'ըլլայ դիմացկուն եւ զօրաւոր, եւ մանաւանդ՝ իրարու հաւասար չափով: Ուռկանին մէկ ծայրը միշտ կը ծփայ ջուրերուն վրայ:

Եկեղեցին որակաւոր ուռկանի մը նման կը գործէ: Եկեղեցւոյ դիմացկունութիւնը լաւ ուսուցումն ու Սուրբ Հոգիով լեցուն աշխատանքն է, Յիսուսի հաստատած հաւասարութիւնը (Մտ 3.1-3) եւ Սուրբ Հոգիին խաղաղութեան շաղկապը պահելով (Եփ 4.3): Եկեղեցին բնաւ չ’ընկղմիր, հապա միշտ իրմէ բաժին մը ջուրերուն վրայ կը ծփայ:

Հաւատացեալները ձկնորսներուն պէս կը գործակցին՝ թագաւորութեան ուռկանը միշտ բարձր պահելու համար: Եկեղեցին իր ուռկանը կրնայ երկարել մինչեւ այն ատեն որ զանիկա ծայրէն բռնող ունի:

Բաժանումը Աստուծոյ պատասխանատուութիւնն է: Եկեղեցիէն ներս իշխանութիւնը կը խրատէ, կը յորդորէ եւ պէտք եղած ատենը կը յանդիմանէ, սակայն վերջին դատաստանի օրը Տէրը կ'որոշէ, թէ ո՛վ ուր պիտի ըլլայ:

Նախորդ Հրապարակում Վախճանաբանութիւն - Դատաստանը Աստուծոյ Տունէն Սկսաւ (Յայտնութիւն Յովհաննու 7--10)
Յաջորդ Հրապարակում Վախճանաբանութիւն - Հրեաներուն Տաճարը Կը Կործանի (Յայտնութիւն Յովհաննու 11)