Եփ 6.12 - «[…] Մեր պատերազմը մարդոց հետ չէ, այլ՝ երկինքի տակ գտնուող չար ոգիներուն, իշխանութիւններուն եւ պետութիւն¬ներուն, այս խաւար աշխարհի տիրակալներուն դէմ» (շեշտադրումը՝ մեր կողմէ):
Խոստացուած Երկիրը Գրաւելու Պատրաստութիւն
Տիրոջ Խոստումները եւ Ուսուցումները
Խոստացուած երկիրը գրաւելու պատուէրին յաջողութիւնը պիտի գար Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդելէն:
- Անհնազանդութիւնը կը բերէ անէծք:
- Հնազանդութիւնը կը բերէ օրհնութիւն:
(Հմր 20-26) Շեշտ Հնազանդութեան Վրայ
(Հմր 20) «Ահա քու առջեւդ հրեշտակ մը կը ղրկեմ, որ ճամբուն մէջ քեզ պահպանէ ու իմ պատրաստած տեղս տանի քեզ»:
- Հրեշտակը կրնայ ըլլալ պահապանութիւն բերողը ինչպէս կը տեսնենք նաեւ Դն 12.1-ին մէջ՝ «Այն ժամանակ Միքայէլ մեծ իշխանը պիտի ելլէ, որ քու ժողովուրդիդ որդիներուն վրայ կենայ ու այնպիսի նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ, որուն նմանը ազգ ըլլալէն մինչեւ այդ ատեն եղած չէ եւ այն ժամանակ քու ժողովուրդդ պիտի ազատի, այսինքն ով որ գրքին մէջ գրուած գտնուի»:
- Կամ «հրեշտակ»ը կրնայ ակնարկութիւն ըլլալ Տիրոջ ներկայութեան՝ Անձամբ կամ Քրիստոսի մարմնաւորումին օրինակով: Ծն 24.7 - «Երկնքի Տէր Աստուածը, որ զիս իմ հօրս տունէն ու իմ ծննդեան երկրէս հանեց եւ որ խօսեցաւ ինծի ու երդում ըրաւ ինծի՝ ըսելով՝ “Այս երկիրը քու սերունդիդ պիտի տամ», անիկա իր հրեշտակը քու առջեւէդ պիտի ղրկէ ու դուն անկէ իմ որդիիս կին պիտի առնես”»: Ծն 24.27 - «Եւ ըսաւ. “Օրհնեալ ըլլայ իմ տիրոջս Աբրա-համին Տէր Աստուածը, որ իմ տէրս իր ողորմութենէն ու իր ճշմար¬տութենէն չզրկեց. քանի որ ես ճամբուն մէջ էի, Տէրը զիս իմ տիրոջս եղբայրներուն տունը առաջնորդեց”»: Տէրը կը խոստանայ առաջնորդել:
(Հմր 21) «Զգուշութեամբ անոր խօսքին մտիկ ըրէ, անոր անհնազանդ մի՛ ըլլար. վասն զի անիկա ձեր յանցանքը պիտի չներէ, քանզի իմ անունս անոր վրայ է»:
Տէրը կը թելադրէ, որ ժողովուրդը անհնազանդ չըլլայ հրեշտակին:
Այդ հրեշտակը, որ Տիրոջ «Եհովա» եւ «Էլոհիմ» անուններով կոչուած եւ ճանչցուած էր, մեղքը եւ յանցանքը չէր կրնար ընդունիլ, որովհետեւ զանոնք թշնամի կամ Սատանայ կը նկատէր:
- Հետեւաբար, Խօսքին հնազանդելով՝ ժողովուրդը պէտք էր մեղքը, յանցանքը եւ հոգեւոր թշնամին՝ Սատանան մէ՛կ թշնամի համարէր:
- Անհնազանդութիւն - Յանցանքը խիղճը կը ծանրացնէ: Հմմտ Եբր 10.22 - «Ուստի անկեղծ սրտով եւ վստա-հութեամբ լեցուն հաւատքով մօտենանք Աստուծոյ, մեր սիրտերը մաքրած՝ խղճմտանքը ծանրացնող յանցանքներէն եւ մեր մարմինները մաքուր ջուրով լուացած»:
- Եթէ Տիրոջ պէս մենք ալ կ'ուզենք թշնամին՝ Սատանան սխալ, սուտ, խաբեբայ եւ մեղաւոր տեսնել, պէտք է նախ մեր սիրտին մէջ Տիրոջ Խօսքին հնազանդելով՝ մեղքը եւ յանցանքը ատենք:
- Աղօթքը եւ Տիրոջ հետ խօսիլը քեզ կը զինեն: Դուն հետզհետէ կը զգաս, թէ Տիրոջ կամքին, փափաքին եւ Անոր համոզումներուն աւելի մօտ եւ զգայուն ես: Միւս կողմէ, կը զգաս, որ Սատանան եւ իր գործերը կը քողազերծուին եւ անոնց հանդէպ հակառակ կեցուածքը կը զօրանայ քու մէջդ:
- Այդ բոլորը կ'ըլլան, որովհետեւ զԻնք ընդունելէդ ետք հոգեւոր եղար: Եփ 2.1 - «Անցեալին դուք հոգեւորապէս մեռած էիք ձեր յանցանքներուն եւ մեղ¬քերուն հետեւանքով»:
- Բայց հիմա նոր արարած ես: Բ.Կր 5.17 - «Ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ՛ այն՝ ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ»:
- Եւ կարող ես ամէն բան քննելու: Ա.Կր 2.15-16 - «Իսկ Աստուծոյ Հոգին ունեցող մարդը ամէն ինչ կը քննէ, բայց ինք ոեւէ մէկէն չի քննուիր: 16Ահա թէ ինչու *Սուրբ գիրքը կ'ըսէ.- “Ո՞վ կրցաւ երբեք Տիրոջ միտքը կարդալ, որ կարենայ խորհուրդ տալ անոր”: Բայց մենք գիտե՛նք թէ Քրիստոս ինչ կը խորհի»:
(Հմր 22) «Բայց եթէ ուշադրութեամբ անոր խօսքին մտիկ ընես ու իմ բոլոր ըսածս կատարես, այն ատեն քու թշնամիներուդ թշնամի պիտի ըլլամ եւ քու հակառակորդներուդ՝ հակառակորդ»:
- Տիրոջ խօսքին ուշադրութեամբ մտիկ ընելը եւ անոր հնազանդիլը միջոցն է, որ Ան՝ Տէրը, թշնամիին հակառակ կենայ:
- Եթէ Անոր խօսքին ուշադրութիւն ընելուդ եւ անոր հնազանդելուդ իբրեւ արդիւնք Տէրը դէմ կը դնէ թշնամիին, ատիկա կը նշանակէ, թէ երբ Ան քու մէջդ է եւ քեզմով «կը կամենայ» (տե՛ս Փլպ 2.13), դո՛ւն ալ կը զգաս Անոր զգացածը, կամեցածը եւ կեցուածքը:
(Հմր 23) «Քանզի իմ հրեշտակս քու առջեւէդ պիտի երթայ եւ քեզ Ամօրհացիներուն ու Քետացիներուն եւ Փերազացիներուն ու Քանանացիներուն, Խեւացիներուն ու Յեբուսացիներուն պիտի տանի եւ ես պիտի ջարդեմ զանոնք»:
- Յիշուած երկիրները կը ներկայացնեն մեզի խոստացուած կեանքը անձնապէս Տիրոջ համար գրաւելու արգելքները:
- Մեղք, կիրք, ցանկութիւն, հիւանդութիւն եւլն. ներկայի օրինակներն են, որոնցմէ մարդ արարածը կը տառապի: Տէրը Ինք պիտի ջարդէ զանոնք մեր առջեւէն եթէ մենք ուշադրութեամբ հնազանդինք Իրեն:
(Հմր 24) «Անոնց աստուածներուն երկրպագութիւն կամ ծառայութիւն մի՛ ըներ ու անոնց ըրածին պէս մի՛ ըներ. հապա բոլորովին կործանէ՛ զանոնք ու կուռքերը բոլորովին կոտրտէ՛»:
- «Անոնց աստուածները» մարդուն կողմէ արժեւորուած ու պաշտուած այն բոլոր բաներն են, որոնցմէ մարդիկ շահ կ'ակնկալեն:
- Պատմել Լաս Վեկասի վկայութիւնը
Այդ պատուէրը տալով, Տէրը երեք բան կը թելադրէ.
- Երկրպագութիւն մի՛ ըներ անոնց:
- Ծառայութիւն մի՛ ըներ անոնց:
- Կործանէ՛ զանոնք ամբողջութեամբ:
Կոտրտէ՛ ու կործանէ՛ անոնց աստուածները եւ մի՛ երկրպագեր անոնց, որովհետեւ բոլորն ալ կտրուելիք եւ կործանուելիք բաներ են. մարդու գործ, դիւային հնարք:
(Հմր 25-26) «Ձեր Տէր Աստուածը պաշտեցէ՛ք ու ես ձեր հացն ու ջուրը պիտի օրհնեմ եւ ձեր մէջէն հիւանդութիւնը պիտի վերցնեմ: 26 Քու երկրիդ մէջ վիժող ու ամուլ պիտի չըլլայ: Քու օրերուդ թիւը պիտի շատցնեմ»:
- «[…] Ձեր Տէր Աստուածը պաշտեցէ՛ք […]» որ զօրաւոր կերպով Ինքզինք յայտնեց ձեզի (տե՛ս Ելք 20.22-23):
- Ճշմարիտ Աստուածը պաշտելը միջոց է ֆիզիքական պէտքերու հոգածութեան ալ: Ճշմարիտ Աստուածը պաշտելու իբրեւ արդիւնք.
- Հացն ու ջուրը կ'օրհնուին:
- Հիւանդութիւնները կը վերցուին:
- Երկրէն վիժումը եւ ամլութիւնը պիտի պակսին:
Խորհրդանիշներ.
- Հաց=Գործ, յաջողութիւն, եւլն.
- Ջուր=Կենսական ուժ եւ պէտք
- Երկար օրեր=Պատերազմի պակաս, գործի յաջողութիւն եւ առողջութիւն
(Հմր 27) «Իմ երկիւղս քու առջեւէդ պիտի ղրկեմ եւ պիտի կորսնցնեմ այն ժողովուրդը, որուն քով կ’երթաս ու քու բոլոր թշնամիներուդ կռնակը քեզի պիտի դարձնեմ»:
Տիրոջ երկիւղը բազմազան ձեւերով կը բացատրուի եւ կամ կը տիրէ: Անոնցմէ են.
- Տիրոջ սրբութիւնը ներկայացնելով
- Նախանձով Անոր կոչումին բռնուած ապրելով
Հմմտ Ծն 35.5-ին, Տիրոջ երկիւղը կը քալէ Յակոբի սերունդին հետ եւ հեռու կը պահէ թշնամիները անոնցմէ:
Անձդ Տիրոջ յանձնելով, Անոր առաջնորդութիւնը պիտի վայելես եւ թշնամիին կռնակը պիտի տեսնես (տե՛ս Սղ 56.9):
Երբ Տիրոջ երկիւղը քու առջեւէդ կ'երթայ, Անիկա քեզի առաջնորդութիւն կու տայ: Այսինքն՝ գերբնական պարգեւները կ'աշխատին կեանքիդ մէջ՝ գիտութեան խօսք, զանազանելու պարգեւներ եւլն.:
Երբ պարգեւները աշխատին, թշնամին կը տկարանայ:
(Հմր 29-30) «Անոնք քու առջեւէդ մէկ տարուան մէջ պիտի չվռնտեմ, որ չըլլայ թէ երկիրը ամայանայ ու դաշտին գազանները շատնան: 30Զանոնք քու առջեւէդ կամաց կամաց պիտի վռնտեմ, մինչեւ որ դուն բազմանաս ու երկիրը ժառանգես»:
- Երբ տեսնենք, թէ թշնամին տակաւին մեր շուրջն է, ատիկա չի նշանակեր, թէ ան զօրաւոր է կամ չէ պարտուած եւլն.: Մենք փորձենք մեր բաժինը ընել եւ պիտի տեսնենք, որ թշնամին եւ անոր գործերը Տիրոջ շնորհքով եւ սահմանուած ժամանակին պիտի հեռանան մեզմէ կամ ոչնչանան:
(Հմր 32-33) «Անոնց հետ ու անոնց աստուածներուն հետ ուխտ մի՛ ըներ: 33Քու երկրիդ մէջ թող չբնակին, որպէս զի քեզի մեղք գործել չտան ինծի դէմ. վասն զի եթէ անոնց աստուածները պաշտես, անշուշտ այն քեզի որոգայթ պիտի ըլլայ»:
Անոնց աստուածները կամ բոլոր աստուած սեպուած եւ պաշտուած բաները, մի՛ պաշտեր. դրամ, կիրք, մեղք, գողութիւն եւլն.:
- Մի՛ արտօներ, որ անոնք քու ընտրած կեանքի եւ ապրելակերպի սահմաններուդ մէջ բնակին:
Մեր թշնամին ոգեղէն է: Երբ անիկա կամ անոր գործերը սկսին երեւիլ մեր կեանքին մէջ, Տիրոջ պատուիրանները պահելով, անոր դէմ յաղթանակ պիտի ունենանք: Առաւել հետզհետէ մեր բարկութիւնը պիտի բորբոքի անոր բոլոր գործերուն դէմ, եւ ան պիտի հեռանայ մեր կեանքէն: