«Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի այն վաճառականին որ թանկագին մարգարիտներ կը փնտռէ» (Մտ 13.45 Ն.Թ.): Աստուած իր թագաւորութիւնը եւ զաւակներ ընտրելու ձեւը կը նմանցնէ մարգարիտի վաճառականի մը, որ կը փնտռէ մարգարիտ եւ ուրիշ բանով հետաքրքրուած չէ:
Մարգարիտը կը կազմուի Ոստրէին (Oyster կամ mollusk) Մէջ: Ոստրէն ծովուն մէջ ապրող փափուկ կենդանի մըն է, որ կարծր խեցիի մորթ ունի: Երբ օտար նիւթ (ինչպէս աւազի հատիկ մը) մը մտնէ անոր մէջ, զայն կը սկսի գրգռել եւ անոր մէջ բորբոքում յառաջացնել: Ինքզինքը պահպանելու համար, ոստրէն կը սկսի արտադրել բիւրեղանիւթ (crystalline) մաշկ մը այդ օտար տարրին շուրջ: Մօտ հինգ տարի ետք, այդ օտար տարրը մարգարիտի կը վերածուի: Խեցիի մորթը դուրսէն անարժէք կ'երեւի, բայց մարդիկ անոր մեծ արժէք կու տան, քանի որ իր մէջ շինուածը արժէքաւոր է:
Տէրը ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մարգարիտ կը փնտռէ եւ մինչ անիկա պատրաստուելու ընթացքին մէջն է, անոր կը սպասէ: Ան նկատի կ'առնէ, թէ մարգարիտը մէկ անգամէն յառաջ չի գար, հապա՝ կամաց-կամաց: Ան գիտէ, թէ մարդն ալ մարգարիտի նման կը կերտուի եւ թագաւորութեան համար կ'ըլլայ արժէքաւոր ներկայացուցիչ մը:
Մարդուն արժէքը հետզհետէ կ'աւելնայ, երբ կեանքի դժուար պայմաններուն դիմաց հաւատքով լուծում կ'ունենայ: Չ'արտօներ, որ դժուարութիւնը կամ որեւէ այլ բան գրգռէ կամ բորբոքէ իր ներսիդին:
Այս առակը տեսակաւոր բաներ կը սորվեցնէ.
- Կծծի չըլլալ - Կծծի մի՛ ըլլար՝ «Մարգարիտը ես պիտի շինեմ եւ ետքը ուրիշի՞ն պիտի տամ» ըսելով: Հապա ըսէ՝ «Այո՛, Աստուծոյ համար մարգարիտ կը շինեմ եւ կամ մարգարիտ ըլլալու համար կ'ապրիմ»:
- Ընկճուածութեան առիթ չտալ - Մի՛ արտօներ, որ աւազը, այսինքն՝ որեւէ պայման, քու մէջդ դժգոհութիւն արթնցնէ, հապա անմիջապէս հաւատքիդ բիւրեղանիւթ (crystalline) մաշկով պատէ զայն եւ շահի՛ր փորձառութիւն, համբերութիւն եւ տոկունութիւն, որպէսզի Սուրբ Հոգին Իր գերբնական սիրով լեցնէ քեզ (Հռ 5.3-5):
- Իսկական արժէքը ստանալ - Ոստրէն ջուրերուն մէջ անտեսուած վիճակ մը պիտի ունենար. միակ պատճառը, որ կը փնտռուի, իր մէջ մարգարիտ ունենալն է: Մի՛ փորձեր ձեռք բերել քու արժէքդ մարդկային ուժերով, հապա ձգտէ՛ ըլլալու մարգարիտ մը, որուն արժէքը որոշողը մարդը չէ (Հռ 2.29), հապա Ինքնին բոլորին Տէր Աստուածը:
Մարդը իր վիճակէն հանելու համար Աստուած Իր ամէնէն արժէքաւորը տուաւ (Յհ 3.16: Հռ 8.32 Ն.Թ.): Երբ դուն մարգարիտի նման կը պատրաստես քու անձդ, Տէրը պիտի մերժէ քեզ ձգել աշխարհի ջուրերուն մէջ, հապա պիտի վերցնէ եւ դնէ քեզ հոն, ուր քեզի կը վայելէ:
Ընդհանրապէս մարգարիտը կ'առնեն անոր փայլքը եւ գեղեցկութիւնը վայելելու համար: Եթէ Աստուած քեզ որպէս մարգարիտ գտնէ, պիտի առնէ եւ գործածէ քեզ Իր փառքին համար, մինչ դուն երկրի վրայ ես:
Մենք Աստուծոյ թագաւորութեան կողմէ ընտրուած մարգարիտներ ենք: Յիսուս Իր արիւնը թափեց մեզ գնելու համար: Այլեւս ծովուն յատակը գտնուող ոստրէ չես, հապա երկինքի թագաւորութիւնը ներկայացնող մարգարիտ մը:
Կեանքովդ պիտի ներկայացնես այդ պատմութիւնը. գտնուեցար արքայութեան կողմէ, գնուեցար արքայութեան զոհողութեան եւ փրկագործութեան ծրագիրին միջոցաւ եւ հիմա դուն ասոնք աշխարհին պիտի արտայայտես: